Հայ ճարտարագիտական արուեստի մեր օրերուն հասած վառ օրինակները կը վկայեն իր ժամանակի բարձրագոյն շինարարական կատարելագործութեան մասին։ Ափսոս որ անոնցմէ շատեր դարեր շարունակ տեւող իրենց գոյութիւնը աւարտին բերած են վերջին հարիւրամեակի չարագործութեանց հետեւանքով։ Անհամար են Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին մէջ մարդկանց ձեռքով աւերուած վանքերն ու եկեղեցիները։ Նոյնիսկ անոնցմէ ոմանք հանդիսացան փլուզման յատուկ արարողակարգի։
Միւս կողմէ այդ ճարտարագիտական կոթողները կը հմայէին արուեստասէրի աչքերը եւ պատճառ կը դառնային այդ ոճի այլ արտադրութիւններով յարատեւութեան։
Այդպիսիներէն է Տիրան Ինճիճեանի մանրակերտները, որոնք հաւատարիմ մնալով բնորդներու համեմատութեան, կատարեալ պատկերացում կու տան այդ շինութիւններու մասին։
Մխիթարեան Վարժարանի հիմնադրութեան 200 ամեակի միջոցառումներու ծիրէն ներս կայացաւ յատուկ ցուցահանդէս մը, Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ։
20 Սեպտեմբեր Շաբաթ օր, կայացող բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, իր հետ ունենալով Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանը, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Քարոզիչ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը եւ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանը։
Մխիթարեան Վարժարանի 200-ամեակին ձօնուած հանդիսութեան հովանաւորն էր Հայ Կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր Գերյ. Տ. Վարդան Թ. Ծ. Վրդ. Գազանճեան Գերապայծառ։ Հանդիսութեան գլխաւորեց Ամենապատիւ Ս. Պատրիարք Հայրը, Հայ Կաթողիկէ հոգեւորական դասը, Մխիթարեան Միաբանութեան քաղաքիս հայրերը՝ Գերյ. Հ. Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէն եւ Գերյ. Հ. Յակոբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, ինչպէս նաեւ Կէտիկփաշայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Պատուելին Գրիգոր Աղապալօղլուն, Սեւ Ծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նայիրի Պետրոսեան։
Հանդիսութեան աւարտին ներկաներ բարձրացան դահլիճ, ուր կատարուեցաւ բացման հանդիսութիւնը։ Յաջորդաբար Տիրան Ինճիճեանի որդին՝ Էրօլ Ինճիճեան տեղեկութիւններ տուաւ աշխատութեանց եւ տաճարներու մասին։ Ներկաներ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարի, Զուարթնոցի Տաճարի, Աղթամարի Ս. Խաչ Տաճարի եւ տակաւին բազում եկեղեցիներու մանրակերտերուն։ Յաջորդիւ ողջոյնի խօսք արտասանեց Գերապայծառ Տ. Վարդան Թ. Ծ. Վարդապետը եւ յայտնեց, որ անմոռանալի օր մը կ՚ապրէին Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանի մէջ։ Հայկական տաճարներու մանրակերտները առիթ կը դառնային, որ մենք առաւել եւս մօտէն ծանօթանանք մեր հոգեւոր ու մշակութային անցեալին։ Այս առթիւ ողջունեց Պատրիարք Հօր եւ հիւր հոգեւորականներուն ներկայութիւնը։
Հուսկ բանքը արտասանեց Պատրիարք Հայրը եւ անդրադարձաւ գեղարուեստի կարեւորութեան, յայտնեց, որ կան մարդիկ որոնք ժամանակը կը սառեցնեն եւ իրենց տեսած դրուագը կ՚անմահացնեն գրի եւ կամ գծի ճամբով։ Ահա, Ինճիճեան կատարած էր այս մէկը եւ այսօր ներկաներ իր աշխատութեան շնորհիւ կը տեսնէին մեր դարաւոր հայկական մշակոյթէն դրուագներ։ Որքան լաւ ուսումնասիրուած էին եւ որպէս հետեւանք կարծէք տաճարներ սենեակի մը մէջ մարմին առած էին։ Ինճիճեան յաջողած էր հսկայ տաճարները սենեակի մը մէջ ամփոփել եւ այցելուներուն պատմական ու մշակութային դաս մը տալ։ Մեր Հոգեւոր Պետը կարեւորելով այդ հանդիսութիւնը, յայտնեց որ մենք մեռեալ ժողովուրդ մը չենք։ Հետեւաբար ստեղծագործողներ ունինք եւ այս բոլորը մեզի կ՚առաջնորդէ առաւել եւս սերտ կապերով իրար միանալու եւ միասնաբար զօրանալով մեր հոգեւոր ու մշակութային կեանքը զարգացնելու։ Պատրիարք Հայրը շնորհաւորեց Էրօլ Ինճիճեանը, Գերապայծառը եւ Մխիթարեան ընտանիքը։
Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։