Ինչպէս նախորդ 16 տարիներուն, այս տարի ալ 15 Սեպտեմբեր երկուշաբթի երեկոյ պիտի կայանայ Հրանդ Տինքի անուան ձօնուած միջազգային մրցանակի տուչութեան հանդէսը։
Լիւթֆի Քըրտար համագումարներու դահլիճին մէջ կայանալիք մրցանակաբաշխութեան կարելի է հետեւիլ նաեւ Հրանդ Տինք Հիմնարկի կայքէջէն եւ Հիմնարկի «Եութուպեան» հաշիւէն։ Հազալ Թիւրեսանի հանդիսավարութեամբ երաժշտական ելոյթներ պիտի ունենան Սիպիլ եւ Զելիշահ, Ժաննա Դաւիթեան, Արման Փեշտեմալճեան , Ստեփան Տէր Ղեւոնդեան, Սելին Սիւմպիւլթեփէ, Էրքան Զէքի Առ եւ «Կեւենտէ» խումբը։ Օրուայ անակնկալն է Հիւսնիւ Արքանին Հրանդ Տինքի յիշատակին յօրինած «Աղբարիկ» երգը, որ պիտի ներկայացուի հեղինակի ու Ճէյլան Էրթեմի մեկնաբանութեամբ։