ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
«Ուշադիր եղէք, գրպանահատութիւնը շատ տարածուած է հոն» եւ «Ո՛հ, ինչպէս պիտի հանդուրժէք այդքան երկար ճամբորդութեան» եւ նման զգուշացումներու եւ հարցումներու պատասխանելէ վերջ, մեր ինքնաթիռը վայրէջք կատարեց Սաու Փաուլոյի օդակայանը: Ես առաջին, իսկ հայրս՝ Բագրատ Էսդուգեան երկրորդ անգամ կ՚անցնէինք Ատլանտեան ովկիանոսը:
Պրազիլի մէջ հրատարակուող քաղաքական եւ գեղարուեստական բովանդակութիւնով Piauí ամսաթերթի կազմակերպած «Festival piauí de Jornalismo Piauí» Միջազգային Լրագրութեան Փառատօնին համար հրաւիրուած էր հայրս: Փոխանակ հրաւիրեալներուն տրամադրուած Busines clas տոմսի, հայրս նախընտրեց Economy clas-էն երկու տոմսեր ստանալ եւ ես ալ ամբողջ փառատօնը պետեւելու առիթը ունեցայ:
6-7 Սեպտեմբեր թուականներուն, Cinemateca-ի հիւրընկալութեամբ կայացող փառատօնի առաջին ելոյթը կատարուեցաւ New York Times-ի թղթակից՝ Սելամ Կեպրէքիտանի հետ։ Իւրաքանչիւր լրագրող բեմին վրայ կը պատասխանէր երկու ժողովավարներու ուղղած հարցումներուն։ Նիստերու համար նախատեսուած էր 1 ժամ 15 րոպէի տեւողութիւն: Հոնքոնկ բնակող Կեպրէքիտան, Հաիթիի անկախութեան համար ֆրանսացիներուն կատարած հատուցման խնդիրը ուսումնասիրած է։ 1804-ին ստրկացուած հայիթիցիները, ֆրանսացի տէրերը վռնտելով տիրացան երկրի իշխանութեան։ Հայիթիցիները եւ ամբողջ աշխարհ գիտէր որ առանց փոխհատուցման իշխանափոխութիւնը իր հետ պիտի բերէ պատերազմ: Չգիտցուածը այն է թէ, կատարուած հատուցումներու հետեւանքը այսօր առկայ տնտեսական դժուարութիւններուն հետ ուղղակի կապ ունի:
Երկրորդ նիստին խօսք առաւ Ռուս լրագրող Միքայէլ Զիկար: Որոշ ժամանակէ ի վեր ԱՄՆ ապրող Զիկար, պատահաբար մեր կողքը գալով հարցուց թէ կը ճանչնա՞նք արդեօք Կարօ Փայլանը։ Պարզուեցաւ որ ինք եւ Փայլան Ուաշինկթըն նոյն համալսարանի մէջ կը դասախօսեն։
Ան իր երկրին մէջ կ՚ամբաստանուի «արտասահմանեան գործակալ» ըլլալու մեղադրանքով եւ Ռուսիոյ Արդարութեան Նախարարութեան փնտռուողներու ցուցակին մէջ է։ Զիկար Ուկրանիոյ մէջ Ռուս զօրքերու ներկայութիւնը քննադատած եւ ռազմական գրաւումի ընթացքին գործուած ռազմական յանցագործութիւնները բացայայտած ըլլալուն համար ութ ու կէս տարի բանտարկութեան դատապարտուեցաւ: Ռուսիա արտաքսելու հաւանականութեան դէմ դիմեց կազմակերպիչներուն եւ հազիւ անոնց երաշխիքով համարձակեցաւ այս միջոցառման մասնակցելու։
Օրուան երրորդ հիւրը նիկերիացի լրագրող Քիքի Մորտին էր: «BBC News Africa»-ի կողմէ հեռարձակուած փոթքեստներու հեղինակ Մորտի, ֆիլմին մէջ Նիկերիոյ եւ Կանայի մէջ համալսարաններէ ներս սեռային բնոյթի ճնշման դէպքերը կ՚ուսումնասիրէ:
Չինէն աքսորուած լրագրող
Առաջին օրուան վերջին նիստի մասնակիցն էր ԱՄՆ ապրող չինացի լրագրող Ժիանկ Խուէն: Չինէն աքսորուած անկախ լրագրող Խուէ, ճնշումները անտեսելով երկրին պատմութիւնը կը հետազօտէ: Յարատեւ կառավարական ճնշումները, Չինաստան աշխատող անկախ լրագրողներու առօրեայ կեանքի մասն է: Ժիանկ Խուէ ինք անձամբ փորձած է՝ 2020-ին Խիան ոստիկանութիւնը, COVID-19 մեկուսացումը քննադատող յօդուած մը գրելէ ետք տան դուռը թակեցին ու զինք ոստիկանատուն տարին: «Զիս մեղադրելու համար հին յօդուածներ ալ հանեցին եւ ես վախցայ որ, երկար պիտի պահեն։ Սակայն քանի մը հարցում տուին եւ շուտով տուն դարձայ» ըսաւ: Բայց ոստիկանները սպառնացին այս տեսակ յօդուածներ գրելու շարունակելով «հետեւանքները կրելու ստիպուած պիտի մնաս» ըսելով:
Հաարեցէն Իսրայէլի կառավարութեան բուռն քննադատութիւն
Երկրորդ օրուան առաւօտեան ժամերուն Cinemateca-ի մէջ բազմութիւնը, Հաարեց թերթէն Ամոս Շոգենը լսելու համար հաւաքուած էր: Շոգեն, փառատօնին մասնակցեցաւ առցանց դրութեամբ: Իսրայէլի կառավարութիւնը մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն գործելով մեղադրող լրագրողը, բախումներու ընթացքին Հաարեցի հետեւած հեռարձակման քաղաքականութեան մասին խօսեցաւ: 9. Piauí Լրագրութեան Փառատօնին հրաւիրուած Իսրայէլի երրորդ մեծ թերթ Հաարեցի հրատարակիչ Ամոս Շոգեն, Բենիամին Նեթանեահուի կառավարութեան Կազզայի Գօտիին մէջ կատարուածներու մասին ըսաւ հետեւեալը՝ «Նեթանեահու, պատերազմը չդադրեցնելու համար անընդհատ նոր պայմաններ կը ստեղծէ: Իսրայէլի նպատակներուն հասնելը ապահովելու համար ամէն ատեն նոր առաքելութիւն մը, գրաւելու կամ ոչնչացնելու նոր տեղ մը կ'ելնէ»: Իսրայէլի Կազզայի դէմ յարձակումներուն մասին ան եզրակացուց՝ «Երեւի նպատակը ռազմական նպատակի հասնելը չէ, հապա պաղէստինցի ժողովուրդը ոչնչացնելը» ըսելով:
Էսդուգեան ներկայացումը հայերէնով կատարեց
Օրուան երկրորդ նիստին մէջ Բագրատ Էսդուգեան պատմեց «Ակօս»ը եւ Թուրքիոյ հայ հասարակութիւնը։ Այս նիստը միւսներէն առանձնացնող յատկանիշը եղաւ, Էսդուգեանի իր ելոյթը արեւմտահայերէնով արտասանելու նախընտրութիւնը: Քեթի Շահինեանի կողմէ փորթուկալերէնի թարգմանուած զրոյցին մէջ Էսդուգեան, Piauí կայքի խմբագիր Լուիճի Մացցայի եւ վաւերագրական ֆիլմի ստեղծող եւ տեսողական արուեստագէտ Քասիաննա Տէր Յարութիւնեանի հետ զրուցեց հետաքրքրական հարցումներուն շուրջ։
«Ակօս»ի հրատարակութեան գիծը եւ երկլեզութեան ապահոված առիթներուն անդրադարձող լրագրողը, «Թուրքիա մամուլի ազատութեան տեսակէտէն շատ ցած մակարդակի մէջ է: Կառավարութիւնը կ'ըսէ որ բանտին մէջ լրագրող չկայ: Քաղաքական բանտարկեալներու գոյութիւնը կ'ուրանայ, սակայն կան: Ճշմարտութիւնը այն է, որ չենք գիտեր թէ նման ճնշումները երբ պիտի հասնին մեզի ալ» ըսաւ:
Էսդուգեան, անցեալ տարի դատուեցաւ «ահաբեկչական կազմակերպութեան քարոզչութիւն» մեղադրանքով: Իսթանպուլ կայացող դատավարութեան աւարտին Էսդուգեան անպարտ հռչակուեցաւ, բայց խմբագիր Ռամազան Եուրթթափան ազատազրկման դատապարտուեցաւ եւ տակաւին բանտն է:
Այս անգամ խօսքը ԱՄՆ-ի մէջ սեւամորթ իրաւունքներու պայքարի շրջանին մէջ աշխատանքներովը եւ փոթքեստներով ծանօթ Շենճէրէյ Քումայնիքայինն էր: Կրթական, փոթքեստներու հեռարձակիչ եւ ակտիվիստ Քումայնիքա, իր հօր ձերբակալութեան վերաբերող պատմութիւններով մեծցաւ: Քաղաքացիական իրաւունքներու համար պայքարող սեւամորթ շարժումի առաջնորդներէն Մաքազա Քումայնիքա, 1964 թուականին Նիւ Եորքի Ոստիկանութեան Բաժանմունք (NYPD) պաշտօնատարներու կողմէ ձերբակալուեցաւ: Քումայնիքա, Piauí թղթակիցներ Անժելիքա Սանթա Քրուզ եւ Ժիլպերթօ Փորքիտոնիոյի հետ զրուցեց:
Փառատօնի վերջին հիւրը «The New Yorker»էն Ռութ Մարքուսը եղաւ: «Washington Post-ը կը սիրեմ: Երբ կը մտածեմ հոնկէ բաժնուելու ստիպուիլս սիրտս կը ցաւի»: Ամերիկացի լրագրողը քառասուն տարիներու ընթացքին թերթին մէջ զանազան պաշտօններու վրայ աշխատած էր: Հրատարակման խորհուրդին մէջ գործակցած, նախագահական ընտրութիւններուն հետեւած եւ իրեն Փուլիթզեր Մրցանակի թեկնածութիւն առաջադրող յօդուածներ գրած էր: Ուրիշ հրատարակման մարմիններու մէջ աշխատիլը նոյնիսկ չէր երեւակայած:
Երկու օրերու ընթացքին, աշխարհի տարբեր անկիւններէն նմանատիպ մտահոգութիւն, անձկութիւն, բարկութիւն եւ յոյսով հաւաքուած ութ լրագրողներու կատարած խօսքերը անկասկած շատ ուսանելի էին: Ամենէն շատ ալ չարիքի սովորականացման այսօրուան աշխարհին, ո՛չ մէկուն ապրած դժուարութիւններուն մէջ միայնակ չըլլալը յիշեցնելու առումով իմաստ գտած այս փառատօնը, յոյսը Ատլանտիկի միւս կողմին ալ փնտռելու առիթ եղաւ եւ մեզի ցոյց տուաւ, որ յոյսը ո՛չ մէկ պայմանին, ո՛չ մէկ ատեն չպիտի սպառի:
Փառատօնէն յետոյ մի քանի օր ալ Պրազիլի մէջ մնացինք եւ հոն մեր բարեկամ Նորայր Շահինեանի ուղեկցութեամբ, աւելի շատ պատմելիք փորձառութիւններ ապրեցանք: Սակայն հոս եւ մեր տեղը սահմանափակ է, եւ մեր ուշադրութիւնը միայն 9. Piauí Միջազգային Լրագրութեան Փառատօնին ուղղեցինք: Մենք ալ, քամին մեր յետեւէն առնելուն համար ճիշդ 15 րոպէ աւելի կարճ ժամանակ երկնքին մէջ մնալով, 12 ժամ 45 րոպէ թռիչքէն յետոյ Իսթանպուլ, մեր տունը դարձանք: