Ձերբակալման հերթը հասաւ Պայրամփաշային

Հետզհե­տէ զզո­­ւելի, նոյ­­նիսկ ան­­հանդուրժե­­լի բնոյթ կը ստա­­նայ ամէն շա­­բաթ Ժո­­ղովրդա­­հան­­րա­­­պետա­­կան կու­­սակցու­­թեան շար­­քե­­­րէն ընտրո­­ւած քա­­ղաքա­­պետի մը եւ անոր ան­­մի­­­ջական աշ­­խա­­­տակազ­­մին նախ բեր­­ման են­­թարկո­­ւելու եւ ապա ձեր­­բա­­­կալո­­ւելու մա­­սին լու­­րե­­­րը։

Այդ շղթա­­յի վեր­­ջին օղա­­կը դար­­ձաւ Պայ­­րամփա­­շայի քա­­ղաքա­­պետա­­րանը, ուր քա­­ղաքա­­պետ Հա­­սան Մութլու­­յի հետ բեր­­ման են­­թարկո­­ւեցան 48 բարձրաս­­տի­­­ճան պաշ­­տօ­­­նեաներ։ Անոնցմէ շա­­տեր հար­­ցաքննու­­թե­­­նէ ետք ձեր­­բա­­­կալո­­ւեցան դա­­տախա­­զի յանձնա­­րարու­­թեամբ, իսկ մնա­­ցեալ­­ներն ալ ազատ ար­­ձա­­­կուե­­ցան տնա­­յին կա­­լան­­քի պար­­տադրան­­քով։

Ցա­­ւալին այն է, որ այս տե­­սակի գոր­­ծո­­­ղու­­թիւննե­­րը կը մեկ­­նարկեն շատ ան­­գամ ան­­հիմն, փաս­­տա­­­ցի տո­­ւեալ­­նե­­­րէ զուրկ բո­­ղոք­­նե­­­րու հե­­տեւան­­քով։

Գաղտնիք չէ թէ Ժո­­ղովրդա­­հան­­րա­­­պետա­­կան քա­­ղաքա­­պետ­­ներ շատ ան­­գամ խա­­փանե­­ցին նա­­խորդ շրջա­­նին այս կա­­ռոյ­­ցէն պա­­տուէր­­ներ եւ շա­­հու­­թա­­­բեր գոր­­ծեր ապա­­հովող որոշ շրջա­­նակ­­ները։

Այժմ անոնք են որ փաս­­տե­­­րէ զուրկ պնդումներ կը ներ­­կա­­­յաց­­նեն դա­­տախա­­զու­­թեան՝ ըսե­­լով թէ քա­­ղաքա­­պետա­­րանի պաշ­­տօ­­­նէու­­թիւնը իրենցմէ կա­­շառք պա­­հան­­ջած է։

Դա­­տարան­­ներն ալ այս ան­­հիմն պնդումնե­­րը նկա­­տի առ­­նե­­­լով կը փոր­­ձեն իշ­­խող կու­­սակցու­­թեան տրա­­մադ­­րել բո­­լոր այն քա­­ղաքա­­պետա­­րան­­նե­­­րը, որոնք ընտրու­­թիւննե­­րու հե­­տեւան­­քով ան­­ցած էին Ժո­­ղովրդա­­հան­­րա­­­պետա­­կան կու­­սակցու­­թեան։

Խնդիրն այն է թէ ար­­դա­­­րադա­­տական հա­­մակար­­գը ամ­­բողջո­­վին են­­թա­­­կայ դար­­ձած է իշ­­խող կա­­ռավա­­րու­­թեան եւ դա­­տաւոր­­նե­­­րը մատ­­նո­­­ւած են այն վա­­խին, ըստ որու եթէ չկա­­տարեն իրենցմէ պա­­հան­­ջո­­­ւածը կրնան նոր պաշ­­տօններ ու­­նե­­­նալ երկրի յե­­տամ­­նաց տա­­րածքնե­­րուն մէջ։

Բո­­լորո­­վին ան­­հիմն չէ այս մտա­­վախու­­թիւնը, քա­­նի որ մօտ ան­­ցեալին նման բնոյ­­թով բա­­զում օրի­­նակ­­ներ ապ­­րո­­­ւած են։

Այս բո­­լորին դէմ Ժո­­ղովրդա­­հան­­րա­­­պետա­­կան կու­­սակցու­­թիւնը կ՚ապա­­ւինի հան­­րա­­­հաւաք­­նե­­­րու՝ որոնք որ­­քան ալ մար­­դա­­­շատ ըլ­­լան չեն կրնար ազ­­դե­­­ցու­­թիւն գոր­­ծել իշ­­խա­­­նու­­թեան վա­­րած քա­­ղաքա­­կանու­­թեան հանդէպ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ