Պատրիարքական Աթոռը 564 տարեկան

Պատրիարքական Աթոռի հիմնադրութեան 564-րդ տարե­դար­ձը նշո­ւեցաւ 11 Յու­նիս 2025, Չո­րեք­շաբթի առա­ւօտ, Ս. Աս­տո­ւածա­ծին Աթո­ռանիստ Մայր Եկե­ղեց­ւոյ մէջ։

Ն.Ա.Տ. Սա­հակ Բ. Պատ­րիարք Հայ­րը ժա­մը 10.00-ին հո­գեւո­րակա­նաց թա­փորով առաջ­նորդո­ւեցաւ Մայր Եկե­ղեցի։ Արա­րողու­թեան մաս­նակցե­ցան Աթո­ռի միաբան հայ­րե­րը եւ քա­հանա­յից դա­սը։

Նախ կա­տարո­ւեցաւ գի­շերա­յին կա­նոնա­կան ժա­մեր­գութիւն, որուն յա­ջոր­դեց Պատ­րիար­քա­կան Աթո­ռոյ մաղ­թանքը։

Մաղ­թանքի աւար­տին քա­րոզեց Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւնը եւ նախ գո­հու­թիւն ու փառք մա­տու­ցա­նեց Աթո­ռոյ 564-րդ տա­րեդար­ձին առ­թիւ։ Մեր Հո­գեւոր Պե­տը անդրա­դար­ձաւ, որ Սուլթան Մեհ­մետ Բ-ի շրջա­նին ինչպէս հաս­տա­տուե­ցաւ Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Աթո­ռը եւ առա­ջին պատ­րիար­քը եղաւ Պրու­սա­յի Յո­վակիմ Եպիս­կո­պոսը։ Յի­շելով պատ­մա­կան սոյն Աթո­ռի դերն ու կա­րեւո­րու­թիւնը, ըսաւ որ պատ­մութիւ­նը կը շա­րու­նա­կուի մեր Պատ­րիար­քութեան պա­րագա­յին եւս եւ ան կը շա­րու­նա­կէ ծա­ռայել եւ հո­վանա­ւորել մեր ժո­ղովուրդը, իր ոյժն առ­նե­լով ար­մատնե­րէն, ինչպէս նաեւ Ս. Հո­գիէն, որ Եկե­ղեց­ւոյ հիմ­նա­դիրն է։

Պատ­րիարք Հայ­րը ըսաւ թէ այս Աթո­ռը՝ Յո­վակի­մեան պատ­մա­կան աւան­դը աւե­լի քան 560 տա­րիներ շա­րու­նա­կած է գո­յատե­ւել եւ հո­վուել իրեն վստա­հուած հօ­տը այս երկրի սահ­մաննե­րուն մէջ, հո­գեւոր մա­տակա­րարու­թիւն ջամ­բե­լու ջան­քով: Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւնը ներ­կա­ներուն յի­շեցուց Քրիս­տո­սաւանդ այն խօս­քը, որ հունձքը շատ է եւ մշակ­նե­րը՝ քիչ եւ հրա­ւիրեց բո­լորը աղօ­թելու Հունձքի Տի­րոջ, որ իր ան­դաստա­նին հա­մար նոր մշակ­ներ հա­նէ։ Պատ­րիարք Հայ­րը խօս­քի աւար­տին բա­զում տա­րիներ մաղ­թեց Պոլ­սոյ Աթո­ռին եւ իր հօ­տին:

Հանգստեան աղօթ­քով յի­շատա­կուե­ցան Աթո­ռոյս երա­նաշ­նորհ գա­հակալ­նե­րը։

Ապա կազ­մո­ւած թա­փորը առաջ­նորդո­ւեցաւ Պատ­րիար­քա­րանի դահ­լի­ճը, ուր Աթո­ռի տա­րեդար­ձին առ­թիւ պա­տուա­սիրու­թիւն կա­տարո­ւեցաւ եւ ներ­կա­ներ շնոր­հա­ւորե­ցին Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւնը։

Պատ­րիար­քա­րանի յայ­տա­րարու­թիւնը եւս կը փաս­տէ թէ Հայ Առա­քելա­կան Եկե­ղեց­ւոյ նո­ւիրա­պետա­կան չորս աթոռ­նե­րէն մէ­կը հա­մարո­ւող Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­րանը իրա­կանու­թեան մէջ իր հիմ­նադրու­թեան պայ­մաննե­րու առու­մով Օս­մա­նեան հաս­տա­տու­թիւն մըն է։ Այս իրո­ղու­թիւնը սա­կայն բա­ցար­ձա­կապէս ստո­ւեր մը չի թո­ղուր անոր որ­դեգրած սրբա­զան առա­քելու­թեան վրայ։ Ընդհա­կառա­կը՝ Պոլ­սոյ Աթո­ռը խիստ կա­րեւոր նշա­նակու­թիւն ու­նի հա­մայն հայ եկե­ղեց­ւոյ ամ­բողջու­թեան մէջ, իբրեւ ժողովրդավարական կառոյց։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ