Ես կը գրեմ այս երախտագիտութեան խօսքերը նոյն օր, երբ լուր տարածուեցաւ Անաս Ալ-Շարիֆի՝ Կազզայի մէջ «Ալ Ճազիրէ» թերթի թղթակիցի, ինչպէս նաեւ այլ լրագրողներու սպանութեան մասին, որոնք զոհ գացին ցեղասպանութեան մասին լուսաբանելու համար։ Անոնք քաջարի վկաներ էին, որոնք զոհաբերեցին իրենց կեանքը՝ պաշտպանելով տեղեկատւութեան ազատութիւնը եւ մարդու իրաւունքները, որոնք ամենուրէք պատանդուած են։ Ես ինձ կը հարցնեմ, թէ ինչ կ՚ընէին իմ նման լրագրողները (վերջիվերջոյ, ես լրագրող եմ) այդ իրավիճակին։ Արդեօ՞ք մենք կ՚ունենայինք քաջութիւն դիմադրելու եւ դիմանալու ռումբերուն, սովին, ծարաւին եւ մեր երկրի լիակատար ոչնչացման։
Անասը եւ շատ ուրիշներ դարձած են դիմադրութեան խորհրդանշաններ՝ ընդդէմ կործանուող անմարդկային աշխարհի։ Ցեղասպանութիւնը անոր իրական ապացոյցն է, իսկ պաղեստինցի ժողովուրդի պայքարը՝ յոյսի փարոս խաւարի մէջ։
Այս յատուկ մրցանակ է, քանի որ ան նաեւ կը բխի ժողովուրդի մը դիմադրողականութենէն, որ կրկին ոտքի կանգնած է ցեղասպանութենէ ետք։ Անոնք ոտքի կանգնած, վերակառուցած են իրենց համայնքները եւ կենդանի պահած ազգային մշակոյթը։ Աշխարհին ցոյց տուած են, որ յիշողութիւնը կենսակերպ է եւ արդարութեան ուղի։ Հրանդ Տինքը նոյնպէս սպանուեցաւ ճշմարտութեան, յիշողութեան եւ ժողովուրդներու միջեւ համակեցութեան իր նուիրուածութեան համար։ Այդ պատճառով ես կրկին կ՚ըսեմ, որ սա ինձ համար մեծ պատիւ է եւ կը յայտնեմ իմ երախտագիտութիւնը։ Սա գեղեցիկ մրցանակ է, քանի որ այն կը բխի արմատներէն, որ նորից ծլած են։ Իմ խորին հիացմունքն ու յարգանքը ձեզ։
Մենք չենք կրնար ինքնախաբէութեան երթալ։ Կ՚ապրինք անորոշութիւններով լի ժամանակաշրջանին, ուր սարսափի դեւերը դարձած են մեր կեանքի ամենօրեայ ուղեկիցները։ Արդիւնահանողները բառացիօրէն արիւն կը քամեն երկրէն՝ արմատախիլ ընելով ձիթէնիները գրաւուած տարածքներէն, արդիւնահանելով ոսկի Քոնկոյի խորքէն՝ հէնց երախաներու ձեռքերով, այրելով հողակտորներ՝ հանքանիւթեր ստանալու համար, եւ կրակելով անոնց վրայ, որոնք կը մօտենան գետերուն՝ ջուր վերցնելու համար։ Մինչդեռ կլիմայական փոփոխութիւնը, երեւոյթ, մըն է որ արդէն իսկ մահացութիւններու եւ սովի պատճառ է եւ որոշիչ դեր կը կատարէ յառաջիկայ տարիներուն մարդկանց գաղթերու հարցին, բայց կը ժխտուի։ Ցեղապաշտութիւնը, այլամերժութիւնը, իսլամաֆոպին եւ «ուրիշի» նկատմամբ ատելութիւնը դարձած են մի տեսակ չարիք, որ կը խթանէ մահը։ Անմարդկայնացումը կը տարածուի, կը ծաղկի բերրի հողի վրայ։ Սահմաններուն մօտ մենք լաւ գիտենք սա. կը հասկնանք, թէ ստուերային քաղաքականութիւնը ինչպէս կը կառուցէ անօրէն ոլորտներ, ինչպէս կ՚ընտրէ, թէ որ կեանքերն են միանգամեայ օգտագործման, կեանքեր՝ որոնք նշանակութիւն չունին կլանող եւ արդիւնահանող համակարգի համար։ Սահմաններ, ուր կը մղուին ցած խտութիւնով պատերազմ՝ զոհեր տալով միայն մէկ կողմէն, մինչդեռ մեղաւորները, մարդասպանները, կը վայելեն սարսափելի անպատժելիութիւն։ Ասոնք այն տարածքներն են, ուր զէնք արտադրող ընկերութիւնները ներդրումներ կատարած են գաղթականութեան վերահսկողութեան մէջ եւ գաղթը վերածած են կրկնակի առեւտուրի՝ նախ եւ առաջ տեղահանութիւն յառաջացնելով եւ անտանելի տառապանքներ ու մահ պատճառելով փախչողներուն։ Անոնք կը սպաննեն կամ կը թողուն, որ մահանան պարզապէս տեղաշարժուելու իրենց իրաւունքը գործադրելու ընթացքին։
Աշխարհի նոր վերակացուն, որու անունը նոյնիսկ յիշատակելու արժանի չէ, կը ղեկավարէ կայսրութիւն մը, որ կառուցուած է եւս մէկ ցեղասպանութեան վրայ։ Այս ցեղասպանութիւնը թիրախաւորած է բնիկ ժողովուրդները եւ արմատացած է հազարաւոր ստրկացուած ափրիկեցիներու արեան մէջ։ Այս անհատը կը պարծենայ կոկորդիլոսներով շրջապատուած բանտեր կառուցելով բոլոր անոնց համար, որոնք կը համարձակին տեղաշարժի։ Անոր ոստիկանութիւնը կը ձերբակալէ մայրերը, որոնք իրենց երախաները դպրոցէն կ՚առնեն եւ մարդկանց կ՚անհետացնեն երրորդ երկրներու կալանավայրերուն՝ պարզապէս գաղթական ըլլալու համար։
Սահմանային վարչակարգերը նման են միմեանց աշխարհի բոլոր ծայրերուն։ «Եւրոպա-ամրոցը» կառուցած է պատեր եւ մահացու ցանկապատեր, Հիւսիսային Ափրիկէի երկրներու հետ պայմանագրեր կնքած է որպէս ժանդարմներ եւ անտեսանելի պատնէշներ գծած Միջերկրական ծովուն եւ Ատլանտեան ովկիանոսին վրայ։ Անօրէն թագաւորութիւններու կառուցումը ուղեկցուած է մարդկանց զոհաբերութեամբ, եւ քրեականացմամբ։
Այս ֆորումը եւ այս մրցանակը հնարաւորութիւն կու տան դատապարտելու բնակչութեան վերահսկողութեան քաղաքականութիւնը միտուած անօրինական տարածքներու ստեղծումը, որոնք կը խաթարեն տեղաշարժի եւ արժանապատիւ ապրելու իրաւունքը։
Մենք այստեղ ենք՝ դատապարտելու գաղթականներու մահը եւ շահագործումը որպէս նենգ առեւտուր։ Պատահական չէ, որ սահմաններուն ամէն օր մարդկանց սպանող հսկողութեան սարքերու մեծ մասը սիոնիստական ծագում ունի եւ նախ փորձուած է պաղէստինցի ժողովուրդի վրայ, ապա գնուած այլ յանցաւոր պետութիւններու կողմէ։
Մենք այստեղ ենք՝ մահուան եւ տառապանքի գաղափարախօսութեան հիմքը կազմող ցեղապաշտութեան դէմ պայքարելու համար։ Մենք այստեղ ենք՝ յարգանքի տուրք մատուցելու 31,258 մարդկանց, որոնց մահը փաստագրած է մեր կազմակերպութիւնը՝ «aminando Fronteras»-ը, Սպանիոյ եւ Ափրիկէի սահմաններու երկայնքով 2018 թուականէն մինչեւ օրս, եւ այն հազարաւոր մարդկանց, որոնք ամէն օր կը կորսնցնեն իրենց կեանքը սահմանամերձ գօտիներուն։ Անոնց յիշատակը մեզ ուժ կու տայ։
Անոնց անունով՝ մենք չենք կրնար յուսահատութեան կամ վախի մատնուիլ։ Արժանապատւութիւնը առաջ շարժուելու ուղին է, երբ կեանքի եւ համերաշխութեան արմատները յարձակման ենթարկուած են այդքան շատ ճակատներուն։
…Այսօր մենք բոլորի անունով կ՚աղաղակենք, որ ամօթը զոհերուն չէ, այլ անոնց մեղաւորներու՝ յանցագործներուն։ …Ահա թէ ինչու մեր երախտագիտութիւնը, այսօր եւ միշտ, զոհերուն է, քանի որ անոնց յիշատակը մեզ կը պահէ։ Ան անոնց սիրելիներուն է այն ուժի համար, որոնք մեզ կու տան պատերը քանդելու եւ ապագայի հանդէպ վստահութիւն ունենալու կորողն է…
Շնորհակալութիւն, քոյրեր։ Սահմաններէն զերծ աշխարհի համար, կեցցէ՛ ազատ Պաղէստինը։

