ԲԱՐՌԵՍԻԱԲԱՐ

ԲԱՐՌԵՍԻԱԲԱՐ

Քոնիա Էրէկլիէն Պոլիս. եաեայիս պատմութիւնը

Իր պսակին էր, որ եաեաս առաջին անգամ մտաւ եկեղեցի, եւ այդ ալ իր հարսանեկան հագուստով։ Ան շատ հմայուած էր եկեղեցւոյ շքեղութեամբ, որ նոյնիսկ տարիներ անց աչքերը նոյն հիացմունքով կը փայլէր ամէն անգամ, որ այդ օրուան մասին խօսէր։ Այնուամենայնիւ, որքան որ ալ հմայուած էր, ան իր աչքերը միշտ վար պահած էր հարսանիքին ատեն, որպէսզի հրաւիրեալները չըսէին, թէ «հարսը անատոլիայէն է, այնպէս մը կը նայի կարծես թէ բան մը չէ տեսած»։ Անթիւ պատմութիւններուն մէջէն թերեւս այս մէկը զիս շատ կը յուզէ։

ՏԵՆՉԱ ՏԵՂԻՐՄԷՆՃԻ

Բարռեսիա Գոլէքթիվի «Քով-քովի» հանդիպումներուն քանի մը նիստեր տրամադրեցինք մեզի երկու սերունդ նախորդող կիներու։ Ամէն անգամ տարբեր, բայց եւ այնպէս նոյնանման պատմութիւններ լսեցինք իրարմէ։ Երբեմն պատմութիւնները կը հասնէին քաղցրահամ խորհուրդներու, երբեմն ալ՝ պատերազմի կամ գաղթի մէջէն անցած կեանքի։ Ես բախտաւոր եմ, որ ճանչցած եմ զոյգ մեծ ծնողներս եւ այս պատճառով «Քով-քովի»-ի հանդիպումները զիս մղեցին վերատեսութեան ենթարկելու անոնց պատմածները եւ խորապէս հասկնալու զանոնք։ 

Այսօր ձեզի հետ կ՚ուզեմ բաժնեկցիլ Բագրա եաեայիս (մեծ մամայիս) պատմութիւնը, որ Քոնիա Էրէկլիէն Պոլիս կ՚երկարի։ Ան այս ճանապարհորդութիւնը առասպել պատմելու նման կը փոխանցէր ինծի՝ կերակրած, քնացուցած կամ զիս զբաղեցնելու ժամանակներուն։

Եաեաս ծնած է Քոնիա Էրէկլի, 1940-ականներուն։ Ան հինգ զաւակներու միջնեկն է։ Անատոլիական միւս շրջաններէն նուազ թիւով հայերով բնակուած Էրէկլիի խաղաղ կեանքին մասին կը խօսէր ան ինծի։ Եաեաս կ՚ըսէր, որ անոնք պահած էին հայկական բոլոր սովորութիւնները եւ մեծ խանդավառութեամբ կը նշէին տօները։ Կը պատմէր, թէ ինչպէս սոխի կեղեւներով հաւկիթ կը ներկէին եւ, հակառակ ծովեզերեայ քաղաք մը չըլլալուն, խթման գիշեր ձուկ կ՚ուտէին։

Այս բոլորին մէջ զիս ամէնէն շատ յուզողը մկրտութեան պատմութիւնն էր։ Նկատի ունենալով, որ Էրէկլիի մէջ հայկական եկեղեցի մը չկար 1940-ականներուն, եաեայիս հայրը՝ Արթինը, Կեսարիայէն տէր հայր մը կը բերէր մկրտութեան համար։ Այդ օրը, բոլոր չմկրտուած փոքրիկները կը հաւաքէին մէկ տան մէջ, ամուր կը քաշէին վարագոյրները եւ քար լռութեան մէջ, առանց որեւէ մէկուն լսելի ըլլալու, բոլորը միասին կը մկրտէին։ Այսպէ՛ս մկրտուած է եաեաս, 7 տարեկանին։

Թուրքիոյ հանրապետական տարիներուն, Քոնիա Էրէկլիի մէջ ո՛չ հայկական եկեղեցի ո՛չ ալ հայկական վարժարան մնացած էր. ասոր հետեւանքով եաեաս հայերէն չսորվեցաւ։ Իւրաքանչիւր զրոյցի ընթացքին, խորապէս կը զգայի այս բացակայութեան ձգած տխրութիւնը անոր վրայ։

Սակայն իր հօր ժամանակին իրավիճակը տարբեր էր։ Շրջակայ թաղամասերուն մէջ կային երկու հայկական դպրոցներ եւ եկեղեցի մը։ Իր հայրը աշակերտած էր այդ դպրոցներէն մէկուն. եաեայիս՝ ինծի ցոյց տուած լուսանկարներուն ետին իր հայրը հայերէն տառերով թրքերէն տողեր ձգած է։ Եաեաս ծանրօրէն կը տանէր իր մայրենի լեզուն սորված չըլլալը, այս պատճառով ալ հայկական վարժարան յաճախելս եւ հայերէն խօսիլս հպարտութեամբ ու մեծ սիրով կը վայելէր։

Եաեաս փոքր տարիքէն տենչանք ունեցած է ուսանելու։ «Եթէ Պոլիս ծնած ըլլայի, վերահատ կ՚ըլլայի», կ՚ըսէր միշտ։ Զինք լաւ ճանչնալով, կը վստահեցնեմ, որ իսկապէս ալ այդպէս կ՚ըլլար։ Դժբախտաբար, հակառակ փափաքին, միայն կարողցած էր նախակրթարանը աւարտել։ Այդ ժամանակ, Պոլիսէն դուրս ապրողներու համար թէ՛ հայ, թէ՛ կին ըլլալը գրեթէ անկարելի կը դարձնէր անոնց միջնակարգի ուսում ստանալը։ Նոյնիսկ եաեայիս աւագ եղբայրը, տան միակ տղայ զաւակը, դժուարութիւններ ունեցաւ միջնակարգ վարժարանի մէջ եւ ի վերջոյ ստիպուած եղած է լքել ուսումը։

Այս սահմանափակումները մորթին վրայ զգացած անձ մը ըլլալով, եաեաս յատուկ ուշադրութիւն կ՚ընծայէր ուսումիս։ Ուսման տուած իր արժէքն ու վճռակամութիւնը եղան ինծի փոխանցած ամէնէն թանկագին ժառանգները։ Կեանքին ընթացքին ինծի բնաւ առտնին գործեր չսորվեցուց. ան կ՚ուզէր, որ միշտ դասերուս կեդրոնանամ։ Մինչեւ օրս, ամէն անգամ որ դասերով ծանրաբեռնուած զգամ, կը յիշեմ եաեաս եւ իր խրատները. խորապէս երախտապարտ կը զգամ այս առիթին համար։ 

Իր պսակին էր, որ եաեաս առաջին անգամ մտաւ եկեղեցի, եւ այդ ալ իր հարսանեկան հագուստով։Եաեայիս Էրէկլիի կեանքը իր աւարտին հասաւ, երբ 17 տարեկանին պսակցուեցաւ մեծ հօրս հետ եւ Պոլիս փոխադրուեցաւ։ Այն ժամանակ, հայ ընտանիքները իրենց աղջիկ զաւակները կանուխ տարիքէն կը կարգէին հայ տղամարդոց, որպէսզի պաշտպան ունենան։ Ահա թէ ինչպէս եաեաս պսակուեցաւ եւ կեանքին մէջ առաջին անգամ ըլլալով Պոլիս եկաւ՝ իր սեփական պսակի արարողութեան։ 

Իր պսակին էր, որ եաեաս առաջին անգամ մտաւ եկեղեցի, եւ այդ ալ իր հարսանեկան հագուստով։ Ան շատ հմայուած էր եկեղեցւոյ շքեղութեամբ, որ նոյնիսկ տարիներ անց աչքերը նոյն հիացմունքով կը փայլէր ամէն անգամ, որ այդ օրուան մասին խօսէր։ Այնուամենայնիւ, որքան որ ալ հմայուած էր, ան իր աչքերը միշտ վար պահած էր հարսանիքին ատեն, որպէսզի հրաւիրեալները չըսէին, թէ «հարսը անատոլիայէն է, այնպէս մը կը նայի կարծես թէ բան մը չէ տեսած»։ Անթիւ պատմութիւններուն մէջէն թերեւս այս մէկը զիս շատ կը յուզէ։

Պսակուելէն ետք, եաեայիս մեծագոյն երազը եղած է ունենալ աղջիկ զաւակ մը, որուն պիտի տար ունենալ չկարողացած իր՚ բոլոր առիթները։ Բայց նախ ան ծնաւ երկու տղայ զաւակ, ապա երկու տղայ թոռներ, մինչեւ որ վերջապէս՝ ես ծնայ։ Թերեւս անոր համար ալ իմ ամբողջ ձեռքբերումներս, քայլերս իրեն համար բոլորովին այլ նշանակութիւն ունէին։ Միասին անցուցած 17 տարիներուս ընթացքին եաեաս ուրախ էր մեծնալս տեսնելով։ Ես ուժ գտայ իր պատմութիւնները լսելով։ Զինք ուրախացնելով ես կ՚ուրախանայի։

Այսօր, երբ կը մօտենանք եաեայիս մահուան չորրորդ տարելիցին, անոր պատմութիւնները ձեզի հետ բաժնեկցիլը սիրտս աննկարագրելի ուրախութեամբ եւ խոր խաղաղութեամբ կը լիացնէ։ 

(թարգմանեց՝ Արազ Գոճայեան)