Անտիոքի մէջ Սուրբ Պետրոսի եւ Սուրբ Պօղոսի Տօնը նշուեցաւ

Սուրբ Պետ­րոս եւ Պօ­ղոս Առա­քեալ­նե­րու տօ­նին առ­թիւ, 29 Յու­նիս 2025, Կի­րակի, Ան­տիոքի Սուրբ Պետ­րոս քա­րայր-եկե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ մի­ջեկե­ղեցա­կան արա­րողու­թիւն մը։

Այս տա­րուան արա­րողու­թեան հա­մանա­խագա­հեցին Լի­բանա­նի Յոյն Ուղղա­փառ պատ­րիար­քա­կան փո­խանորդ եւ Զահ­լէի ու Պաալ­պե­քի Ան­տո­նիոս Սու­րի Մետ­րո­պոլի­տը, Լա­տին Կա­թողի­կէ եկե­ղեց­ւոյ Անա­տոլո­ւի առա­քելա­կան կա­ռավա­րիչ Մոնս. Ան­թո­ւան Ըլ­կը­թը եւ Հա­թայի հայ եկե­ղեցի­ներու հո­գեւոր հո­վիւ ու գա­ւառ­նե­րու մեր հա­մայնքնե­րու տե­սուչ Արժ. Տ. Աւե­տիս Քհնյ. Թա­պաշեան։

Եկե­ղեց­ւոյ մէջ, որ երկրա­շար­ժէն չէր վնա­սուած, արա­րողու­թեան ըն­թացքին յոտնկայս լռու­թիւն պա­հուե­ցաւ երկրա­շար­ժի ըն­թացքին զո­հուած­նե­րու յի­շատա­կին, ապա եր­գո­ւեցաւ ան­կա­խու­թեան քայ­լերգը։

Ներ­կայ էին Ան­տիոքի եւ յա­րակից շրջան­նե­րու ուղղա­փառ ու կա­թողի­կէ եկե­ղեցի­ներու հո­գեւո­րական­նե­րը։ Մեր­ձա­կայ ու հե­ռաւոր քա­ղաք­նե­րէ հա­ւատա­ցեալ­նե­րու բազ­մութիւն մը մաս­նակցե­ցաւ հան­դի­սու­թեան, ուր ջերմ մթնո­լոր­տի մէջ եր­գո­ւեցան մի­ջեկե­ղեցա­կան աղօթքներ եւ քոյր եկե­ղեցի­ներու շա­րական­ներ։ Աղօթքնե­րէ ետք ար­տա­սանո­ւած ու­ղերձնե­րու ըն­թացքին քննար­կո­ւեցան Սուրբ Պետ­րոս եւ Սուրբ Պօ­ղոս առա­քեալ­նե­րու հա­ւատ­քի ու հա­մոզ­մունքնե­րու կա­ռու­ցո­ւածքնե­րը, ընդգծո­ւեցաւ, որ անոնց պատ­րաստա­կամու­թիւնը՝ զո­հաբե­րելու իրենց կեան­քը Տի­րոջ հա­մար՝ չնա­յած բազ­մա­թիւ դժո­ւարու­թիւննե­րու, օրի­նակ է իւ­րա­քան­չիւր քրիս­տո­նեայի հա­մար։

Զահ­լէի Ան­տո­նիոս Սու­րի Մետ­րո­պոլի­տը իր ելոյ­թին ըն­թացքին բա­ցատ­րեց, որ երկրա­շար­ժէ յե­տոյ տե­ղի ու­նե­ցած իրա­դար­ձութիւննե­րը շատ դժո­ւար էին: Հա­թայի կա­րեւո­րու­թիւնը մեծ էր մշա­կոյ­թի եւ հա­ւատ­քի տե­սակէ­տէ: Ան փառք տո­ւաւ Տի­րոջ այստեղ ապ­րողնե­րու հա­ւատ­քին հա­մար եւ խնդրեց, որ ամէն մարդ թող աղօ­թէ Սու­րիոյ մէջ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցած եկե­ղեց­ւոյ պայ­թումի նա­հատակ­նե­րուն ու անոնց հա­րազատ­նե­րուն հա­մար։

Արա­րողու­թեան ըն­թացքին խա­ղաղու­թեան եւ եղ­բայրու­թեան ու­ղերձներ յղո­ւեցան ամ­բողջ աշ­խարհին։

Ապա եկե­ղեցի­ներու առաջ­նորդներ օրհնե­ցին ժո­ղովուրդը։

Աւե­լի ուշ զրոյցներ տե­ղի ու­նե­ցան հո­գեւո­րական­նե­րու եւ վա­քըֆ­նե­րու ատե­նապետ­նե­րու հետ, որոնք հա­ւաքո­ւած էին Ուղղա­փառ եկե­ղեց­ւոյ վա­քըֆի կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած սի­րոյ սե­ղանի շուրջ։

Ժա­մը 16:00-ին երկրա­շար­ժէ վնա­սուած եւ վե­րականգնո­ւած Ան­թա­քիոյ Կա­թողի­կէ Եկե­ղեց­ւոյ դռնե­րը բա­ցուե­ցան յա­տուկ արա­րողու­թեամբ՝ նա­խագա­հու­թեամբ Մոնս. Ան­թո­ւան Ըլ­կըթ Եպս.ի: Ս. Պա­տարա­գին ներ­կայ էին Ան­թա­քիոյ ուղղա­փառ եկե­ղեց­ւոյ Անա­տոլո­ւի կա­ռավա­րիչ Հ. Փաւ­լոս Վրդ. Օր­տուլո­ւօղ­լու, Տ. Տի­միթ­րի Քհնյ. Տո­ղու, Հայ Եկե­ղեցիէն Արժ. Տ. Աւե­տիս Քհնյ. Թա­պաշեան եւ Իս­քենտէ­րու­նի Ս. Քա­ռասուն Մա­նուկ Եկե­ղեց­ւոյ Ծխա­կան խոր­հուրդի ատե­նապետ Եու­սուֆ Թա­պաշ: Մաս­նակցե­ցան քոյր եկե­ղեցի­ներու ան­դամներ:

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ