Մրցանակաբաշխութիւն՝ Հրանդ Տինքի տարեդարձին

15Սեպտեմ­բե­րը ամէն տա­րի կը նշուի իբ­րեւ Հրանդ Տին­քի ծննդեան օրը։ 2009-էն այս կողմ այդ օրը ծա­նօթ է նաեւ Հրանդ Տինք Հիմ­նարկի կազ­մա­կեր­պած մի­ջազ­գա­յին պար­գե­ւատւչու­թեամբ։ Ար­դա­րեւ Եր­կուշաբ­թի երե­կոյ կա­յացաւ մրցա­նակ­նե­րու բաշխման արա­րողու­թիւնը, Լիւթֆիւ Քըր­տար Հա­մագու­մարնե­րու Դահ­լի­ճին մէջ, բազ­մա­թիւ հան­դի­սատես­նե­րու ներ­կա­յու­թեամբ։ Մի­ջոցա­ռու­մը հե­ռակայ կա­պով սփռո­ւեցաւ նաեւ հիմ­նարկի ըն­կե­րական ցան­ցե­րու մի­ջոցաւ։

Հան­դի­սավար Հա­զալ Թիւ­րե­սէն հան­դի­սատես­նե­րը ող­ջունե­լէ ետք բաց­ման ճա­ռը ար­տա­սանե­լու հա­մար բեմ հրա­ւիրեց Հրանդ Տինք Հիմ­նարկի նա­խագահ Ռա­քէլ Տին­քը։ (Տի­կին Ռա­քէլի ելոյ­թը ան­ջա­տաբար կը հրա­տարա­կենք յա­ջորդ էջի վրայ)։

Հան­դէ­սի տե­ւողու­թեամբ բեմ բարձրա­ցան հան­րա­ծանօթ երա­ժիշտներ ու­րոյն կա­տարումնե­րով ու մեկ­նա­բանու­թիւննե­րով։

Մի­ջոցառ­ման ատե­նախօս­նե­րու շար­քէն էր մրցա­նակի յանձնա­խումբի ատե­նապետ Այ­շէ Քա­տըօղ­լու, որ բո­վան­դա­կալից ու խո­րիմաս զե­կոյ­ցով մը փայլ տո­ւաւ հան­դի­սու­թեան։ Ան իր ելոյ­թի ըն­թացքին մի առ մի ծա­նօթա­ցուց նաեւ դա­տակազ­մի ան­դամնե­րը։ Այսպէս իրենց լու­սանկար­նե­րու ըն­կե­րակ­ցութեամբ հնչե­ցին Աս­լը Պա­լի, Ֆաթ­մա­կիւլ Պերքթայ, Ռա­քէլ Տինք, Արա Ղա­զարեան, Վոլֆկանկ Քա­լեք, Ռե­շատ Քա­սապա, Ճեմ Ման­սուր, Զէյ­նեպ Օրալ, Թիլ­պէ Սա­րան, Ռու­կիաթու Նե­նեհ Թու­կայ եւ Մոր Չա­թը Հիմ­նարկի անուննե­րը։

Աւան­դութիւն դար­ձած է «լոյ­սե­ր» խո­րագ­րին տակ ներ­կա­յաց­նել մրցա­նակի յա­ւակ­նորդնե­րը՝ որոնց ընդմէ­ջէն մի­ջազ­գա­յին դա­տակազ­մի գնա­հատ­մամբ ընտրո­ւած են այս տա­րուայ պար­գե­ւեալ­նե­րը։ Անոնցմէ առա­ջինը կու գար Սպա­նիայէն, որ եր­կար տա­րինե­րէ ի վեր կ՛աշ­խա­տի Մա­րոքի մէջ, գաղ­թա­կան­նե­րու իրա­ւունքնե­րու պաշտպա­նու­թեամբ։ Ան այդ աշ­խա­տան­քի ըն­թացքին յա­ճախ կը հան­դի­պի հա­լածանքնե­րու եւ սպառ­նա­լիք­նե­րու։

Օրո­ւայ երկրորդ մե­ծառեալն էր Պիւ­լենտ Շըք։ Ան ։ մաս­նա­գիտու­թեամբ սննդե­ղէնի ճար­տա­րագէտ է եւ կը դա­սախօ­սէ Մի­ջերկրա­կանի Հա­մալ­սա­րանը, նիւթ ու­նե­նալով սննդե­ղէնի եւ հո­ղը պա­րար­տացնե­լու ծա­ռայող քի­միական նիւ­թե­րու պատ­ճա­ռած վնաս­նե­րու մա­սին։ Հրա­պարա­կելով պե­տական հե­տազօ­տու­թիւննե­րու մա­սին տե­ղեկա­գիրը, մե­ղադ­րո­ւեցաւ գաղտնի տե­ղեկու­թիւննե­րը հա­սարա­կու­թեան փո­խան­ցե­լու ամ­բաստա­նու­թեամբ։ Դա­տական գոր­ծընթա­ցը յաղ­թա­հարե­լէ ետք, նա­խագա­հական որո­շու­մով հե­ռացու­ած հա­մալ­սա­րանէն Նա­խագա­հի որո­շու­մով, ակա­դէմա­կան­նե­րու ձեռ­նարկած ստո­րագ­րութեան ար­շա­ւին մաս­նակցե­լուն հա­մար։

Պիւ­լենտ Շը­քի ելոյ­թէն ամ­փո­փուած հա­տուած­ներ եւս տեղ գտած են թեր­թի յա­ջորդ էջե­րուն վրայ։

Մրցա­նակատւչու­թիւնով գո­յացած առի­թը ար­ժե­ւորե­լով, Հրանդ Տինք Հիմ­նարկը 16 Սեպ­տեմբեր Երեք­շաբթի օր աշ­խա­տանոց մը կազ­մա­կեր­պեց Անա­րատ Յղու­թիւն շէն­քի «Հա­ւաք» սրա­հին մէջ, նիւթ ու­նե­նալով գաղ­թը եւ գաղ­թա­կանու­թիւնը։ Աշ­խա­տանո­ցի դա­սախօսն էր մրցա­նակի դափ­նե­կիր Հե­լենա Մա­լենա Կար­զոն։ Գաղ­թի ու գաղ­թա­կանու­թեան նիւ­թե­րով զբա­ղող տե­ղացի հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու ներ­կա­յացու­ցիչներ եւս հրա­ւիրո­ւած էին այս աշ­խա­տանո­ցին։ Ար­դա­րեւ Կար­զո­նի գլխա­ւորած աշ­խա­տանո­ցը նոր հո­րիզոն­ներ բա­ցաւ հա­մարեայ բո­լորո­վին ակա­դէմա­կան­նե­րէ բաղ­կա­ցող լսա­րանին հա­մար։

Սուրճի ընդմի­ջումնե­րու պա­հուն անոնք ոգե­ւորու­թեամբ կը կի­սէին իրենց ապ­րած գո­հացու­մը այս հան­դիպման պատճառաւ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ