Զարդարեանի Վերջին Գիշերը (Ե)

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

norayrdaduryan@gmail.com

Զար­դա­րեանի 23 Ապ­րի­լը

Ռու­բէն Զար­դա­րեանը Մէ­զիրէ (այժմ՝ Էլա­զըղ) քա­ղաքի Կեդ­րո­նական վար­ժա­րանի ու­սուցչու­թեան պաշ­տօ­նը աւար­տե­լով վե­րադար­ձաւ Պո­լիս։ Ան դա­սաւան­դեր էր հա­յերէն, ֆրան­սե­րէն, պատ­մութիւն եւ գրա­կանու­թիւն, դաս­տիարա­կեր էր ազ­գա­նուէր եւ գա­ղափա­րապաշտ սե­րունդ մը։ Նոյն գոր­ծը տաս­նա­մեակ մը վերջ 1913 թո­ւակա­նին պի­տի ստանձնէ Երուանդ Սրմա­քէշ­խանլեանը։ Մենք, յար­գե­լի ըն­թերցող, ար­դէն նա­խորդ յօ­դուա­ծի մէջ դի­տած էինք Մե­զիրէի համ­բա­ւաւոր վար­ժա­րանի, անոր հա­զար սա­ներու, նոր տնօ­րէն Սրմա­քէշ­խանլեանի, հա­յոց գի­րերու գիւ­տի 1500-ամեակի տօ­նակա­տարու­թեան, Ֆապ­րի­քաթո­րեան հինգ եղ­բայրնե­րու, Խար­բերդի շրջա­նի մէջ ցոյց տրո­ւած առա­ջին շար­ժանկա­րի, Բազ­մա­շէն գիւ­ղի ար­տադրած լապ­տերնե­րու, ինչպէս նաեւ՝ այս բո­լորը իրենց ոսպնեակով յա­ւեր­ժա­ցու­ցած եր­կու հայ լու­սանկա­րիչ­նե­րու ոդի­սակա­նը՝ շար­ժանկա­րի մը վի­պակա­նու­թեամբ։ Իսկ այժմ, նստած եմ Սրմա­քէշ­խանլեանի ծննդա­վայր Խաս­գիւղի Ներ­սէ­սեան վար­ժա­րանի պար­տէ­զին մէջ, կը դի­տեմ Ոս­կեղջիւ­րը եւ hայ ձկնորսնե­րը։ Անոնց մա­կոյկնե­րը լի են Մար­մա­րա ծո­վու շնորհնե­րով… Ու, կը մտա­ծեմ. հի­մա ո՞ւր է Զար­դա­րեանը։ Գրա­կան ի՞նչ եր­կունքի մէջ է ան։ Յար­գե­լի ըն­թերցող, կ’առա­ջար­կեմ, որ մենք քա­լենք մայ­րա­քաղա­քի թա­ղերուն մէջ, լուռ եւ խո­նարհ, ու որո­նենք Զար­դա­րեանի հետ­քե­րը։

Խա­ղաղ էր Խաս­գիւղը

5 Մա­յիս 1913, Խաս­գիւղ, Պո­լիս։ Նստած եմ ժա­մանա­կի լա­ւագոյննե­րէն հա­մարուող Ներ­սէ­սեան վար­ժա­րանի եղե­ւին­նե­րով եւ նո­ճինե­րով շքե­ղացած պար­տէ­զին մէջ։ Յա­ռաջա­դէմ միտ­քե­րու բոյնն է Ներ­սէ­սեանը՝ Եղիա Տէ­միր­ճի­պաշեանի (ծն. Խաս­գիւղ), Մի­նաս Չե­րազի (ծն. Խաս­գիւղ), Ռե­թէոս Պէր­պէ­րեանի (ծն. Խաս­գիւղ), Մար­տի­րոս Մնա­կեանի (ծն. Խաս­գիւղ) դպրո­ցը։ 1905ին վե­րանո­րոգո­ւած, երկթեւ, քա­րաշէն, եռա­յարկ շէն­քը կը դի­տեմ։ Գե­ղատե­սիլ է ան։ Ու­նի նո­րադա­սական ոճ։ Առա­քելու­թի՞ւնն անոր. ար­դիական, արեւմտա­մէտ եւ ազ­գա­կեդ­րոն ու­սում առած հայ մտա­ւորա­կան­նե­րու սե­րունդ մը պատ­րաստել՝ ժա­մանա­կի լա­ւագոյն ու­սուցիչ­նե­րու դաս­տիարա­կու­թեամբ եւ աշ­խարհա­բար լե­զուով։ Սե­րունդ մը, որ իր ու­սումը պի­տի շա­րու­նա­կէ Փա­րիզի եւ Վե­նետի­կի հայ­կա­կան ճե­մարան­նե­րու եւ Եւ­րո­պայի անո­ւանի հա­մալ­սա­րան­նե­րու մէջ…։ Թէեւ Պալ­քաննե­րու մէջ փուռն մար­տեր տե­ղի կ’ու­նե­նան՝ այս քա­ղաքը դեռ խա­ղաղ է. դեռ չկայ պա­տերազ­մի թնդիւ­նը, չկան սար­սա­փի աղա­ղակ­նե­րը եւ չկան հո­գեվար­քի խռնդիւննե­րը։

10 փա­րա, էֆէն­տի

Դան­դաղ կ’իջ­նեմ դէ­պի այս սի­րուն աւա­նի ծո­վահա­յեաց հրա­պարա­կը, որուն շուրջ վա­ճառա­շահ հայ գոր­ծա­րար­ներ շի­նել տո­ւած են իրենց գե­ղաքան­դակ բնա­կարան­նե­րը։ Կրպակ մը կը տես­նեմ։ Ճա­կատին վրայ հա­յերէն, ֆրան­սե­րէն, յու­նա­րէն եւ օս­մա­ներէն ցու­ցա­նակ մը կայ՝ «Լրագ­րա­վաճառ»։ Դեր­ձա­նի վրայ մղլակ­նե­րով «կա­խուած» են «Արե­ւելք», «Հայ­րե­նիք», «Ազ­դակ», «Մե­ղու» եւ Զար­դա­րեանի «Ազա­տամարտ» թեր­թե­րը, ինչպէս նաեւ՝ Պոլ­սոյ ու­սա­նողա­կան միու­թեան «Եր­կունք»ը՝ Գա­լուստ Էյ­նա­թեանի ամ­սա­թեր­թը։ «Ազա­տամարտ» մը կ’ու­զեմ։ Թեր­թա­վաճա­ռը թեր­թը կու տայ. «10 փա­րա, էֆէն­տի», կ’ըսէ։ Պալ­քաննե­րու մէջ տե­ղի ու­նե­ցող կռիւ­նե­րու մա­սին լու­րե­րը առա­ջին էջի վրայ դրո­ւած են. «Օս­մա­նեան բա­նակը կ’անցնի Էնօս-Մի­տիա գի­ծը», «Վառ­նա­յի գրա­ւու­մը կը հաս­տա­տուի. Ռու­մէն բա­նակը Դա­նու­բը կ’անցնի»։ Զար­դա­րեանի խմբագ­րա­կանը երկրորդ էջի վրայ է, «Վեր­ջին լու­րեր»ը՝ եր­րորդի վրայ. «Ռօ­տօս­թո­յի մէջ սպան­նո­ւած են վեց հայ ոս­տի­կան զի­նուոր­ներ», «Թրա­կիոյ քրիս­տո­նեայ բնակ­չութեան փա­խուստը դէ­պի Պուլկա­րիա», «Օս­մա­նեան զօր­քը կը գրա­ւէ Վի­զէն»…։

Չոր­րորդ էջը

«Ազա­տամարտ»ի չոր­րորդ էջի վրայ կեան­քը բնա­կանոն կ’ըն­թա­նայ. ծա­նու­ցումնե­րը հա­րուստ են իրենց տե­սակով. «Սին­կէր կա­րի մե­քենա­ներ», «Տօք­թէօռ Եդո­ւարդ Շահ­պազ, մաս­նա­գէտ աչ­քի հի­ւան­դութեանց, Պահ­ճէ Գա­բու, Իւ­թիւճեան դե­ղարան», «Փա­րիզեան դեր­ձա­կատուն, Թո­քաթ­լեանի դէ­մը Սու Թէ­րազի փ. Թիւ 2», «SBANOL- Մլու­կէ տա­ռապող­նե­րու հանգստու­թիւնը երաշ­խա­ւորող միակ մի­ջատաս­պան հե­ղուկ, կեդ­րո­նատե­ղի Սպի­տակ դե­ղարան, Սիր­քէ­ճի»։ Կան նաեւ մաշ­կի գե­ղեց­կութեան եւ նո­րաձե­ւու­թեան ծա­նու­ցումներ, ինչպէս նաեւ՝ Ամե­րիկա մեկ­նիլ փա­փաքող­նե­րու հա­մար գրա­ւիչ լուր մը. «Աւստրօ-Ամե­րիքեան շո­գենա­ւային գիծ Պոլ­սի եւ Նիւ Եօր­քի մի­ջեւ»։ Այս գո­վազ­դը կը յայ­տա­րարէ. ճա­նապար­հորդու­թեան տե­ւողու­թիւնը 16 օր է, կա­նոնա­ւոր մեկ­նում ամէն օր, շո­գենա­ւերը ելեքտրա­կանու­թեամբ լու­սա­ւորո­ւած են, ու­նին Մար­քօ­նի ան­թել հե­ռագ­րա­կան կա­պակ­ցութիւն, սքան­չե­լի սնունդ եւ եր­կա­թեայ մահ­ճա­կալ։ Հաս­ցէ՝ Չի­նիլի Րըխ­թըմ Խան, Քա­րափին վրայ։

Պեր­ճա­փայլ Rue de Pera-ն

Լրա­թեր­թե­րը կը հա­ղոր­դեն, թէ այ­սօր մի­ջօրէին Բե­րայի Էսաեան վար­ժա­րանի սրա­հին մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ գրա­կան ասու­լիս մը, որ նո­ւիրո­ւած է Զար­դա­րեանի «Ցայ­գա­լոյս» հա­տորին։ Լրա­գիրը թե­ւիս տակ կ’առ­նեմ։ Կ’իջ­նեմ ծո­վեզերք, քայ­լերս կ’ուղղեմ նախ դէ­պի Կա­լաթա, ապա վեր՝ Բե­րա։ Կարճ ճամ­բայ չէ, բայց առա­ջին ան­գամ չէ, որ կը քա­լեմ այդ հե­ռաւո­րու­թիւնը… Բե­րայի մայր պո­ղոտան մի­ջազ­գա­յին ցու­ցա­հան­դէս մըն է կար­ծես։ Յու­նա­կան, ֆրան­սա­կան, աւստրիական, իտա­լական եւ հայ­կա­կան շքեղ վա­ճառա­տու­ներ, փա­րիզեան եւ վիեն­նա­կան ճա­շակով յար­դա­րուած գա­րեջ­րա­տու­ներ, - ինչպէս «Եան­նի»ն, զոր կ’այ­ցե­լեմ ոգե­լից բա­ժակ մը հա­ճոյ­քի հա­մար - , եւ­րո­պական նուրբ ապ­րանքներ վա­ճառող պեր­ճա­փայլ խա­նութներ, ներ­կա­յանա­լի հա­մազ­գեստով քա­լող կա­ռավա­րական պաշ­տօ­նեաներ, բազ­մա­լեզու ցու­ցա­նակ­ներ, ճե­մելու ելած վա­յելուչ պա­րոն­ներ եւ անոնց թե­ւը մտած ազ­նո­ւու­հի­ներ, որոնք բծախնդրօ­րէն հե­տեւած են փա­րիզեան նո­րաձե­ւու­թեան, իսկ փափ­լիկ օրիորդնե­րը քնքշօ­րէն բռնած են ժա­նեակով հո­վանոց մը։ Cercle d’Orient փա­ռահեղ շէն­քի առ­ջեւ կը մտա­բերեմ Գրի­գոր Զօհ­րա­պը։ Պատ­կա­ռելի այ­րե­րու այս ակումբի մէջ է որ ան յա­ճախ թղթա­խաղի նստած կ’ըլ­լայ փա­շանե­րու եւ բարձրաս­տի­ճան պաշ­տօ­նեանե­րու հետ։ Իսկ Թո­քաթ­լեան պան­դո­կի առ­ջեւ կայ օտա­րերկրեայ պա­տուա­ւոր հիւ­րե­րու եւ զա­նոնք քա­րափէն տա­նող-բե­րող բա­րեխ­նամ կառ­քե­րու ու­րախ բազ­մութիւն մը։ Ու­շագրաւ է նաեւ, թէ կա­ռապան­նե­րը հա­գած են սեւ հա­մազ­գեստ, ճեր­մակ ձեռ­նոց, փայ­լուն սեւ մոյկ եւ «ցի­լինդր» գլխարկ։

«Ցայ­գա­լոյս» մը ծա­գեցաւ

Էսաեանի սրա­հը շքեղ է։ Ու­նի կար­միր թաւ­շեայ բազ­կա­թոռ­ներ։ Վա­րագոյ­րը նոյնպէս փայ­լուն կար­միր թա­ւիշ է։ Սրա­հը լի է հայ մտա­ւորա­կան­նե­րու ընտրա­նիով, որոնց պե­խերը, օս­լա­յուած օձիք­նե­րը, շող­շո­ղուն ժա­մացոյ­ցե­րը կը գրա­ւէ ու­շադրու­թիւնս։ Նախ բեմ կ’ել­լէ Կո­միտաս վար­դա­պետը։ Կը ձեռ­նարկի նա­խագահն է ան։ Վար­դա­պետը խօ­սի 1910-ին հրա­տարա­կուած հա­տորի գրա­կան ար­ժէ­քի մա­սին։ Ապա խօսք կ՚առ­նեն նո­ւիրա­կան անուններ՝ Զա­պէլ Եսա­յեան, Երո­ւանդ Սրմա­քէշ­խանլեան եւ ու­րիշներ։ Երու­խա­նը իր ըն­տա­նիքով եր­կու ամի­սէն պի­տի մեկ­նի Մե­զիրէ՝ Զար­դա­րեանի գոր­ծը շա­րու­նա­կելու հա­մար։ Էսաեան սա­նուց միու­թեան հիմ­նա­դիր­նե­րէն Յա­կոբ Սի­րու­նին Զար­դա­րեանի կեան­քը եւ գրա­կան գոր­ծունէու­թիւնը կը ներ­կա­յաց­նէ։ Ինչպէս Երո­ւանդ Սրմա­քէշ­խանլեան, նոյնպէս ալ՝ Զա­պէլ Եսա­յեանը կը վեր­լուծէ Զար­դա­րեանի գրի­չը։ Տի­կին Եսա­յեանը 35 տա­րեկան է։ Բե­մի վառ ներ­կա­յու­թիւն ու­նի։ Մա­զերը շքե­ղօրէն յար­դա­րուած են։ Ձախ լամ­բա­կին վրայ զե­տեղած է թան­կա­գին «broche» մը։ Իր նուրբ ձայ­նով կը խօ­սի ճա­ռը. «Տի­կին­ներ եւ պա­րոն­ներ, Քիչ ան­գամ մե­զի առի­թը ըն­ծա­յուած է զուտ գրա­կան ձեռ­նարկի մը շուրջ հա­ւաքո­ւիլ եւ քիչ ան­գամ նաեւ, գո­նէ հա­ւաքա­բար, յա­ջողած ենք մտա­հոգո­ւելու գրա­կան եւ գե­ղարո­ւես­տա­կան հո­գերով… Գլխա­ւոր պատ­ճա­ռը ան­շուշտ մեր ըն­կե­րական եւ քա­ղաքա­կան ան­կա­յուն, յու­զումնա­լի, վշտա­գին եւ յա­ճախ ալ աղէ­տալի կեանքն է… Հա­ւատա­ցած եմ որ աւե­լի հզօր, աւե­լի ներ­դաշնակ եւ աւե­լի գի­տական կեն­սունա­կու­թեամբ լի մտա­ւորա­կանու­թիւն մը պի­տի յաղ­թա­հարէր դէպ­քե­րուն, պի­տի կանգնէր ամէն բա­նէ վեր, պի­տի սա­ւառ­նէր ամէն բա­նի վրայ… Ահա այդ բա­գինին ամե­նէն ար­ժա­նաւոր, ամե­նէն տա­ղան­դա­ւոր քուրմե­րէն մէկն է Ռու­բէն Զար­դա­րեանը… Շա­տոնց է որ կը ճանչնանք իր տա­ղան­դին հրա­պոյ­րը. անի­կա մեր գրա­կան սե­րունդին անդրա­նիկ­նե­րէն եղած է եւ նոյն իսկ այն օրե­րուն, երբ իր ձայ­նը Խար­բերդէն կու գար մե­զի… Անի­կա Խար­բերդն էր, այդ բազ­մա­չար­չար եւ կո­րովի հայ գա­ւառը… Անի­կա ոգին էր մեր ամե­նէն քաղցրօ­րէն տխուր բա­նաս­տեղծու­թեամբ մը օծուն հայ գա­ւառին, որուն վշտա­գին բայց ժպտուն, հա­լածա­կան բայց երա­զատես զա­ւակ­նե­րուն ցա­ւի եւ ու­րա­խու­թեան վան­կե­րը, աչ­քե­րու հրայրքը, հո­գինե­րու սար­սուռնե­րը կը փո­խան­ցէր մե­զի…»։ Իր խօս­քի աւար­տին Եսա­յեան յոյս կ’ար­տա­յայ­տէ. «Ռու­բէն Զար­դա­րեան… նո­ւիրա­կան խոս­տում մը կ՚ընէ մե­զի եւ մեր բո­լոր ցան­կութիւնն է ան­շուշտ որ այդ խոս­տումը իրա­կանա­նայ, որ­քան կա­րելի է մօ­տիկ եւ լու­սա­ւոր ապա­գայի մէջ եւ անի­կա շա­րու­նա­կէ ըն­թա­նալ, իր առ­ջեւ բա­ցուած ըն­դարձակ աս­պա­րէզին մէ­ջէն, հե­տեւե­լով իր սրբա­զան, իր փա­ռաւոր ճա­կատագ­րին»։ Կո­միտաս Վար­դա­պետ դար­ձեալ բեմ կու գայ իր հուսկ բան­քին հա­մար։ Վար­դա­պետը, որ ինձմէ 10 տա­րի աւե­լի երի­տասարդ է, սե­փական տպա­ւորու­թիւննե­րու հետ կը պատ­մէ գա­ւառի ոգին եւ անոր անհրա­ժեշ­տութիւ­նը։ Ափ­սո­սանք կը յայտնէ, թէ այդ մա­սը կը բա­ցակա­յի մայ­րա­քաղա­քի առօ­րեայի մէջ։

«Կանգնած ենք մա­հուան դէմ»

6 Մա­յիս։ Կ’եր­թամ Ազա­տամար­տի խմբագ­րա­տու­նը։ Հաս­ցէն մօտ է. Հա­մալ­պա­շի փ., թիւ 74, Բե­րա, Անգլիական հսկա­յական դես­պա­նատան բարձր պա­տի կող­քին։ Պա­րոն Զար­դա­րեանը գոհ է նա­խորդ օրո­ւան ասու­լի­սէն։ Սա­կայն, երկրի եւ յատ­կա­պէս արեւմտա­հայու­թեան ապա­գային հա­մար ու­նի մտա­հոգու­թիւններ։ Ապա­կեայ գրա­դարա­նի մը մէջ կը նշմա­րեմ իր կազ­մած «Մեղ­րա­գէտ» դա­սագիր­քե­րու շար­քը։

- Առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով, կ’ըսէ Զար­դա­րեանը, հա­յերէն հա­ւաքա­ծոյի մը մէջ՝ որ­պի­սին է այս գիր­քը, ջա­նացած ենք ներ­կա­յաց­նել մեր բնա­կակից մէկ կա­րեւոր ցե­ղին՝ թուրքին միտ­քը, աւե­լի շատ տեղ տա­լով ժա­մանա­կակից գրա­կան դէմ­քե­րու…։ Գրա­կանու­թիւնն է մէ­կը այն մի­ջոց­նե­րէն, որ կա­րող պի­տի ըլ­լայ կա­մաց-կա­մաց ներ­դաշնա­կու­թիւն ստեղ­ծել եր­կու բնա­կակից ցե­ղերու հո­գեբա­նու­թեան մէջ, կու­տա­կուած հին դառ­նութիւննե­րը չթաքցնե­լով»։ Զար­դա­րեանի խօս­քի մէջ յոյ­սի չափ կաս­կած եւ բար­կութիւն ալ կայ։ Ին­քը ինչքա՚ն ալ բա­րեմիտ եւ ազ­նիւ ըլ­լայ, հա­մոզո­ւած է, թէ պի­տի չկա­րենայ ճա­կատա­գիրը փո­խել ո՚չ իր ան­ձին, ոչ ալ՝ իր ազ­գին։ Ապա կ’ար­տա­սանէ մէկ այլ խօսք, որ կար­ծես թէ կա­րապի երգն էր 39-ամեայ մար­դուն. «Բարձրագ­լուխ ու ան­յողդողդ կանգնած ենք մա­հուան դէմ… Եթէ բար­բա­րոս սու­րը փշրէ մեր վեր­ջին ոս­կո­րը եւ խմէ արիւ­նին վեր­ջին կա­թիլը»։ Յե­տոյ ի՞նչ պի­տի ըլ­լայ։ Ես պատ­մեմ ձե­զի…

Վեր­ջին լու­սանկա­րը

1914 թո­ւակա­նի ամ­րան Զար­դա­րեան մեծ ակնկա­լու­թիւննե­րով եւ ոգե­ւորու­թեամբ պի­տի մաս­նակցի իր կու­սակցու­թեան Կար­նոյ ընդհա­նուր ժո­ղովին, ժո­ղովը դեռ չվեր­ջա­ցած, պի­տի սկսի Հա­մաշ­խարհա­յին պա­տերազ­մը, Զար­դա­րեան ընկճո­ւած պի­տի վե­րադառ­նայ Պո­լիս, պի­տի սկսին մռայլ օրե­րը, խմբա­գիրը մին­չեւ վերջ պի­տի մնայ իր թեր­թի գլխուն, տա­րի մը յե­տոյ 24 Ապ­րի­լին պի­տի աք­սո­րուի, պի­տի ու­ղարկո­ւի նախ Այաշ, ապա՝ Քո­նիա, վեր­ջը՝ Հա­լէպ… Հա­լէպէն ետք՝ ո՚չ մէկ լուր իր­մէ։ Իր սի­րելի կի­նը եւ զա­ւակ­նե­րը ար­տա­սահ­ման պի­տի մեկ­նին, զա­ւակ­նե­րէն Հրաչ Զար­դա­րեան մաս պի­տի կազ­մէ ֆրան­սա­հայ գրա­գէտ­նե­րու փա­ղան­գին, թեր­թը պի­տի դադ­րի «Ազա­տամարտ» ըլ­լա­լէ, պա­տերազ­մէն յե­տոյ լոյս պի­տի տես­նէ «Ար­դա­րամարտ», «Արիամարտ» եւ վեր­ջա­պէս՝ «Ճա­կատա­մարտ» ան­վա­նափո­խումնե­րով։ Հա­պա՞ Խաս­գիւղի Ներ­սէ­սեան վար­ժա­րանը. Պա­տերազ­մի օրե­րուն ան պի­տի դառ­նայ Օս­մա­նեան բա­նակի զօ­րանոց, սպա­ներ պի­տի մտնեն-ել­լեն տա­ղան­դա­շատ եւ ու­սումնա­տենչ հա­յոր­դի­ներ՝ Եղիայի, Մի­նասի, Ռե­թէոսի եւ Մար­տի­րոսի դա­սարան­նե­րը, իսկ օր մըն ալ, 1969-ին, գե­ղադէմ այդ շէն­քը պի­տի ան­հե­տանայ տե­ղի տա­լով մայ­րուղիի մը շի­նու­թեան, իսկ այս պատ­մութեան բո­լոր դե­րակա­տար­նե­րը, նե­րառեալ ան­շունչ կա­ռոյցնե­րը, իրենց ետին լու­սանկար­ներ պի­տի թո­ղուն որ­պէս հրա­ժեշ­տի նշան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ