Ի սպառ աքլորամարտ

Հանրապե­տու­թեան առա­ջին նա­խագահ Լե­ւոն Տէր Պետ­րո­սեան վեր­ջին շրջա­նին վար­չա­պետ Փա­շինեանի հաս­ցէին ստո­րագ­րած իր քննա­դատա­կան խիստ գրու­թիւննե­րուն Սեպ­տեմբեր 22-ին աւել­ցուցած է նոր մը, ուր յատ­կա­պէս գրած է՝ «Ան­կա­խու­թեան տա­րեդար­ձը Փա­շինեանի տօ­նը չէ։ Ան կ՚ատէ այդ ան­կա­խու­թիւնը, որով­հե­տեւ ոչ թէ ին­քը, այլ ու­րիշնե­րը բե­րած են այն», ինք եւս վար­չա­պետը որա­կելով «տխրահռչակ դա­ւաճան»։

Հա­յաս­տա­նի ներ­քին քա­ղաքա­կանու­թեան մատ­նո­ւած մա­կար­դա­կի առու­մով խիստ մտա­հոգիչ է Լե­ւոն Տէր Պետ­րո­սեանի հրա­պարա­կու­մը եւ փո­խադար­ձա­բար Վար­չա­պետ Փա­շինեանի պա­տաս­խա­նը։

Յստակ է թէ բա­զում ճա­կատ­նե­րու վրայ շատ լուրջ մար­տահրա­ւէր­ներ դի­մագ­րա­ւող Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան պե­տական միտ­քը իրա­ւունք չու­նի նման ան­հա­տական հա­լածանքնե­րու։

Բո­լորը գի­տեն թէ Ար­ցա­խի հա­յաթա­փու­մը ոչ միայն ներ­կայ իշ­խա­նու­թեան մեղքն է, այլ ան­կա­խու­թե­նէն այս կողմ գոր­ծող բո­լոր կա­ռավա­րու­թիւննե­րու հա­ւաքա­կան սխա­լը։

Բո­լորն ալ սի­րած էին յաղ­թա­նակի մո­լուցքով տա­րուիլ եւ սնա­մէջ հռե­տորա­բանու­թեամբ ու աժան ազ­գայնա­կանու­թամբ չա­րաշա­հիլ հա­սարա­կու­թեան զգա­ցու­մը։

Իւ­րա­քան­չիւր բա­նիմաց հայ մեծ հիաս­թա­փու­թեամբ կը հե­տեւի նման գրա­ռումնե­րուն, քա­նի որ բո­լորին հա­մար շատ աւե­լի էական է երկրի անվտան­գութիւ­նը, պե­տու­թեան ան­սա­սանու­թիւնը, երկրի ծաղ­կումը եւ ժո­ղովուրդի կեն­սա­մակար­դա­կի բա­րելա­ւու­մը։

արզ է որ նման ցե­խար­ձա­կումնե­րը դոյզն իսկ չեն նպաս­տեր վե­րեւ նշո­ւած նպա­տակ­նե­րուն։

Բո­լորիս հա­մար ար­դար իրա­ւունք է պա­հան­ջել աւե­լին ու աւե­լին, եր­կի­րը ղե­կավա­րելու յա­ւակ­նութիւն ու­նեցողներէն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ