Ինչպէս անուշապուրը՝ հարիսայի ծագումն ալ շատերու կողմէ կը վերագրուի Նոյան Տապանին։ Առասպելները մէկ կողմ, հարիսան հայրենակցական խորհրդանշան մըն է համայն մուսալեռցիներու համար։
Աշխարհասփիւռ մուսալեռցիներ անխօս համաձայնութիւն մը կնքած ըլլան կարծես, ամենուրէք կը տօնեն Խաչվերացի տաղաւարի յաջորդող կիրակին, հաւաքաբար հարիսա ուտելով։
Սովորութիւնը թրքահայութեան ծանօթ դարձաւ շնորհիւ վաքըֆգիւղցիներու։ Թէեւ պայմաններու պարտադրանքով թուականի շեղում մը տեղի ունեցաւ եւ հարիսայի արարողակարգը փոխանցուեցաւ Խաչվերացէն դէպի Աստուածածնի տաղաւարը։
Այս ալ ունէր իր պատճառները։ Երբ Մուսա Լերան եօթը գիւղերու բնակիչները Ա. Աշխարհամարտի աւարտին Եգիպտոս, Փորթ Սայիտի աքսորավայրէն վերադարձան հայրենի հողեր, Մուսա Լերան վրայ կառուցեցին նոր եկեղեցի մը, ի յիշատակ քառասնօրեայ դիմադրութեան։
Երկար տարիներ, մինչեւ 1938 Խաչվերացի տաղաւարին բարձրացան լեռ, զոհեցին մատաղներ եւ անոնց միսով պատրաստեցին հարիսան։
Քաղաքական իրավիճակը փոխուեցաւ եւ ֆրանսացիներ Հաթայ նահանգը թողուցին Թուրքիոյ Հանրապետութեան։
Այս որոշումը իր հետ բերաւ նաեւ մուսալեռցիներու զանգուածային գաղթը՝ դէպի հարէւան երկիր Սուրիա, Քէսապի շրջան եւ Լիբանան՝ Անճարի ճախճախուտը։ Բնօրրանը պահող վաքըֆգիւղցիներ ալ այդ թուականէն ետք հարիսայի արարողութիւնը փոխադրեցին իրենց եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան։
1946-ին, ներգաղթի տարիներուն բազում մուսալեռցիներ ապաստան գտան Խորհրդային Հայաստան, ուր իրենց հետ տարին նաեւ հարիսայի աւանդութիւնը։
Այս բոլորը նշեցինք իբրեւ վերյիշում նախորդ կիրակի Նարլըգաբուի Սուրբ Յովհաննէս Եկեղեցւոյ սրահին մէջ կայացող հարիսայի հաւաքոյթի առթիւ։
Այդ օր նախ Հոգեհանգստեան Պատարագ մատուցուեցաւ վախճանեալ մուսալեռցիներու հոգւոյն խաղաղութեան համար։ Պատարագիչ Տէր Յուսիկ Քհն. Հերկելեան մի առ մի թուեց յիշատակուող ընտանիքներու անունները եւ հակիրճ կերպով նկարագրեց օրուայ իմաստը։
Ներկաներ համախմբուեցան Մուսա Լերան Հայրենակցական Միութեան ջանքերով սարքուած սեղաններու շուրջ եւ համաերկրացիներու յատուկ մտերմութեամբ վայելեցին մէկտեղման արդած ուրախութիւնը։