«Իզ»ը գնահատանքի արժանացաւ

Ընկեր Թա­տերա­խումբը, իր հիմ­նադրու­թեան 20-րդ տա­րեդար­ձին առի­թով բեմ վե­րադար­ձաւ «Իզ» (Հատք) անուն ներ­կա­յացու­մով։

Ահ­մեթ Սա­մի Էօզ­պուտա­քի հե­ղինա­կած «Իզ» ներ­կա­յաց­ման առա­ջին բե­մադ­րութիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ապ­րիլ 29-ին՝ Երեք­շաբթի երե­կոյեան Օր­թա­գիւ­ղի Թարգման­չաց Վար­ժա­րանի սրա­հին մէջ։ Արաս Նա­սի թէ՛ խա­ղացած եւ թէ՛ բե­մադ­րած «Իզ»ի կազ­մին մէջ կը գտնո­ւին Ար­տէն Աք­պաշ, Արէն Սաղ­պաշ, Արէն Սե­մեր­ճեան, Քլա­րա Սե­րա Ալ­թը­փար­մաք, Կա­րէն Նա­զարէ­թեան եւ Նա­տին Թաշ Մըղ­տըս։ Մէկ արա­րով, 85 վայրկեան տե­ւող տրա­մա ժան­րի ներ­կա­յացու­մը հան­դի­սատես­նե­րուն կող­մէ գնա­հատան­քով դի­մաւո­րուե­ցաւ։

Ներ­կա­յացու­մը կը պատ­մէ 1950-ական թո­ւական­նե­րուն ապ­րած եւ Սեպ­տեմբեր 6-7-ի դէպ­քե­րուն ըն­թացքին իրենց տու­նե­րը լքե­լու հար­կադրո­ւած յոյն քոյ­րեր Մար­քի­զի եւ Էլէ­նիի, 1980-ական թո­ւական­նե­րուն Սեպ­տեմբեր 12-ի դէպ­քե­րէն ետք փախ­չե­լու հա­մար Թար­լա­պաշիի մէջ նոյն տու­նը վար­ձա­կալող Ահ­մէ­տի եւ անոր սեւ­ծո­վեան տան­տէր Թուրկութ Ուսթա­յի, 2000-ական թո­ւական­նե­րուն նոյն տան մէջ ապ­րող միասե­ռական Սե­վեն­կիւլի եւ անոր սի­րեցեալ Ռիզ­կա­րի տան մէջ ձգած հետ­քերն ու պատ­մութիւննե­րը։

Ներ­կա­յաց­ման աւար­տին խօսք առ­նող Արաս Նաս շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնեց հիւ­րընկա­լու­թեան հա­մար Օր­թա­գիւ­ղի Սուրբ Աս­տո­ւածա­ծին Եկե­ղեց­ւոյ թա­ղակա­նու­թեան եւ Թարգման­չաց Վար­ժա­րանին, ներ­կա­յաց­ման հե­ղինակ Ահ­մէտ Սա­մի Էօզ­պուտա­քին եւ իր խումբի ըն­կերնե­րուն։ Էօզ­պուտաք իր խօս­քին մէջ նշեց, որ գնա­հատան­քով դի­տած է ներ­կա­յացու­մը, իսկ Օր­թա­գիւ­ղի թա­ղակա­նու­թե­նէն Ար­ման Քո­չաք յայտնեց, որ պի­տի շա­րու­նա­կեն աջակ­ցիլ մշա­կոյ­թին եւ արո­ւես­տին։

Ըն­կեր Թա­տերա­խումբի կող­մէ Էօզ­պուտա­քին եւ Օր­թա­գիւ­ղի թա­ղակա­նու­թեան շնոր­հա­կալա­գիրեր տրո­ւեցան։ Ներ­կա­յացու­մէն ետք Օր­թա­գիւ­ղի Եկե­ղեց­ւոյ սրա­հին մէջ հիւ­րա­սիրու­թիւն տե­ղի ու­նե­ցաւ։

«Իզ»ը Թարգման­չաց Վար­ժա­րանի բե­մին վրայ պի­տի ներ­կա­յացո­ւի Մա­յիս 5, 8, 13, 22, 24 եւ 29 թո­ւական­նե­րուն։ Ներ­կա­յաց­ման հրա­ւիրա­տոմ­սե­րու հա­մար կրնաք կապ հաս­տա­տել Արաս Նա­սի (0535 556 87 91) եւ Նա­տին Թաշ Մըղ­տը­սի (0536 251 02 19) հետ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ