Հայ երաժշտական գանձարանի մէջ անհամար են Մարաթուկ Սարի ձօնուած երգերը։ Իր աշխարհագրական դիրքի հետեւանքով Մարաթուկ Սարի գագաթը այդքան ալ դիւրին հասանելի չէ եղած բոլոր ժամանակներուն։
Վերջերս շնորհիւ Ազիզ Տաղճըի նախագահած միութեան ջանքերուն, Մարաթուկ սարը թէ տեղական իշխանութիւններու եւ թէ Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան նախարարութեան ուշադրութեան արժանացաւ։ Այս ծիրէն ներս Պաթմանի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան տնօրէնութիւնը տեղեկատուական բնոյթով ժողով մը կազմակերպեց Պոլսոյ մէջ։ Ժողովին հրաւիրուած էին Սասունի Հայրենակցական միութեան ատենապետ՝ Արամ Տեմիր, Միութեան անդամներէն Պէսսէ Քապաք եւ Սամի Արթան։
Այստեղ տնօրէն Մեհմէտ Իհսան Ասլանլը բացատրութիւններ տուաւ ցարդ կատարուած գործերու մասին։ Ան նշեց թէ Բացի հայոց Պետրոս առաքեալի վանական համալիրէն եւ Բարձրադիր Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցիէն, նորոգութիւն կը նախատեսուի նաեւ Եզդիներու ուխտավայրերու եւ ասորիներու Մոր Քիրիաքոս վանքի համար ալ։
Լուսաբանական բնոյթով այս ժողովին Հայճարի անունով ներկայ էր ճարտարագէտ Նազար Պինաթլը։
Ան ալ յայտնեց թէ ՀայՃար միութիւնը պատրաստ է վերանորոգման աշխատութիւններուն նպաստելու որպէս խորհրդատու։
Նման նորոգութիւններու ընթացքին օրակարգի եկող կարեւորագոյն նիւթերէն մէկն ալ նորոգութենէ ետք տուեալ շինութեան շահագործման ձեւն է։
Ըստ երեւոյթի գործող կառավարութիւնը համարձակութիւն չունի եկեղեցի մը նորոգելով պաշտամունքի բանալու։ Մնաց որ տարածաշրջանի վրայ նման պահանջ մըն ալ չկայ։ Անցեալին Աղթամար Կղզիի պատմական եկեղեցւոյ նորոգութեան ժամանակ ալ այս նիւթը օրակարգի եկած էր եւ այդ ժամանակուայ պատրիարքական փոխանորդ Արամ Արք. Աթէշեան մերժած էր եկեղեցւոյ սեփականութիւնը ստանձնել, յայտնելով որ այդ տարածքին մէջ հաւատացեալներու հօտ մը գոյութիւն չունի եւ Պատրիարքարանը նոյնիսկ զուրկ է պահակի մը ամսականը վճարելու կարողութենէն։ Այդ ժամանակ լուծումը գտնուած էր եկեղեցին թանգարանի վերածելով, ուր հայեր տարին մէկ անգամ Սուրբ Խաչի տաղաւարին Սուրբ Պատարագով պիտի յիշատակէին եկեղեցւոյ անուան տօնակատարութիւնը։
Նման լուծում կ՚առաջարկուի նաեւ Մարաթուկ Լերան Բարձրադիր Սուրբ Աստուածածին եւ ստորոտի Պետրոս Առաքեալի վանքին համար։
Անշուշտ որ այս բոլորը ժամանակի ընթացքին եւս կ՚ունենան տարբեր ընթացքներ, բայց ինչ որ ալ ըլլայ ողջունելի զարգացում մըն է երկար տարիներ անտէրութեան մատնուած այս սրբավայրի նորոգումն ու ամրացման ջանքերը։