ԲԱՐՌԵՍԻԱԲԱՐ

ԲԱՐՌԵՍԻԱԲԱՐ

Սպասում

Արէգ Խաչիկեան ծնած է 1895-ին, Խնուսի (ներկայիս՝ Հընըս) Խաչալոյս գիւղին մէջ։ Յարգուած ընտանիքի զաւակ եւ գիւղի վարժարանի փայլուն աշակերտներէն էր։ Փոքր հասակին նշանուած էր բարեկեցիկ ընտանիքի մը զաւակի հետ. սակայն ճակատագրի բերումով, դժբախտ պատահար մը զինք հաշմանդամ դարձուց, եւ այդ պատճառ դարձաւ, որ այն լաւ ընտանիքը վերատեսութեան ենթարկէ ամուսնութեան որոշումը։ Բարեբախտաբար, Սագո անունով ազնիւ տղայ մը, աղքատ ընտանիքի մը զաւակ, քայլ առաւ եւ համաձայնեցաւ պսակուիլ Արէգին հետ։ 1915-ին, ժանտարմները սպաննեցին Սագոն՝ գլխատելով զայն եւ անոնց երկու փոքրիկ տղաքը։

ՍԻՒԶԱՆ ԱՐՓԱՃԵԱՆ ՃՈԼԻ

Այս շաբթուան սիւնակին մէջ ձեզի կը ներկայացնենք Միացեալ Նահանգներէն Սիւզան Արփաճեան Ճոլիին գրութիւնը՝ իր մեծ մօր մասին։ Բարռեսիա Գոլէքթիվը իր «Քով-քովի» հանդիպումներուն ընթացքին որոշ ժամանակ մը արծարծեց մեծ մամաներու դերակատարութիւնը։ Մեր անդամներու գրութիւններէն ետք, պատիւ ունեցանք ստանալ Սիւզան Արփաճեան Ճոլիի գրութիւնը, զոր կը կիսենք ձեզի հետ։ Գրութեան անգլերէն բնաբանը կրնաք կարդալ Ակօսի անգլերէն լեզուով կայքին վրայ։ Բարռեսիա Գոլէքթիվի անունով կու գանք շնորհակալութիւն յայտնելու Սիւզան Արփաճեան Ճոլիին այս գրութեան համար։

Տանս գրասենեակին պատէն կախուած է մօրենական մեծ մօրս՝ Արէգ Զաքարեանի դիմանկարը՝ գծագրուած իր դստեր՝ Մարի մօրաքրոջս կողմէն։ Եղբայրս ու ես շատ լաւ կը յիշենք մեծ մօրս առած դիրքը գծանկարին մէջ՝ անոր ակնասեւեռումը պատուհանի ապակիէն անդին, կզակը քիչ մը վեր, կոպերը ծանր եւ շրթները՝ կեանքին ընթացքին յաճախ չպատմուած սուգ մը արտայայտող։ Գծագրութեան մէջ, անոր հագուստները կ՚արտացոլան գոյները իր տան, որուն,- ինչպէս օր մը եղբայրս պատերուն վրայ գրեց,- «պատերը վիշտ կը շնչէին»։ Ասիկա մեր մեծ ծնողներուն տունն էր Ֆիլատելֆիոյ մէջ, որուն առջեւէն փոխադրակառքեր կ՚անցնէին, անցնորդներ կը քալէին եւ կեանքը կը շարունակուէր՝ անգիտակ այդ ապակիին ետեւ գտնուող կնոջմէն, որ բռնուած էր հեռաւոր աշխարհի եւ իր վերապրած ցեղասպանութեան անխուսափելի յուշերու մէջ։ Այս դիմանկարը Մարի մօրաքրոջս գծած իր մօր բազմաթիւ նկարներէն ամէնէն տպաւորիչը չէ, բայց, հաւանաբար, անոր կեանքի ամէնէն խորհրդանշականն է՝ ութ տարի շարունակ արեան ու ոսկորներու անապատի մէջ թափառելէ ետք 1923 թուականին Ամերիկայի մէջ վերջապէս ապաստան գտնելուն առաջն ու յետոն։ 

Արէգ Խաչիկեան ծնած է 1895-ին, Խնուսի (ներկայիս՝ Հընըս) Խաչալոյս գիւղին մէջ։ Յարգուած ընտանիքի զաւակ եւ գիւղի վարժարանի փայլուն աշակերտներէն էր։ Փոքր հասակին նշանուած էր բարեկեցիկ ընտանիքի մը զաւակի հետ. սակայն ճակատագրի բերումով, դժբախտ պատահար մը զինք հաշմանդամ դարձուց, եւ այդ պատճառ դարձաւ, որ այն լաւ ընտանիքը վերատեսութեան ենթարկէ ամուսնութեան որոշումը։ Բարեբախտաբար, Սագո անունով ազնիւ տղայ մը, աղքատ ընտանիքի մը զաւակ, քայլ առաւ եւ համաձայնեցաւ պսակուիլ Արէգին հետ։ 1915-ին, ժանտարմները սպաննեցին Սագոն՝ գլխատելով զայն եւ անոնց երկու փոքրիկ տղաքը։

Արէգը այդ արհաւիրքի մանրամասնութեանց մասին միայն մէկ անգամ խօսած է, տարիներ անց, երբ Ֆիլատելֆիա էր, սրտաբեկում ապրած եւ ուստի այդ բոլորը հասկցող ազգականի մը։

Ամերիկա հասնիլը իր սպասած հրաշքն էր։ Մարիին պատմեց, որ արիւնը հասած էր մինչեւ կոճերը եւ որ ականատես եղած էր կանանց՝ իրենք զիրենք եւ իրենց երեխաները գետ նետելուն կամ հայելիներուն ետեւը լիզելով անձնասպան ըլլալ փորձելնուն։ Ան ըսաւ, որ երեք անգամ կորսնցուած էր իր բոլոր մազերը եւ երկու տարի դադրած էր հայերէն խօսելէ։ Անոր ամերիկացի զաւակները՝ Մարին, մայրս, Ռոզը, Սօսի մօրաքոյրս եւ Փոլ քեռիս, համոզուած են, որ ան իր զաւակները ծնած է այդ դժուարին ժամանակաշրջանի ընթացքին։ Շատ տառապեցաւ եւ շատերէն աւելի երկար դիմացաւ ան՝ նախքան Ամերիկա գաղթել կարենալը։ 

Արէգին սպասած հրաշքը պատահեցաւ, երբ, Պոլսոյ մէջ որպէս խոհարար աշխատած ժամանակ, Խաչալոյսցի Զաքար Զաքարեանէն լուր ստացաւ, որ ան զինք պիտի հովանաւորէր Ամերիկա երթալու եւ հոն պիտի պսակուէր իր հետ։ Արէգը նաւէն իջաւ հիւծած եւ հիւանդ, այնուամենայնիւ ստացաւ Զաքարէն դիմաւորուելու արտօնութիւն։ Սակայն, տեսնելով անոր իրավիճակը՝ Խաչալոյսի իր յուշերու գեղեցիկ աղջիկէն ոչինչ մնացած, ետ առաւ իր խոստումը։ Պէտք է բացատրել, որ Զաքարը Միացեալ Նահանգներու բանակ զօրակոչուած էր եւ Համաշխարհային առաջին պատերազմին Ֆրանսայի մէջ կազով թունաւորուած էր։ Կ՚ըսեն, որ ան չաղեկցաւ այդ փորձութենէն։ Ունենալով իր անձնական խույուորութիւնը, իր յետհոգեխոցեան սթրեսային խանգարումը, հաւանաբար ան հասկցաւ, որ ատակ չէր Արէգինն ալ շալկելու։ Այսպիսով Արէգ սպասեց։ Սպասեց իր զարմիկին տան մէջ, ուր ան բեկանեց իր լռութիւնը եւ պատմեց իր ընտանիքին պատահածը։ Սակայն կարողացաւ յաղթահարել իր արհաւիրքը եւ այս կրկնակի հրաժարեցումը, որ հաւանաբար խայթած էր զինք Խաչալոյսին մէջ պատահած կոտրուած խոստումով։  

Այս անգամ, այնպէս ինչպէս Սագոն համաձայնած էր իր հետ պսակուիլ՝ հակառակ անոր հաշմանդամութեան, նոյնպէս ալ ազնիւ մարդ մը եւս միջամտեց. մեծ հայրս՝ Մովսէս Զաքարեանը՝ Զաքարին զարմիկը։ Ան պանդուխտ մըն էր, որ Ֆիլատելֆիա եղած ժամանակ իմացած էր, որ իր կինն ու չորս զաւակները չէին պրծած ցեղասպանութենէն։ Ան կատարեց Զաքարին չկարողացածը՝ պսակուեցաւ իրենց գիւղի այս դժբախտ կնոջ հետ։ Զաքարն ու Մովսէսը լսած էին ջարդերուն մասին, սակայն լսելն ու ենթակուիլը երկու տարբեր բաներ են։ 

Այնուամենայնիւ, երկուքը ցեղասպանութեամբ կորսնցուցած ըլլալով իրենց ամուսիններն ու զաւակները, Արէգն ու Մովսէսը կեանք մը կառուցեցին Ֆիլատելֆիոյ մէջ։ Կարողացան մեծցնել չորս ամերիկացի զաւակներ՝ հակառակ չքաւորութեան, գործի անկանոնութեան եւ մշակոյթի խիստ տարբերութեան։ Անոնց զաւակները փայլեցան դպրոցին մէջ, այնպէս ինչպէս գաղթականներու զաւակները կը փայլին՝ նամանաւանդ պաշարեալ ժողովուրդներու զաւակները, որոնք պէտք է լռելեայն ապացուցեն աշխարհին, որ անոնք արժանի են ապրելու։ Արէգ դիտեց իր երեխաները քնացած ժամանակնին՝ վախնալով, որ ողբերգութիւն մը կ՚իյնայ անոնց գլխուն, եթէ ինք հսկուն չըլլայ։ Ան պիտի պաշտպանէր իր այս զաւակները, քանի որ չէր կրցած պաշտպանել իր զաւակները աւելի առաջ։

Արէգի ամերիկացի զաւակները գիտէին, որ իրենց մայրը եւս պէտք ունէր պաշտպանութեան։ Անոնց բնաւ չէր պատմած իր իրավիճակին մանրամասնութիւնները, բայց անոնք գիտէին, որ Արէգ այլ սրտաբեկում մը չէր կրնար հանդուրժել։ Զաւակները միշտ իրենց մօր շուրջը կը դառնային, լաւագոյնը կատարեցին օրինակելի զաւակներ ըլլալու համար եւ արժանացան ակադեմական մրցանակներու՝ տան մէջ չխօսուած վշտին մէջէն։ Մովսէսը դերձակ էր, սակայն սրտին խորքին՝ երաժիշտ մը։ Տունը լեցուն էր անոր երաժշտութեամբ, անոր զուռնայով եւ տուտուկով՝ սիրելի Խաչալոյսի աւանդական մեղեդիները հնչող։ Մարին կը պատմէ, որ իր հօր երգերը կը հակադարձէին մօրը տխրութիւնը՝ երկուութիւն մը, որ ապագային պիտի երեւէր իր արուեստին մէջ՝ տխուր դիմանկարներ՝ շրջուած իր անկենդան բնութեան (նաթիւրմորթի) ուսումով։ 

Զաւակները իր կողքին մնացին իրենց չափահաս տարիքին։ Անոնց աչալրջութիւնը բացայայտուեցաւ, երբ Մովսէս մահացաւ 1963-ին։ Արէգին չորս զաւակները չարտօնեցին զինք, որ թաղման կարգին ներկայ գտնուի։ Հաւանաբար հասկցան, որ թաղում մը շատ ծանր պիտի կշռէր անոր վրայ։ Եղբայրս եւ ես՝ 9 եւ 12 տարիկաններս, իր քով մնացինք, մինչեւ որ ամէն մարդ տուն վերարդարձաւ արարողութենէն։ Արէգը այն ատեն սպասեց, պատուհանէն դուրս նայելով։ 

Արէգ սիրեցեալ մայր ու մեծ մայր մըն էր։ Բնաւ խիստ չէր, բնաւ զայրացկոտ կամ դատողական չէր։ Ան սիրեց իր թոռները։ Կը խնդար՝ հակառակ իր հոգեխոցին։ Ան բոլորին ծառայեց, առանց ինքնին ճաշասեղան նստելով։ Բնաւ չկարողացանք կռահել իր մտածումները սակայն, երբ պատուհանէն դուրս կը սեւեռէր իր նայուածքը, Մարիին գծած դիմանկարին նման։ Բնաւ չգիտցանք, թէ ան ինչի՛ սպասումով էր, սակայն պատկերացուցինք, որ այդ իր ամբողջ կորուստին սպասումը ըլլալու էր։ Անոր լռութիւնը շատ բան կ՚ըսէր մեր վատագոյնին եւ լաւագոյնին մասին՝ մարդ արարածին իրարու հանդէպ ըրածին եւ նաեւ՝ թէ ինչպէ՛ս կարելի է վերապրիլ եւ տոկալ։ Արէգին պատմութիւնը եւ պատուհանին դիմաց անոր դիմանկարը այդ երկուքը կ՚ապացուցեն։  

(Թարգմանութիւն՝ Արազ Գոճայեանի)