ՀՐԱՆԴ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ
Գերմանացի յայտնի բանասէր եւ ընկերաբան Տքթ. Թեսա Հոֆման, պարգեւատրուեցաւ Գերմանիոյ բարձրագոյն պետական շքանշանով:
Տքթ. Հոֆման երկար տարիներ նշանակելի ներդրում ունեցած է հայոց եւ այլ քրիստոնեայ ժողովուրդներու ցեղասպանութեան հետազօտման ու ճանաչման գործին մէջ, նպաստելով 2016 թուականին Գերմանիոյ Խորհրդարան՝ Պունտեսթակի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի ընդունման։
Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանգ Վալդեր Շթայնմայէրի հրամանով Տքթ. Հոֆմանին շնորհուած «Դաշնային վաստակի խաչ» շքանշանի յանձման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 20 Հոկտեմբեր 2025 երկուշաբթի օր մայրաքաղաք Պերլինի մէջ:
Արարողութեան մասնակցեցան տեղւոյն հայ, յոյն, ասորի համայնքներու հոգեւորական եւ աշխարհիկ ներկայացուցիչներ, մարդկային իւրաւունքներու կազմակերպութիւններու անդամներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի դեսպանատան ներկայացուցիչը:
Պերլինի նահանգային պետական քարտուղարուհի Քէրսթին Ռիխթեր Գօդովսքին անձամբ յանձնեց պետական շքանշանը, ով իր ելոյթի ընթացքին բարձր գնահատեց Թեսա Հոֆմանի գիտահետազօտական գործունէութիւնը եւ մարդկային իրաւունքներու ծիրէն ներս տարած ակնառու բազմազան աշխատանքներն ու վաստակը:
Արարողութեան ընթացքին արտասանուեցաւ նաեւ Գերմանիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Սերովբէ եպս. Իսախանեանի ու Գերմանահայոց Կեդրոնական Խորհուրդի ողջոյնի խօսքերը:
![]()
ՏԵՍԱՆԵԼԻ ԴԱՐՁՆԵԼ ԱՅՆ՝ ՈՐ ԱՆՏԵՍՈՒԱԾ ԷՐ
«Ես այս պատիւը կը համարեմ բոլոր այն նպատակներու գնահատում, որոնց համար այստեղ գտնուող ներկաները նուիրած են իրենց կեանքը» ըսաւ Թեսա Հոֆման, երբ կ'ընդունէր երկրի բարձրագոյն պետական շքանշանը։
Ան իր ելոյթի ընթացքին, տարիներ շարունակ անխոնջ տարած աշխատանքներուն դրդապատճառը բացատրեց հետեւեալ խօսքերով.
«Իմ ակադեմական, լրագրողական եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան աշխատանքը առաջնորդուած է դեռեւս լայնօրէն չյայտնաբերուածի՝ մոռացութեան մատնուածներու, անտեսուածներու պաշտպանութեան սկզբունքով: Առաջին համաշխարհային պատերազմի ցեղասպանութիւնները երկար ժամանակ ստուերուած էին Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի յանցագործութիւններու պատճառով: Ես ուզեցի փոխել սա, եւ յոյս ունիմ, որ միասնաբար մեր տարած համապայքարով յաջողութեան հասանք: Ճիշդ է, եթէ նայինք աշխարհի մարդկային իրաւունքներու ներկայիս իրավիճակին, այն ամենեւին ալ խրախուսական չէ: Ինչ կը վերաբերի ցեղասպանութիւններուն, հարկ է նշել, որ անոնք ոչ միայն կը շարունակուին, այլեւ համաշխարհային հանրութեան կողմնակալ տեսակէտը կը շարունակուի, այսինքն՝ յանցագործութիւններ որոնք կ'ընկալուին, բայց նորէն կ'անտեսուին»:
Տքթ. Թեսա Հոֆման իր պարգեւատրման առթիւ գերմանական մամուլին տուած յայտարարութեան մէջ ընդգծեց.
«Ժողովուրդներու յարաբերութիւնները ոչինչ այնքան չի թունաւորեր, որքան ցեղասպանութեան ուրացումը։ Ով կ՚ուզէ հաշտութիւն հաստատել, պէտք է սկսի այս կէտէն»։

