Պէզճեան Մայր Վարժարանի Ընթացաւարտներուն Անմոռանալի Շրջանաւարտութեան Հանդէսը

Յունիս 20-ի գիշերը, Գազազ Յարութիւն Պէզճեան սրահը տանտիրութիւն ըրաւ յատկանշական արարողութեան մը։ 8-րդ դասարանի աշակերտներու շրջանաւարտութեան հանդիսութիւնը կատարուեցաւ՝ մասնակցութեամբ Գերաշնորհ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի, Արժանապատիւ Տ. Գրիգոր Աւգ.Ք. Տամատեանի, Արժանապատիւ Տ. Տրդատ Ք.Ուզունեանի, Թաղային Խորհուրդի անդամներու, տնօրէնութեան ու ուսուցչաց կազմի, ծնողաց ու սանուց միութեան եւ այլ հիւրերու։
Շրջանաւարտ դասարանի ուսուցիչը՝ Սօնա Արթան վարեց յայտագիրը։ Տղաքը մէկ առ մէկ հրաւիրուեցան  ծափերու ուժգին ողջոյնի տակ և առաջնորդուեցան բեմ  ու արժանացան մեծարանքներու և գնահատանքներու։ Տնօրէնուհի` Քլոտիա Ա.Տէմիր հրաժեշտի խօսք մը արտասանեց։ Ապա հիւրեր ու հրաւիրեալներ դիտեցին պաստառի ցուցադրութիւն մը,որ կը բովանդակէր տղոց 10 տարուայ ուսման ճամբորդութիւնը եւ այս տարուայ յաջողութիւնները։
Յատուկ խնամքով պատրաստուած ծրագրի ընթացքին, շրջանաւարտ աշակերտները բեմ բարձրացան՝ իրենց տաղանդները ներկայացնելով բանաստեղծութիւններով, երգերով եւ պարերով։
Թաղային Խորհուրդը, Հիմնադրի ներկայացուցիչ Ժանէթ Շիրինօղլուն, Սանուց Միութիւնը եւ Սասուն Պիթլիս Հայ Միութիւնը նուէրներ պատրաստած էին տղոց համար։Հանդիսութեան ընթացքին իրենց տէրերը գտան նաեւ "Սարայլը" և "Մատլէն Արսլանեան" մրցանակները։ Խանդավարութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ երբ տղաքը դէպի վեր նետեցին իրենց գդակները եւ կտրեցին կարկանդակը։
Անոնք հպարտութեամբ ստացան իրենց վկայականները եւ գիշերը անմոռանալի յուշերով պսակեցին։ Գիշերուան աւարտին, հուսկ բանքը արտասանեց` Գերաշնորհ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանը։
Թող իրենց ճամբան բաց ըլլայ եւ ապագան՝ պայծառ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ