Երուխանի վերջին Գիշերը (Դ)

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

norayrdaduryan@gmail.com

Լռու­­թի՛ւն. «Quo Vadis?»ը
կը սկսի

1913, Սեպ­­տեմբեր 30, Մե­­զիրէ, Խար­­բերդի շրջան: Հսկայ սրա­­հին լոյ­­սե­­­րը մա­­րեցան: Մե­­զիրէ­­յի Կեդ­­րո­­­նական վար­­ժա­­­րանի աշա­­կերտնե­­րը վա­­խի կամ խան­­դա­­­վառու­­թեան ճի­­չեր կ’ար­­ձա­­­կեն: Նա­­խապէս Ֆապ­­րի­­­քաթո­­րեան եղ­­բայրնե­­րուն պատ­­կա­­­նած մե­­տաք­­սա­­­գոր­­ծութեան գոր­­ծա­­­րանի գե­­ղեց­­կօ­­­րէն վե­­րանո­­րոգո­­ւած սրա­­հին մէջ պի­­տի ցու­­ցադրո­­ւի շար­­ժանկար մը: Դպրո­­ցի նոր տնօ­­րէն տիար Երո­­ւանդ Սրմա­­քէշ­­խանլեանը ին­­ծի կը բա­­ցատ­­րէ, թէ սրա­­հը քա­­ղաքի հայ ար­­հեստա­­ւոր­­նե­­­րուն կող­­մէ անվճար կեր­­պով է կա­­հաւո­­րուած: Տ­նօրէ­­նը կը հպար­­տա­­­նայ, թէ շար­­ժանկա­­րը բո­­լորո­­վին նո­­րու­­թիւն մըն է Խար­­բերդի շրջա­­նին մէջ։ Առա­­ջին շար­­քի վրայ նստած են Խար­­բերդի առաջ­­նորդ Տէր Պսակ ծայ­­րա­­­գոյն վար­­դա­­­պետ Տէր-Խո­­րենեանը, դպրո­­ցի դա­­սախօս այ­­րե­­­րը եւ աղջկանց բա­­ժինի ու­­սուցչու­­հի­­­ները, որոնց մէկ մա­­սը Պո­­լիսէն եկած է ազ­­գա­­­նուէր առա­­քելու­­թեամբ: Ճի­­չերը եւ ու­­րա­­­խու­­թեան ծա­­փերը չեն դադ­­րիր: Պա­­րոն «Երու­­խան»ը ոտ­­քի կ’ել­­լէ: Աշա­­կերտնե­­րուն կ՛ըսէ. «Չո­­ճուխներ, շար­­ժանկա­­րը դի­­տելու հա­­մար մթու­­թիւնը անհրա­­ժեշտ է: Վախ­­նա­­­լիք բան մը չկայ: Հի­­մա լուռ նստե­­ցէք, որ սկսի…»: Եւ ահա պաս­­տա­­­ռին վրայ կը յայտնո­­ւի Quo Vadis? անու­­նը: Իտա­­լիոյ մէջ նոյն տա­­րին պատ­­կե­­­րահա­­նուած ֆիլ­­մի ցու­­ցադրու­­թիւնը տե­­ղին ընտրու­­թիւն մըն է, կը մտա­­ծեմ: Վա­­րագոյ­­րի վրայ կը տես­­նենք դե­­րակա­­տար­­նե­­­րը… Petrus- Giovanni Gizzi, Nero- Carlo Cattaneo, եւ ամե­­նէն կա­­րեւո­­րը՝ Lygia- Lea Giunchi: Մունջ շար­­ժանկար է: Պատ­­մութիւ­­նը պաս­­տա­­­ռի վրայ յայտնո­­ւած նա­­խադա­­սու­­թիւննե­­րով կ’ըն­­թա­­­նայ: Առա­­ջինը հայ աշա­­կեր­­տին ու­­շադրու­­թիւնը կը գրա­­ւէ. «Վի­­նիկիոսը Հա­­յաս­­տան կա­­տարած ար­­շա­­­ւան­­քէ մը նոր վե­­րադար­­ձած է»: Իսկ շար­­ժանկա­­րի վեր­­ջին տե­­սարա­­նին մէջ, աւա­­զուտ կրկէս նե­­տուած բա­­րեպաշտ կոյս Լի­­գիան կա­­տաղի ցու­­լի մա­­հացու հա­­րուա­­ծէն կ’ազա­­տի ըն­­կե­­­րոջ մը անձնա­­զոհու­­թեամբ: Աշա­­կերտնե­­րը ցնծու­­թեամբ կը ծա­­փահա­­րեն: Շար­­ժանկա­­րը աւար­­տած է: Լոյ­­սե­­­րը կը վա­­ռին:

Երու­­խա­­­նի 23 Ապ­­րի­­­լը

Երեք շա­­բաթ է որ մտա­­ւոր պտոյտ կը կա­­տարեմ Պոլ­­սոյ փո­­ղոց­­նե­­­րուն վրայ՝ եր­­կիւղա­­ծու­­թեամբ եւ լուռ: Ներ­­կայ եղայ Զօհ­­րա­­­պի, Վա­­րու­­ժա­­­նի, Սե­­ւակի, Սիաման­­թո­­­յի տու­­նե­­­րուն եւ թա­­ղերուն: Այդ այ­­րե­­­րը, 30-35 տա­­րեկան երի­­տասարդ պա­­րոն­­ներ, բուռն եր­­կունքի մէջ էին 1915ին: Անոնք 23 Ապ­­րիլ Ուրբաթ օր մո­­լեգ­­նօ­­­րէն կը ստեղ­­ծէին գլուխ գոր­­ծոցներ, առանց գիտ­­նա­­­լու, թէ յա­­ջորդ օրը ինչ պի­­տի պա­­տահէր…: Իսկ այ­­սօր կը փա­­փաքիմ Երու­­խա­­­նի հետ­­քե­­­րը որո­­նել: Քայ­­լերս զիս պէտք որ տա­­նին Խաս­­գիւղ՝ Ոս­­կեղջիւ­­րի ափին շի­­նուած հայ­­կա­­­կան գե­­ղատե­­սիլ եւ փար­­թամ աւա­­նը: Սա­­կայն, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, ես կ’առա­­ջար­­կեմ, որ մենք նախ եր­­թանք Մե­­զիրէ, հայ­­կա­­­կան աշ­­խարհի այն վա­­ճառա­­շահ քա­­ղաքը, որ 1617 թո­ւակա­­նին հիմ­­նադրուած էր խար­­բերդցի հա­­յերուն կող­­մէ, իրենց բեր­­դա­­­քաղա­­քէն հա­­զիւ քա­­նի մը քի­­լոմետր հա­­րաւ-արեւ­­մուտք:

«Ձիթ­­ծախ» եւ լոյս

- Զմայ­­լե­­­լի է սրա­­հի լու­­սա­­­ւորու­­մը, կ’ըսեմ, ակ­­նարկե­­լով վառ ջա­­հերուն:

- Բազ­­մա­­­շէնի հայ վար­­պետնե­­րուն գործն է, կը բա­­ցատ­­րէ Սրմա­­քէշ­­խանլեանը: Անոնք ճրա­­գի իւ­­ղը ար­­տադրե­­լու հա­­մար կտա­­ւատ կը գոր­­ծա­­­ծեն եւ զայն կ՝ար­­տա­­­ծեն մին­­չեւ Արաբ­­կիր, Տիար­­պե­­­քիր, Բա­­լու, Տեր­­սիմ, Մա­­լաթիա, Չմշկա­­ծաք…։ Բազ­­մա­­­շէն­­ցի­­­ները գիւ­­ղէ-գիւղ կ’եր­­թան կան­­թե­­­ղի այդ իւ­­ղը վա­­ճառե­­լու նպա­­տակով: Անոր հա­­մար մենք բազ­­մա­­­շէն­­ցի­­­ներուն կ’անո­­ւանենք՝ «ձիթ­­ծախ»։ Աշա­­կերտնե­­րը դա­­սարան առ դա­­սարան ննջա­­սենեակ կ’եր­­թան: Տղա­­ները կը մնան շէն­­քի մէջ, իսկ աղ­­ջիկնե­­րը կ’եր­­թան տղոց նախ­­կին շէն­­քը: Առաջ­­նորդ հայ­­րը եւ ու­­սուցիչ­­ներն ալ հրա­­ժեշտ կու տան: Սրա­­հի մէջ կը մնամ Երու­­խա­­­նի հետ: 43 տա­­րեկան առոյգ պա­­րոն մըն է: Կը փա­­փաքիմ, որ ի՛նքը պատ­­մէ, թէ ինչպէ՛ս Պո­­լիսը եւ գե­­ղատե­­սիլ Խաս­­գիւղը թո­­ղած՝ ըն­­տա­­­նիքին հետ եկած է Փոքր Ասիոյ խո­­րերը:

Նոր տնօ­­րէնի նոր ճե­­մարա­­նը

- Այս տա­­րի Օգոս­­տո­­­սին Պո­­լիսէն հե­­ռանա­­լով հաս­­տա­­­տուե­­ցանք Խար­­բերդ: Շնոր­­հա­­­կալու­­թեամբ ստանձնե­­ցայ Մե­­զիրէի վար­­ժա­­­րանի տե­­սու­­չի պաշ­­տօ­­­նը: Առաջ­­նորդ Տէր Պսա­­կի նա­­խաձեռ­­նութեամբ վար­­ժա­­­րանս այժմ նոր վե­­րելք մը կ’ապ­­րի: Երբ նախ­­կին տնօ­­րէն Ռու­­բէն Զար­­դա­­­րեանը Պո­­լիս վե­­րադար­­ձաւ, ին­­ծի առա­­ջար­­կե­­­ցին այս պա­­տաս­­խա­­­նատու պաշ­­տօ­­­նը: Ռու­­բէ­­­նը հա­­յերէն եւ հա­­յոց պատ­­մութիւն կը դա­­սաւան­­դէր: Առանց շատ մտա­­ծելու, այս սրբա­­զան առա­­քելու­­թեան ե՛ս ալ ու­­զե­­­ցի իմ հա­­մեստ լու­­մաս բե­­րել: Կը հա­­ւատա՞ք, հա­­զար աշա­­կերտ ու­­նինք, 250 հա­­տը աղ­­ջիկ: Տաս­­ներկու դա­­սարա­­նի մէջ կը դա­­սաւան­­դենք հա­­յերէն, թրքե­­րէն, ֆրան­­սե­­­րէն եւ անգլե­­րէն: Աւար­­տա­­­կան­­նե­­­րը կը ստա­­նան խմո­­րատիպ թերթ մը, անու­­նը՝ «Նոր գա­­րուն»: Գի­­տէք, թէ նիւ­­թա­­­կան վի­­ճակը միշտ հարց է: Բայց, ապա­­հով ձեռ­­քե­­­րու մէջ ենք. օժան­­դա­­­կու­­թիւն կը ստա­­նանք Միացեալ Նա­­հանգնե­­րու մէջ հաս­­տա­­­տուած մեր հայ­­րե­­­նակից­­նե­­­րու «Ու­­սումնա­­սէր» միու­­թե­­­նէն… Դուք 1500ամեակի տօ­­նակա­­տարու­­թիւննե­­րու մա­­սին լսած էք ան­­կասկած: Գալ շա­­բաթ մեծ շու­­քով պի­­տի տօ­­նենք հայ գի­­րերու գիւ­­տի 1500 ամեակը: Այդ օր «Կեդ­­րո­­­նական» վար­­ժա­­­րանս ալ պաշ­­տօ­­­նապէս պի­­տի վե­­րանո­­ւանո­­ւի «Հայ­­կա­­­կան Ճե­­մարան»… Գի­­տէ՞ք, Պո­­լիսը հանգստա­­ւէտ կեանք կը խոս­­տա­­­նար: Բայց, ին­­ծի հա­­մար ու­­սումնա­­սիրու­­թեան հանք մըն է այս եր­­կի­­­րը եւ այս կեան­­քը։ Եթէ ողջ մնամ, յու­­շա­­­տետրս լե­­ցուն կը դառ­­նամ Պո­­լիս:

Սա­­պիթ պէ­­յը եւ Մես­­րոպ
Մաշ­­տո­­­ցը

Ի՜նչ բա­­ցառիկ օր… Խար­­բերդի մէջ մեծ բոմ­­բիւնով կը նշո­­ւի Մես­­րոպ Մաշ­­տո­­­ցի գիւ­­տին 1500 ամեակը։ Բազ­­մութիւ­­նը՞… Փոր­­ձեմ նկա­­րագ­­րել. Ներ­­կայ են Խար­­բերդ քա­­ղաքի եւ Մե­­զիրէի աշա­­կերտնե­­րը, Մե­­զիրէի Ս. Սար­­գիս, Ս. Աս­­տո­­­ւածա­­ծին, հայ բո­­ղոքա­­կան­­նե­­­րու եւ հայ կա­­թոլիկ­­նե­­­րու եկե­­ղեցի­­ները, ֆրան­­սա­­­կան ճե­­մարա­­նի նո­­ւագա­­խումբը: Այդ բո­­լորի կազ­­մած շքեր­­թը օս­­մա­­­նեան զօ­­րանո­­ցին առ­­ջեւ կը միանայ Կեդ­­րո­­­նակա­­նի աշա­­կեր­­տութեան: Ամ­­բողջ թա­­փօրը կ՚ուղղո­­ւի գեր­­մա­­­նական վար­­ժա­­­րան։ Իւ­­րա­­­քան­­չիւր դպրո­­ցի առ­­ջեւ կը խօ­­սուին ճա­­ռեր։ Եզ­­րա­­­փակիչ հան­­դի­­­սու­­թիւննե­­րը տե­­ղի կ՚ու­­նե­­­նան Եփ­­րատ գո­­լէճի Ուիլ­­լըր Հօ­­լի մէջ եւ Մե­­զիրէի՝ այժմ «Կեդ­­րո­­­նական» վե­­րանո­­ւանո­­ւած դպրո­­ցի շրջա­­փակին մէջ։ Հան­­դի­­­սու­­թեան ներ­­կայ է նաեւ օս­­մա­­­նեան կա­­ռավա­­րու­­թիւնը, յանձն Խո­­զաթի կա­­ռաւա­­րիչ 32 ամեայ Սա­­պիթ պէ­­յի։

«Գիտ­­ցանք անա­­ղարտ պա­­հել…»

Երու­­խա­­­նը արագ քայ­­լե­­­րով բեմ կը բարձրա­­նայ: Իր կեան­­քի ամե­­նէն հպարտ օրե­­րէն մէկն է: Հայ­­րե­­­նի հո­­ղի վրայ ան կը կա­­տարէ սրբա­­զան առա­­քելու­­թիւն: Անգլիական գծա­­ւոր թուղթի վրայ է իր ճա­­ռը: Ճշգրտօ­­րէն այս բա­­ռերը գրի առած է. «Մենք այ­­սօր կրնանք հպար­­տա­­­նալ մեզ­­մով, վասնզի այն չնաշ­­խարհիկ աւան­­դը, զոր մեր երա­­նելի նախ­­նիք մեզ յանձնե­­ցին, գիտ­­ցանք անա­­ղարտ պա­­հել, մեր արեան սա­­հանքնե­­րուն մէջ վեր բեռ­­նե­­­լու մեր թշնա­­մինե­­րուն աւե­­րիչ յար­­ձա­­­կումնե­­րուն դէմ պաշտպա­­նել: Վասնզի ամէն սե­­րունդէ աւե­­լի՝ մեր սե­­րունդը տո­­ւաւ իր արեան բա­­ժինը մարդկա­­յին ահա­­ւոր հրե­­շու­­թեան»:

«Եկէ՛ք ման­­կանց հա­­մար
ապ­­րինք»

Խմբան­­կար մը պի­­տի յա­­ւեր­­ժացնէ օրը: Պաշ­­տօ­­­նի հրա­­ւիրո­­ւած են Խար­­բերդի յայտնի լու­­սանկա­­րիչ­­նե­­­րը. Աս­­քա­­­նազ եւ Յա­­րու­­թիւն Սուրսու­­րեան եղ­­բայրնե­­րը, ինչպէս նաեւ լու­­սանկար­­չութեան ար­­հեստը Երու­­սա­­­ղէմի մէջ սոր­­ված Միհ­­րան Թիւ­­թիւնճեանը: Անոնց պե­­խերուն շքե­­ղու­­թիւնը ու­­շադրու­­թիւնս կը գրա­­ւէ: Խումբը պատ­­րաստ է: Աս­­քա­­­նազը կը խնդրէ, որ վայրկեան մը բռնեմ իր գլխար­­կը: Ան կը մօ­­տենայ իր «մութ սե­­նեակին»: Գլու­­խը կը դնէ սեւ վա­­րագոյ­­րի մէջ: Ժպի՜տ, կ’ըսէ բարձրա­­ձայն: Բո­­լորը կը ժպտան… Մէկ… Եր­­կու… Երեք… Փուֆֆֆ… Լոյս մը կը փայ­­լա­­­տակի: Լու­­սանկա­­րին հետ կը յա­­ւեր­­ժա­­­նան աշա­­կերտնե­­րուն գոր­­ծած եր­­կու պաս­­տառնե­­րը. ձա­­խին գտնո­­ւող պաս­­տա­­­ռին վրայ գրուած է հայ­­կա­­­կան այ­­բուբե­­նը, իսկ աջին՝ «Եկէ՛ք ման­­կանց հա­­մար ապ­­րինք»:

Հրա­­ժեշ­­տի նա­­մակը
Խաս­­գիւղի ափին

1914, Խաս­­գիւղ, Ոս­­կեղջիւր: Երու­­խա­­­նի գրա­­կան կեան­­քի ոդի­­սակա­­նը սկսեր էր ահա հոս, Խաս­­գիւղի ծո­­վահա­­յեաց «Ներ­­սէ­­­սեան» վար­­ժա­­­րանի դա­­սարան­­նե­­­րու մէջ: Իսկ այ­­սօր Պոլ­­սոյ մէջ եր­­կինքը մռայլ է: Մռայլ է նաեւ բնա­­կիչ­­նե­­­րու ոգին: Հա­­մաշ­­խարհա­­յին պա­­տերազ­­մի դղրդիւ­­նը կը լսո­­ւի: Անո­­րոշու­­թիւն եւ սար­­սափ կը տի­­րէ քա­­ղաքի մէջ: Երու­­խա­­­նի հա­­րազատ­­նե­­­րը նա­­մակ կը ստա­­նան Մե­­զիրէ­­յէն: Իրա­­պաշտ գրո­­ղը իրա­­պաշ­­տօ­­­րէն կը նկա­­րագ­­րէ վի­­ճակը. «Ան­­պատմե­­լի է հո­­գեկան վի­­ճակս, ասանկ ատե­­նը Անա­­տոլո­­ւի խո­­րերը գտնուիլ չո­­լուխ-չո­­ճու­­խով դիւ­­րին բան չէ: Ողջ առողջ պի­­տի տես­­նո­­­ւի՞նք ար­­դեօք»: Զգա­­լով չա­­րաբաս­­տիկ օրե­­րու գա­­լուստը՝ մէկ այլ նա­­մակի մէջ ան գրեր էր. «Այն ազ­­գե­­­րը միայն իրա­­ւունք ու­­նին ապ­­րե­­­լու, որոնք ըն­­դի­­­մամար­­տութեան, տո­­կու­­նութեան եւ զար­­գացման սքան­­չե­­­լի յատ­­կութիւննե­­րը հզօ­­րապէս ի հան­­դէս կը բե­­րեն»… 1914, Յու­­նո­­­ւար 29. Երու­­խա­­­նը Պո­­լիս կ’ու­­ղարկէ նա­­մակ մը եւս, հրա­­ժեշ­­տի գիր մը կար­­ծես. «…Ո՞վ գի­­տէ մէյ­­մըն ալ ե՞րբ պի­­տի տես­­նենք զի­­րար, գու­­ցէ ին­­չո՞ւ չէ- բնաւ ալ չտես­­նենք, ին­­չեր կրնան պա­­տահիլ: Հոս Պո­­լիս չէ: Ամէն բան մա­­զի վրայ»:

Ո՞ւր կ’եր­­թաս…

Այդ տա­­րի գար­­նան ին­­չե՞ր պի­­տի պա­­տահին… Պատ­­մեմ: 1 Մա­­յիսին Երու­­խա­­­նը պի­­տի ձեր­­բա­­­կալո­­ւի, Եփ­­րատ քո­­լեճի դա­­սախօ­­սերու հետ պի­­տի շղթա­­յուի, անար­­գանքի մատ­­նո­­­ւած՝ փո­­ղոց­­նե­­­րու վրայ պի­­տի ցու­­ցադրո­­ւի, են­­թա­­­կայ պի­­տի ըլ­­լայ խոշ­­տանքումնե­­րու, ապա փակ կառ­­քով պի­­տի ու­­ղարկո­­ւի Տիգ­­րա­­­նակերտ: Յու­­նի­­­սին պի­­տի նե­­տուի Մաս­­տառ լե­­րան Տէ­­վէ-Պօյ­­նու ձո­­րի մէջ, - ինչպէս բա­­րեպաշտ Լի­­գիան նե­­տուած էր աւա­­զուտ կրկէ­­սը գա­­զան­­նե­­­րուն կեր ըլ­­լա­­­լու հա­­մար, - կա­­ցինի եւ ման­­գա­­­ղի հա­­րուած­­ներ 45 տա­­րեկա­­նին պի­­տի խզեն պա­­րոն տնօ­­րէնի կեան­­քի երի­­զը…: Այ­­լեւս, շար­­ժանկար­­ներ պի­­տի չցու­­ցադրո­­ւին Ֆապ­­րի­­­քաթո­­րեան­­նե­­­րու վե­­րանո­­րոգո­­ւած շքեղ սրա­­հին մէջ, այ­­լեւս, պի­­տի չվա­­ռին Բազ­­մա­­­շէնէ եկած լապ­­տերնե­­րը…: Կրթու­­թեան մէջ յա­­ռաջա­­տար, պատ­­կա­­­ռելի Խաս­­գի՞ւղը: Անոր պատ­­մութիւ­­նը, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, կը ծրագ­­րեմ պատ­­մել յա­­ջորդ յօ­­դուա­­ծիս մէջ:

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ