ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Ուրիշ

Հայը ուրիշ է

Քանի-քանի բառեր այս սիւնակի մէջ յայտնուեցան իրենց արմատով, ճիւղերով եւ գրական հիւթեղարտայայտութիւններով: Բառերու այդ բազմութեան մէջ, յարգելի ընթերցող, մտածեցի, թէ պէտք է գրելբոլորովին ուրիշ նիւթ մը: Իսկոյն որոշեցի ուրիշներուն չնմանող «ուրիշ» բառի պատմութիւնը գրի առնել: Կասկած չկար: Այդ բառը ուրիշ էր: Չէ՞, որ հայու համար մամայի եփածը ուրիշ է, մենք՝ թէպէտ եւ եմք ածուփոքր, բայց ուրիշ ազգ ենք, մեր աստղը բոլորովին ուրիշ է, չի նմանիր երկնի միւս աստղերուն եւ, եւ ըստմեր ազգային առասպելի՝ կարծես ուրիշ ձեռք մը զանի վառեր ու հոն դրեր է մեզի համար: Ուստի, գիշերային այս խաղաղ ժամուն, երբ չունինք ընելիք ուրիշ բան, վայելենք «ուրիշ» մակբայի պատմութիւնըեւ հասկնանք, թէ ինչո՛ւ հայու ծիծաղներն են ուրիշ, արցունքներն են ուրիշ, ուրիշ խօսքով՝ հայը ուրիշ է։

Բառին «որիշ» արմատները

«Ուրիշ»ի արմատներու մէջ կայ այժմ ժամանակավրէպ բառ մը՝ «որիշ»։ Գրաբարեան այս բառը կը կազմէընտանիք մը, որուն անդամներն են՝ որուշ, ուրուշ, որոշ, որոշել։ Վերջինը կը նշանակէ «զատել, սահմանել», հետեւաբար «որիշ» կամ «ուրիշ» բառի բուն իմաստն է՝ զատուած, սահմանուած: Հայկականհնագոյն մատենագրութեան մէջ յաճախ գործածուեր է «որիշ-որիշ» (այլ եւ այլ, տեսակ-տեսակ) արտայայտութիւնը։ Այժմ ձեզի կը ներկայացնեմ հին ժամանակներու մատենագրական ճաշակը, ուր բառսմինչեւ 1700-ներ պահեր է իր հնագոյն ձեւը, գոյակցելով իր երկուորեակ «ուրիշ»ի հետ… «Որիշ մեղացն», Կոմիտաս Աղցեցի, 600, «Որիշ որիշ վաճառեալովս», Անանիա Շիրակացի, 650, «Որիշ յաշխարհէ», «Գործարասցէ ուրիշ», Ներսէս Լամբրոնացի, 1190, «Որիշ բնութիւն», Մխիթար Գօշ, 1200, «Որիշ վանքերսքանչելագործ», Սիմէոն Լեհացի, 1600։ Նկատեցի՞ք, թէ որեւէ մէջբերում չկայ Աստուածաշունչ մատեանէ։Պատճառն այն է, որ Սուրբ Գիրքի թարգմանիչները, «ուրիշ»բառի տեղ, 2308 անգամ գործածեր են «այլ» բառը: Ուրիշ անգամ կը գրեմ նաեւ «այլ» բառի ոդիսականը։

Սա ուրիշ բան

«Ուրիշ» բառը ծնունդ տուաւ տեսակ-տեսակ պատկերալից արտայայտութիւններու, որոնք սրամիտօրէնկը խօսին ըներային մեր կենցաղի մասին։ Հայը երբեմն ուրիշի երգը կ’երգէ, ուրիշ լեզուով կը խօսի, ուրիշաչքով կը նայի, չ’ուզէր ուրիշի հացը ուտել, ուրիշի ապուրին աղ դնել, կամ ուրիշի խօսքով շարժիլ, բայցգիտէ ուրիշի ձեռքով կրակէն շագանակ հանել։ «Ուրիշ» բառը յարմար եկաւ նաեւ հիացմունքարտայայտելու համար. «Սանամի աղջիկն ուրիշ էր», գրեց Օշական թաղուած արձակագիր եւգրականագէտ Խաժակ Գիւլնազարեանը 1970-ականներուն:

«Իւրիւշ» պատմութիւն մը

«Ուրիշ» բառը հայկական գաւառներու մէջ հնչեց այլ եւ այլ ձեւերով։ Եթէ ճամբորդէք Հաւրա, Խարբերդ, կամ Նոր Նախիջեւան՝ բառը «ուրուշ» էր, Վանայ լիճէն հարաւարեւմուտք, Մոկք գաւառի մէջ՝ «հիւրիշ», Վանի եւ Շամախի մէջ՝ «իւրիւշ», Գորիսի մէջ՝ «օ՚րիշ», իսկ Արցախի մէջ՝ «էօ՚րիշ»։ Շնորհակալ ըլլանք նաեւՀամշէնցի մեր ազգակից եղբայրներուն: Անոնք բառս վերածեր են բայի՝ «ուրիշել», այսինքն հատեղէններըընտրել, քարերը զատել:

«Չկայ ուրիշ»

Հայկական քնարերգութեան մէջ կարծես ուրիշ փայլ մը առաւ բառս ճիշդ այն օրը, երբ ԳրիգորԼուսաւորիչը իր ձեռքով, ըստ Վահան Թէքէեանի, մեզի համար վառեց Արագածի կանթեղը. «Ան կը շողայառանձին, այնքան անջատ միւսներէն, / Որ ուրիշ ձեռք մը կարծես զանի վառեց գաղտնօրէն»։ Թէքէեանիերկրորդ «ուրիշը» յայտնուեցաւ 1926 թուականին, այն լուռ գիշերը, երբ բանաստեղծը հաշուեյարդարինստեցաւ իր կեանքի հետ. «Ի՜նչ մնաց. կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց. / Ինչ որ տուի ուրիշին. տարօրինա՜կ, ա՚յնմնաց»։ Դանիէլ Վարուժանը, կեանքի հարուածներէն ցնցուած, յուսահատ, գրեց. «Բա՜ւ է. բա՜ւ է… / Թէմարդէն, թէ օրէնքէն, / Ուրիշ յոյսի մ՚յոյս չունիմ»։ Ինտրան, որ ունէր խոր ներաշխարհ, բայց ո՛չ պայքարելուոյժ՝ 1904 թուականին, Դեկտեմբեր ամսոյն ցուրտի մէջ, վհատելով աշխարհի ունայնութենէ, մտածեց նոճիդառնալ ու հաղորդուիլ Անդրաշխարհի հետ. «… կը սպասեմ / Որ մեռնելով՝ ես ալ դառնա՜մ նոճ մ’ուրիշ»։Հասկցանք, թէ բառս գաղտնապահ է նաեւ, երբ կարդացինք Ժագ Սայապալեանի տողերը. «Մտերիմներէսանգամ գաղտնի պահած էի ասիկա։ Բաներ կան որք միայն քրոջ մը կրնան ըսուիլ։ Ուրիշ մը թերեւս պիտիչհասկնար զիս»: Մինչ Եղիշէ Չարենցը, որ գաղափարախօսական բոլորովին տարբեր ճանապարհ բռնածէր «ուրիշ» բառով երգեց ազգային պատկանելիութեան հպարտութիւնը. «Իմ կարօտած սրտի համար ո՛չմի ուրիշ հէքիաթ չկայ…», իսկ եթէ իր առաքելութիւնը մնար անաւարտ՝ «Ուրիշ աշուղ կ՚ասէ աշխարհիխաղը, ինչ որ ես չեմ ասէ նա կ՚ասի վաղը»։ Նուաղած, դալուկ քերթողներու դարաշրջանին, հայըհարկադրուեցաւ ուրիշ լեզուով խօսելու։ Աւետիք Իսահակեանը, 1905 թուականին Կիւմրի քաղաքի մէջ, խօսեցաւ ա՛յդ ճշմարտութեան մասին. «Տէր կամ ստրուկ պիտի լինիս, / Ճշմարտութիւն չկայ ուրիշ… Լուծկամ լծկան պիտի լինիս, / Ճշմարտութիւն չկայ ուրիշ… Մո՛ւրճ կամ զնդա՛ն պիտի լինիս. / Ճշմարտութիւնչկայ ուրիշ»։

«Դու ուրիշինն ես»

20-ամեայ Միսաք Մեծարենցը, այդպէս չէ՞, երգեց ուրիշ սէր մը. «Մեռելոց» քերթուածի մէջ տղան ըսաւ. «Գարուն մըն էր, եւ համբոյրով մը բացուած / Դամասկեա՜ն վարդ, գինով արփին գաղջ գոլէն, / Նուաղեցաւուրիշ սէր մը»: Մեծարենցի «Ծիածան» եւ «Նոր Տաղեր» գիրքերու հրատարակութենէն յետոյ Թիֆլիսի մէջլոյս կը տեսնէր Վահան Տէրեանի «Մթնշաղի անուրջներ» ժողովածուն։ Բանաստեղծը այդ գիրքի թախծոտեւ մելամաղձոտ էջերուն մէջ, հակառակ իր տանջանքին, հակառակ իր հիւծող մարմնին, երազեց յոյս մը. «Հեռու երկրի լուսէ հովտում / Օրերն ուրիշ երգ են հիւսում… / Ուրիշ արեւի փայլ / Ծաւալում է անանցհանգիստ»։ Տէրեանը վառ պահեց մէկ այլ կեանքի եւ սիրոյ յոյսը. «Կը զգամ համբոյրը ուրիշ օրերի… Դուիջնում ես որպէս յուշ, որպէս ուրիշ կեանքի լոյս»։ Իսկ ինչպէ՞ս ընտրել կատարեալ ուրիշը՝ նմաններու մէջ. Զարեհ Խրախունին «Կաթիլներ» քերթուածի մէջ բացատրեց. «Ջուրի կաթիլ մը կը սահի կը հանդիպիուրիշի մը ու / կ՚ըսէ / Գիտե՞ս ինչ բան / Քու մէջդ ինչ բան ամենէն շատ / Ամենէն շատ կը սիրեմ / Դուն ոչմէկուն եւ ոչ մէկուն կը նմանիս»։ Խրախունիի գրչընկեր Զահրատը «Լաց» բանաստեղծութեան մէջ ըսաւ, թէ ինք չուզեց «ուրիշներէ վեր» ըլլալ, փափաքեցաւ «ուրիշներու հետ» եւ «ուրիշներուն պէս» մնալ եւ«ուրիշներէն վար»՝ միշտ լացաւ «ուրիշին համար»։ Իսկ Պարոյր Սեւակը, օր մը հասկցաւ, թէ խաբուած է ուգրի առաւ սիրոյ բազմաթիւ խօսքեր. «Դու ուրիշինն ես / Ա՜խ, դու այդ ինչպէ՞ս ես ուրիշինը եղել», «Եսուրիշին եմ պատկանում», «Դու ուրիշ ես», «Հիանալ ես ուզում, ուրիշ ոչի՛նչ…»: Սեւակը բառիս տուաւ նաեւազգային գոյն մը: Ան նկարագրեց՝ հայը. «Մենք քիչ ենք: սակայն մեզ հայ են ասում / Պարզապէս մերբախտն ուրիշ է եղել‚- / Երբ եղել ենք շատ / Ու եղել կանգուն: / Դարձեա՛լ չենք ճնշել մէկ ուրիշ ազգի…: / Եւգիտենք նաեւ մեզ կրքոտ սիրել: / Բայց ուրիշներին մի՜շտ էլ յարգելով...»:

«Ախր, ուրիշ տեղեր»

Հայը ինչո՞ւ է այսպէս,- հարց տուած էի ես, ինքնագոհ, ինքնաբաւ եւ ինքնամփոփ՝ ան կ՚արհամարհէ ուրիշաշխարհներ՝ իր երկիրը կը վերածէ պաշտամունքի առարկայի։ Պատասխանս գտայ Համօ Սահեանիբանատողերու մէջ. «Ախր ես ինչպէ՞ս ուրիշ տեղ մնամ։ / Ախր ուրիշ տեղ հայրեններ չկան, / Ախր ուրիշտեղ հորովել չկայ… / Ախր ուրիշ տեղ / Հողի մէջ այսքան օրհնութիւն չկայ»։

Սայաթը ուրիշ է

Սայաթ Նովայի երգարուեստը ուրիշ աշխարհ է։ Անոր երգերու մէջ յարգելի ընթերցող, դուք կը լսէքիմաստութիւն եւ սէր: Այժմ ականջ տանք սայաթեան քանի մը գոհարին. «Իմ ջուրն ուրիշ ջրէն է», «Իմ գիրնուրիշ գրէն է», «Քու տուածն ուրիշ դիղ է, ո՛ւրիշ դիղ», «Աղաչում իմ, ուրիշ ճար ու դիղ չունիմ», «Է'լ քուբաղին մտիկ արա, ուրիշ բաղեն վարթ չին տա քիզ», «Դուն ուրիշ խիալ (միտք) մի անի, / Ռահմ արա, հոքիսմի հանի»: Ունինք նաեւ այնպիսի սիրային երգեր, ուր «ուրիշը» վտանգ է, չար է. «Ինչո՞ւ համար խռովել է, / Գուցէ ճամբին մոլորուել է, / Կամ թէ ուրիշին սիրել է», Գուսան Աշոտ, «Ես սիրեցի, ուրիշն առաւ», Կոմիտաս։ Բայց Թաթուլ Ալթունեանի «Քա դե՚ եսիմ» կատակերգի մէջ աղջիկը կ’ուզէր, երանի՜, որյայտնուէր մէկ ուրիշը. «Ընկերուհի. Աղջի՛, ինչի՞ մարդ չես առնի։ Աղջիկ. Քա դէ՚ եսիմ, եսիմ, եսիմ. Մէկըուզեց, ես չհաւնայ, / Ուրիշ ուզող հըլա չկայ»։ Իսկ այսօր մեր Հանրապետութեան մէջ կը հնչեն նոյն սէրըերգող ուրիշ մեղեդիներ: Ահա քանի մը հատը. «Մի ուրիշ մոլորակ», «Դու իմ ուրիշն ես», «Ես ու դու ուրիշենք», «Ուրիշ աչեր, ուրիշ հոգի», «Մի ուրիշ սէր»:

Ուրիշը չպատմէ մեր

պատմութիւնը

Այսօր, յարգելի ընթերցող մտածեցինք «ուրիշ» բաներ: Եւ լաւ էր, որ մեզի պատկանող «ուրիշ» սէրերու, առասպելներու մասին խօսեցանք, այլապէս՝ «Դեւանիկ», «Վերջին բնակիչը» եւ «Դրախտի դարպասը» շարժանկարներով յայտնի բեմադրիչ Ճիւան Աւետիսեանի խօսքով՝ «Պէտք է փորձենք մեր պատմութիւնըմենք պատմենք, ինքներս պատմենք, չթողենք ուրիշը պատմի»: