Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի անուան մարզական փառատօնը, 25 Յուլիս 2025, Ուրբաթ երեկոյեան Գնալը Կղզիի մէջ եզրափակուեցաւ։ Հրամանաւ ու օրհնութեամբ՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր կազմակերպուած փառատօնը սկսած էր 21 Յուլիսին։
Հանդիսութեան նախագահեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, կողքին ունենալով Իշխանաց Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը։ Ներկայ էին նաեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ, Կազդուրման Կայանի, Շիշլի Մարմնակրթական Միութեան եւ Ներսէսեան Դպրաց Դասու վարիչներ ու անդամներ, ինչպէս նաեւ խաղերու մասնակից մանուկներն ու ծնողներ։
Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Տէրունական Աղօթքով, ապա սփռուեցաւ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի այնքան սիրած «Նախ խնդրեցէք» հոգեւոր երգը։
Բացման խօսքը արտասանեց Տ. Յարութիւն Վրդ. եւ ողջունեց Պատրիարք Հայրը, ինչպէս նաեւ տարբեր տարիքներէ մարզիկներն ու իրենց ընտանիքները։ Հայր Սուրբը, իր երախտագիտութիւնը յայտնեց մեր Հոգեւոր Պետին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց, որ փակման արարողութեան ներկայ կը գտնուէր։ Այս առթիւ շեշտեց, որ այս փառատօնը ունէր մէկ նպատակ, որ է եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ համախմբել համայնքիս զաւակները եւ առիթ ստեղծել միասնաբար մրցելու եւ հաճելի պահեր անցընելու։
Ապա, Հայր Սուրբը յանձնեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ, Կազդուրման Կայանի, Շիշլի Մարմնակրթական Միութեան եւ Ներսէսեան Դպրաց Դասու ուղղեալ շնորհաւորագրերը, յիշեցնելով, թէ իրենց համագործակցութեամբ յաջողած էր այս տարուան ծրագիրը եւս։ Շնորհաւորեգրեր յանձնուեցան նաեւ բոլոր երախտաւորներուն, որոնք ներդրում ունեցած էին մրցումներուն կանոնաւորաւորութեան։ Պատրիարք Հօր ձեռամբ յուշանուէր եւ շնորհաւորագիր յանձնուեցաւ Ռաֆֆի Քալքին, որ գլխաւորած էր խաղերը եւ կազմակերպչական աշխատութիւնները։
Մեր Հոգեւոր Պետը պատգամը փոխանցեց եւ ուրախութիւնը յայտնեց, տեսնելով տասնեակ մանուկներու եւ իրենց ընտանիքներու ներկայութիւնը։ Յայտնի էր, թէ լուրջ աշխատութեան մը արդիւնքն էր այս մէկը եւ այս առթիւ գնահատեց Կղզեաց Տ. Յարութիւն Վրդ.ը եւ բոլոր կամաւորները։ Պատրիարք Հայրը ըսաւ, որ Մեսրոպ Պատրիարքը եղած է շատերուն վարդապետը, ուսուցիչը, որոնք այսօր որպէս եկեղեցական կամ ընտանիքի հայր ու մայր, կը շարունակեն համայանքային կեանքը։ Իր անուան ձօնուած այս խաղերը, մեզի կու գան յիշեցնելու թէ, այսօր եւս կը յիշատակուի յատկապէս Գնալը Կղզիի բարձունքին, քանի այստեղ ծառայած է եւ իր ծառայութեան արդիւնքը դարձած է օրհնութիւն շրջանէն ներս։
Ապա գործադրուեցաւ մրցանակաբաշխութունը։ Բեմ հրաւիրուեցան վոլէյպոլի, պասքէթպոլի, սեղանի թէնիսի, ճատրակի, ոտնագնդակի մարզերու աստիճանակիրներն ու դափնեկիրները։ Մեր Հոգեւոր Պետը նուիրեց ոտնագնդակի մարզէ ներս աստիճան ստացած պատանիներու մրցանակները։