Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան- Ինստիտուտի կազմակերպած «Մէկ Դար Հայոց Ցեղասպանութեան Ուսումնասիրութիւններ - Ժառանգութիւն, Մարտահրաւէրներ եւ Ապագայ» խորագրով գիտաժողովը տեղի ունեցաւ Մայիս 29-էն մինչեւ 31-ը Երեւանի մէջ: Տարբեր երկիրներէ 51 մասնակիցներ, 10 նիստերու մէջ քննարկեցին Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւններուն անցեալը, ներկան եւ ապագան:
Գիտաժողովի ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարանի Ինստիտուտի տնօրէն Դոկտ. Էտիտա Կզոյեանի կողմէ Ճէյմս Պրայս մրցանակը շնորհուեցաւ Ռայմընտ Յ. Գէորգեանին, Տավիթ Կաունթին եւ Մեհմետ Փոլաթէլին՝ Հայոց ցեղասպանութեան հետազօտութեան եւ ճանաչման ուղղութեամբ իրենց ներդրումներուն համար: