Հօրենական մեծ հայրս՝ Ստեփանը, 1915-էն պրծած է Թոքաթ-Էրպայէն՝ փախչելով կնոջական հագուստներով եւ դէմքը ցեխածածկ՝ քանի մը կին ազգականներու եւ դրացիներու օգնութեամբ եւ աղօթքով։ Ան այդպէս փախած է, որպէսզի անտեսանելի մնայ. «մի՛ տանիք զայն, անիկա տգեղ է» խօսքերը ազատած են զինք՝ դարձնելով վեց զաւակներով ընտանիքի միակ փրկուողը, 7 տարեկանին։ Մօրենական մեծ հայրս՝ Սարգիսը, ծնած է Սինոպ-Կերզէ, զամբիւղագործութեամբ եւ գիւղատնտեսութեամբ զբաղող ընտանիքի մը մէջ։ Փոքրուց հայերէն չէ սորված ու մեծցած է ինքնութիւնը թագցնելու նշանակութիւնը կարեւորուած գտնելով։ Երբ երբեմն իր յուշերուն մասին կը հարցնէի, անմիջապէս չէր պատասխաներ, յետոյ կամաց-կամաց կը յիշէր իր գիւղի բնութեան գեղեցկութիւնը եւ վերջապէս կը սկսէր խօսիլ տհաճ յուշերուն մասին։
ԼԵՌՆԱ ՊԱՊԻԿԵԱՆ
Ոմանք կը մեռնին, ոմանք կը մնան. «քալան սաղլար պիզիմտիր» (մնացողները մերն են) ասացուածքը զօրակցութեան, պատկանելիութեան եւ համայնք դառնալու դուռ կը բանայ, բայց ի՞նչ պարագաներու եւ մինչեւ ո՞ւր անիկա ասացուածքէ անդին կ՚երթայ։ Պատասխանը կը ձգեմ ձեզի, իսկ ես կը սկսիմ յօդուածս։
Դէպի արեւ երկարող ճիւղի մը կամ պարանի մը շուրջ փաթթուող որթատունկի մը նման, կանուխ տարիքէս նկատեցի, որ ընտանիքիս կարգ մը երէցները կեանքին կը կառչէին լռութեամբ կամ դառնութեան տարբեր աստիճաններով։ Մանկութեանս տարիներուն անհամբեր էի կեանք կոչուող գետին միանալու։ Այն ատեն, միակ վայրը, ուր կրնայի քիչ թէ շատ վայելել այդ խանդավառութիւնը՝ փողոցն էր։ Որեւէ երեխայի նման, նախասիրած ժամանցներս էին պարան ցատկել, ծառ մագլցիլ, աչքխփուկ խաղալ, շան ու կատուի ետեւէ վազել եւ Ֆէրիքոյի միջով անցնող, թէկուզ ապականած, հոսանքին մէջ ինկած գնդակը ազատել փորձել։ Բայց Ազատուհի մեծ մօրս համար, որ տունը կը մնար, այս բոլորը ամօթ էին։ Անոր ըսելով՝ միայն փողոցային աղջիկները դուրսը կը խաղային, իսկ շնորհքով աղջիկները կը մնային տունը։ Այս ցուցմունքով ալ ամէն անգամ որ տունը բանտարկուէի, բնազդաբար կը գտնէի բանալին եւ փողոց կը վազէի՝ հագեցնելու համար խաղալու եւ ազատութիւն առնելու պահանջս։
Տարիներու ընթացքին, դէպի երազանքներուս ճամբուն վրայ, սկսայ երէցներուս մօտ, իրենց կառչած լռութեան եւ զայրոյթի համեմատաբար մոխրագոյն տարածքին մէջ, համատարած բացասական վերաբերմունք նկատել՝ «տեսանելի, ճանաչելի, գիտցուած» ըլլալու հանդէպ:
Այն տարիներուն, երբ տեսանելիութիւնն ու ընկերային ցանցերը այսքան ընթացիկ չէին, հեռատեսիլային ծանուցումներու մէջ կարճ ելոյթներս եւ քարոզարշաւներու որմազդներու վրայ նկարներս՝ ծանուցուած քաղաքի կեդրոնին տարբեր բաժիններու մէջ, Մայտա մեծ մօրս մղձաւանջն էին։ Թէեւ չկարողացաւ դադրեցնել ակնթարթի մը մէջ սկսած եւ անոր յաջորդող ելոյթներս, ան ներքուստ կը բռնկէր ամէն անգամ որ զիս հեռատեսիլէն տեսնէր։
Հանրութեան կողմէ անյայտ եւ անտեսանելի ըլլալը շատ կարեւոր էր իրեն համար, այնքան մը որ ան երբեմն հպարտութեամբ կը պատմէր, թէ ինչպէս 1960-ականներուն հիւանդանոցէն վտարած է իր երրորեակ նորածինները նկարելու համար եկած լրագրողները՝ նոյնիսկ նոր ծննդաբերած վիճակին մէջ սենեակէն ելլելով։
Շրջաններ, գաղթեր
Թէեւ երկու մեծ մայրերս 1915-ի աղէտէն անմիջականօրէն չէին տուժած՝ արդէն իսկ Պոլիս հաստատուած ըլլալնուն շնորհիւ, սակայն իրենց ամուսիններէն եւ շրջապատէն կ՚իմանային անոր մասին. այդ պատումները զիրենք ոչ թէ պատահարին իրազէկ կը դարձնէին, այլ իրենց հոգիին կը խրէին իրենց լսած իւրաքանչիւր բռնութիւն եւ հոգեխոց։
Հօրենական մեծ հայրս՝ Ստեփանը, 1915-էն պրծած է Թոքաթ-Էրպայէն՝ փախչելով կնոջական հագուստներով եւ դէմքը ցեխածածկ՝ քանի մը կին ազգականներու եւ դրացիներու օգնութեամբ եւ աղօթքով։ Ան այդպէս փախած է, որպէսզի անտեսանելի մնայ. «մի՛ տանիք զայն, անիկա տգեղ է» խօսքերը ազատած են զինք՝ դարձնելով վեց զաւակներով ընտանիքի միակ փրկուողը, 7 տարեկանին։
Գիւղին հայ կիներն ու երեխաները, որոնք մեծ հօրս նման կարողացեր էին ազատիլ մահէն, հաւաքելով իրենց խնայած դրամները՝ 1926-ին Պոլիս գաղթած էին, քանի որ վախով եւ մեկուսացած կ՚ապրէին իրենց տուներուն մէջ։ Կիւմիւշսույուի մէջ վարձու տան մը մէջ հաստատուելէ ետք, երիտասարդներէն ոմանք կարողացած էին գործ գտնել, իսկ ուրիշներ՝ մեծ հօրս նման, հայկական գիշերօթիկ վարժարան յաճախած էին։ Այնուհետեւ, 1946-ին, խումբին մեծամասնութիւնը Մարսէյ գաղթած էր։ Մեծ հայրս Պոլիս մնացողներէն մէկն էր, որ ընտրեց հոն հաստատուիլ՝ որոշումը ամրապնդելով մեծ մօրս հանդէպ ունեցած սիրոյն մէջ։
Մօրենական մեծ հայրս՝ Սարգիսը, ծնած է Սինոպ-Կերզէ, զամբիւղագործութեամբ եւ գիւղատնտեսութեամբ զբաղող ընտանիքի մը մէջ։ Փոքրուց հայերէն չէ սորված ու մեծցած է ինքնութիւնը թագցնելու նշանակութիւնը կարեւորուած գտնելով։ Երբ երբեմն իր յուշերուն մասին կը հարցնէի, անմիջապէս չէր պատասխաներ, յետոյ կամաց-կամաց կը յիշէր իր գիւղի բնութեան գեղեցկութիւնը եւ վերջապէս կը սկսէր խօսիլ տհաճ յուշերուն մասին։ Կը պատմէր զատկուան կամ կաղանդի տօներուն այլ գիւղի հայ ընտանիքներուն այցելութեան պատմութիւնները եւ թէ ինչպէս իրենց տօնական հագուստները կը հագնէին իրենց գիւղէն դուրս գալէ ետք, ամայի տեղ մը, եւ կը փոխուէին նո՛յն տեղը՝ նախքան գիւղ վերադառնալնին։
1950-ականներուն, Սարգիս մեծ հայրս աշխատանք գտնելու միտումով ընտանիքին հետ փոխադրուած էր այն ժամանակուան Պոլսոյ բազմազանութիւն վայելող (քոզմոփոլիթըն) Տոլափտերէ շրջանը։ Նախքան երկաթագործութեան վերադառնալը, Սարգիսն ու եղբայրները աշխատած էին շինարարութեան եւ այլ ծանր աշխատանքներու մէջ։
Քանի մը տարի առաջ, 2015-ին, «Ակօս»-ի մէջ «Սինոպի հովը» վերնագրով յօդուածս կարդացած մաքիստրոսականի ուսանողուհի մը, որ Սեւ ծովէն Տոլափտերէ հաստատուած հայերու մասինուսումնասիրութեան վրայ կ՚աշխատէր, հետս կապ հաստատեց՝ խնդրելով հարցազրոյց մը կատարել մեծ հօրս հետ, որ նոյն ճամբէն անցած էր։ Ուսանողուհին խանդավառ էր մեծ հօրս տեսնելու, իսկ մեծ հայրս ալ նոյնքան խանդավառութիւն ցուցաբերեց պատմելու իր յուշերը՝ մինչեւ որ մեծ մայրս, տան թագուհին, միջամտեց։ Քանի մը օր չանցած, արդէն ան արգիլած էր հարցազրոյցի կայացումը, իսկ մեծ հայրս, անախորժութիւն չստեղծելու համար, տեղի տուաւ մեծ մօրս միջամտութեան. ի վերջոյ՝ միշտ մեծ մայրս էր ճիշդը ընտանիքին։
Մեր տան երէցներուն համար թագնուիլն ու անտեսանելը ըլլալը անհրաժեշտութիւն դարձած էր իրենց գոյատեւման ապահովման համար, այն աստիճան, որ, ինչպէս պատմաբան եւ քաղաքագիտութեան տեսաբան Աշիլ Մպեմպէյ կը նշէ, այլեւս կարիք չկար գործուն ոճրագործի, որովհետեւ այդ ոճրագործի շուքին տակ ապրելով՝ անտեսանելի ըլլալու կենցաղակերպերը ժամանակի ընթացքին բնականոնացուած կը դառնային։ Այս արդիւնքով յառաջացած ինքնաքննութիւնը, իր արմատները խրած ըլլալով անցեալին մէջ, կը ծաւալի՝ երբեմն դպնալով անոնց այսօրուան գոյութեան եւ անցեալի պատմութիւններուն։
Վստահաբար պատահաբար չէ, որ ես ալ, գէթ անգիտակցաբար, ընտրած եմ տեսանելութեան վրայ կեդրոնացած ասպարէզ մը եւ թէ երբեմն կատարողական արուեստի աշխարհին մէջ ինքզինքս կը գտնեմ տեսանելի եւ աներեւոյթ ըլլալու երկուութեան միջեւ։ Գրեթէ բոլոր ոլորտներու մէջ, գերիշխող ախտագին կառոյցները իրենք զիրենք կը կրկնեն՝ որոշելով ինչ բանին անտեսանելի դառնալը։ Բայց եթէ համապարփակ եւ անաչառ կերպով նայինք, թէ ո՛վ կը վճարէ տեսանելի ըլլալու գինը, ինչը կը կորսուի կամ կը պահուի անտեսանելիութեան քաղաքականութեան միջոցով՝ մշակութային, ընկերային, անձնական եւ բնահամակարգային մակարդակներու վրայ, այս կորուստները վերանորոգուած քաղաքակրթութեան սերմերու կրնան վերածուիլ։ Եւ այն ատեն, մնացողները՝ «կալան սաղլար պիզիմտիր»-ները, հաւանաբար առիթ կ՚ունենան ամբողջականօրէն կենդանի կեանք մը ապրելու։ Կը մաղթեմ, որ մինչեւ այն ատեն, մանաւանդ անտեսանելի դարձուածները, ի հեճուկս ամէն ինչի կարողանան ըսել՝ «կամ եւ հոս եմ»։
(Թարգմանեց Արազ Գոճայեան)