Մարտինի Մոր Հուրմիւզ Քաղդէական Եկեղեցւոյ մէջ նկարահանուած տեսանիւթը կը պարզէ թէ անծանօթ մը հակաքրիստոնէական նախատինքներ կ՚արտասանէ եւ կը թքէ:խաչին վրայ։
«Սապրօ» թերթի տեղեկութեան համաձայն, 430 թուականին կառուցուած Մոր Հուրմիւզ Քաղդէական Եկեղեցւոյ մէջ այդ անարգանքը ընող անձը արաբախօս մըն է, որ փորձած է նաեւ վնասել եկեղեցւոյ իրերը։ Ան փորձած է նաեւ Սուրբ Կոյս Մարիամի արձանը ջարդել։
Պատահածի մասին թերթին տեղեկութիւն տուող Քաղդէական Հիմնադրամի ներկայացուցիչը յայտնած է թէ եկեղեցին բաց է այցելուներու դիմաց։ «Օրուայ ընթացքին ուղեւորներ կ՚այցելեն եկեղեցին։ Ներսը յատուկ:անվտանգութեան ծառայութիւն մը չունինք։ Արդարեւ չենք գիտեր նաեւ թէ երբ պատահած է այս դէպքը։ Կը կարծենք թէ այս սրբապղծութեան հեղինակը Թուրքիոյ քաղաքացի մը չէ, այլ օտարազգի մը։Պիտի դիմենք ոստիկանութեան եւ պիտի յուսանք որ յայտնաբերուի ու արժանի կերպով պատժուի իր արարքին համար» ըսած է եկեղեցւոյ հիմնարկի ներկայացուցիչը։