Երեւանի մէջ կայացաւ ՆԱԹՕ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի 108-րդ երկօրեայ «Ռոզ-Ռաթ» սեմինարը, որուն կը մասնակցին նաեւ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչները։
Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ Հայաստան–ՆԱԹՕ յարաբերութիւնները սկիզբ առած են առաւել քան 30 տարիներ առաջ, եւ Հայաստան մնայուն կերպով կարեւոր կը նկատէ դաշինքին հետ գործընկերութիւնը` մասնակցելով խաղաղապահ առաքելութիւններուն եւ աջակցելով ժողովրդավարական կառոյցներու ամրապնդման: Ան հաստատեց, որ Երեւան պատրաստ է շարունակելու զայն` տարածաշրջանային եւ համաշխարհային ապահովութեան ամրապնդման համար:
Ռուբինեան ներկայացուց նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ վերջին զարգացումները, նշելով որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը կը մնայ արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւն մը:
Ըստ Ռուբինեանի` Հարաւային Կովկասը կրնայ դառնալ Արեւելք-արեւմուտք եւ Հիւսիս-հարաւ երթեւեկի հանգոյցը։ Ան աւելցուց, որ «Մենք պատրաստ ենք դիւանագիտական յարաբերութիւնների հաստատմանն ու սահմանների բացմանը հէնց այսօր»։
Ան` յայտնելով, թէ ինք յոյս ունի, որ Անգարան պիտի արձագանգէ Երեւանի պատրաստակամութեան: «Հայաստանի ապահովական ռազմավարութիւնը երկար տարիներ կախեալ եղած է միայն մէկ բեւեռէ, ինչ որ լուրջ հարցեր յառաջացուցած է Հայաստանի համար, եւ այժմ ի գործ կը դրուի քաղաքական, տնտեսական եւ ապահովական յարաբերութիւններու բազմազանութիւն, որուն մէջ՝ Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան խորացում»: