Յակոբճան Մաշալը յաւիտենականութեան յուղարկուեցաւ

Ն.Ա.Տ. Սա­­­հակ Բ. Պատ­­­րիարք Հօր հայ­­­րը՝ Յա­­­կոբ­­­ճան Մա­­­շալը 16 Հոկ­­­տեմբեր 2025, Հինգշաբ­­­թի, ժա­­­մը 13.00-ին Ս. Աս­­­տո­­­­­­­ւածա­­­ծին Աթո­­­ռանիստ Մայր Եկե­­­ղեց­­­ւոյ մէջ կա­­­տարո­­­ւած արա­­­րողու­­­թեամբ յա­­­ւիտե­­­նակա­­­նու­­­թեան յու­­­ղարկուեցաւ։

Որ­­­պէս սգա­­­կիր ներ­­­կայ էր Ամեն. Ս. Պատ­­­րիարք Հայ­­­րը, որու քով էին Կրե­­­տէի Հո­­­գեւոր Տե­­­սուչ Գերշ. Տ. Եզ­­­նիկ Ար­­­քեպս. Պետ­­­րո­­­­­­­սեան եւ Գերշ. Տ. Արամ Ար­­­քեպս. Աթէ­­­շեան։

Յու­­­ղարկա­­­ւորու­­­թեան կար­­­գին հան­­­դի­­­­­­­սապե­­­տեց Հոգշ. Տ. Շնորհք Վրդ. Տօ­­­նիկեան։ Ներ­­­կայ էին Աթո­­­ռոյս վե­­­ղարա­­­ւոր հայ­­­րերն ու քա­­­հանա­­­յից դա­­­սը։ Դա­­­սուն մէջ էին նաեւ յա­­­նուն Ն.Ս.Տ.Տ. Պար­­­թո­­­­­­­լոմէոս Ծայ­­­րա­­­­­­­գոյն Պատ­­­րիար­­­քի՝ Ստե­­­փանոս Մետ­­­րո­­­­­­­պոլիտ, Ասո­­­րի Ուղղա­­­փառ Պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­կան Փո­­­խանորդ Մոր Ֆի­­­լիւքսի­­­նոս Եու­­­սուֆ Չէ­­­թին Մետ­­­րո­­­­­­­պոլիտ, Լա­­­տին Կա­­­թոլիկ Եկե­­­ղեց­­­ւոյ Իսթան­­­պուլի վի­­­ճակա­­­ւոր Մոնս. Մաս­­­սի­­­­­­­միլիանօ Փա­­­լինու­­­րօ Եպս., Քաղ­­­դէական Պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­կան Փո­­­խանորդ Սապ­­­րի Անար Ար­­­քեպս., Թուրքիոյ Հայ Կա­­­թողի­­­կէ հա­­­մայնքի Պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­կան կա­­­ռավա­­­րիչ Գերյ. Հ. Վար­­­դան Թ. Ծ. Վրդ. Գա­­­զան­­­ճեան, Ասո­­­րի Կա­­­թոլիկ Պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­կան Փո­­­խանորդ Մոնս. Օր­­­հան Չան­­­լը Քո­­­րեպս., Մխի­­­թարեան Միաբա­­­նու­­­թեան հայ­­­րեր՝ Գերյ. Հ. Սար­­­գիս Ծ. Վրդ. Էր­­­մէն եւ Գերյ. Հ. Յա­­­կոբոս Ծ. Վրդ. Չօ­­­փու­­­րեան, Հայ Աւե­­­տարա­­­նական Եկե­­­ղեց­­­ւոյ հո­­­վիւ Վե­­­րապա­­­տուե­­­լի Գրի­­­գոր Աղա­­­պալօղ­­­լու, Թուրքիոյ Բո­­­ղոքա­­­կան Եկե­­­ղեցի­­­ներու Միու­­­թեան անու­­­նով Պա­­­տուե­­­լի Պետ­­­րի Փէ­­­քէր, յա­­­նուն Թուրքիոյ Հրէից Խա­­­խամա­­­պետ Ռավ Տա­­­ւիտ Սե­­­վիի՝ դի­­­ւանա­­­պետ Եու­­­սուֆ Ալ­­­թունթաշ:

Աշ­­­խարհա­­­կան դա­­­սէն ներ­­­կայ եղան Իսթան­­­պուլի Փոխ Կու­­­սա­­­­­­­կալ Մուսթա­­­ֆա Քա­­­յա եւ Իսթան­­­պուլի Աւագ Քա­­­ղաքա­­­պետի Փո­­­խանորդ Նու­­­րի Աս­­­լան:

Դամ­­­բա­­­­­­­նախօ­­­սեց հան­­­դի­­­­­­­սապետ Հայր Սուրբը «Զի զէն զի­­­նուո­­­րու­­­թեան մե­­­րոյ ոչ է մարմնա­­­ւոր, այլ զօ­­­րաւոր յԱս­­­տուծոյ առ ի քա­­­կելոյ զա­­­մուրս» (Քա­­­նի որ պա­­­տերազ­­­մե­­­­­­­լու մեր զէն­­­քը մարմնա­­­ւոր չէ, այլ զօ­­­րաւոր՝ Աս­­­տուծոյ կող­­­մէ, քա­­­կելու հա­­­մար ամ­­­րութիւննե­­­րը) (Բ. Կորնթ. 10.4) բնա­­­բանով:

Ապա յա­­­նուն Մա­­­շալը ըն­­­տա­­­­­­­նիքին՝ Պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­կան Փո­­­խանորդ Արժ. Տ. Գրի­­­գոր Ա. Քհնյ. Տա­­­մատեան խո­­­րին շնոր­­­հա­­­­­­­կալու­­­թիւն յայտնեց պե­­­տական աւա­­­գանիին, պե­­­տական հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­թեանց, քոյր հա­­­մայնքնե­­­րու պե­­­տերուն ու ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցիչնե­­­րուն, հա­­­մայնքա­­­յին հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­թեանց, խնա­­­մակա­­­լու­­­թեանց եւ թա­­­ղային խոր­­­հուրդնե­­­րուն, որոնք ան­­­ձամբ ներ­­­կայ ըլ­­­լա­­­­­­­լով, հե­­­ռախօ­­­սով կամ գրու­­­թեամբ ցա­­­ւակ­­­ցե­­­­­­­ցան Նո­­­րին Ամե­­­նապա­­­տուու­­­թեան հօր՝ Յա­­­կոբ­­­ճան Մա­­­շալըի մա­­­հուան եւ յու­­­ղարկա­­­ւորու­­­թեան առ­­­թիւ:

Իսկ Հոգշ. Տ. Եղի­­­շէ Վրդ. Ուչքու­­­նեան կար­­­դաց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­­­րեգին Բ. Ամե­­­նայն Հա­­­յոց Կա­­­թողի­­­կոսի, Հոգշ. Տ. Գաս­­­պար Աբղ. Կա­­­րապե­­­տեան՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մե­­­ծի Տանն Կի­­­լիկիոյ Կա­­­թողի­­­կոսի եւ Հոգշ. Տ. Յա­­­րու­­­թիւն Վրդ. Տա­­­մատեան՝ Ն.Ա.Տ. Նուրհան Երու­­­սա­­­­­­­ղէմի Հա­­­յոց Պատ­­­րիար­­­քի ցա­­­ւակ­­­ցա­­­­­­­կան գրու­­­թիւնը:

Ապա հան­­­գուցեալ Յա­­­կոբ­­­ճան Մա­­­շալըի մար­­­մի­­­­­­­նը փո­­­խադ­­­րո­­­­­­­ւեցաւ Պա­­­լըք­­­լըի Ազգ. Գե­­­րեզ­­­մա­­­­­­­նատու­­­նը: Թաղ­­­ման կար­­­գին հան­­­դի­­­­­­­սապե­­­տեց Գերշ. Տ. Արամ Ար­­­քեպս. Աթէ­­­շեան: Ներ­­­կայ էր հո­­­գեւո­­­րակա­­­նաց դա­­­սը: Հան­­­գուցեալ Յա­­­կոբ­­­ճան Մա­­­շալըի մար­­­մի­­­­­­­նը աղօթքնե­­­րով ու շա­­­րական­­­նե­­­­­­­րով ամ­­­փո­­­­­­­փուե­­­ցաւ ըն­­­տա­­­­­­­նեկան դամ­­­բա­­­­­­­րանին մէջ։

Հուսկ՝ Յա­­­րու­­­թիւն Ամի­­­րա Պէզ­­­ճեան սրա­­­հին մէջ կա­­­տարո­­­ւեցաւ տան կարգ, ապա հո­­­գեճաշ տրո­­­ւեցաւ:

Բաց աս­­­տի, մեր Հո­­­գեւոր Պե­­­տին հետ հե­­­ռաձայ­­­նա­­­­­­­յին կապ հաս­­­տա­­­­­­­տեցին Թուրքիոյ Հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թեան Նա­­­խագահ Վսեմ. Ռե­­­ճեփ Թայ­­­յիպ Էր­­­տօ­­­­­­­ղան եւ Թուրքիոյ Կրօ­­­նից Տե­­­սուչ Փրօֆ. Տքթ Սա­­­ֆի Ար­­­փա­­­­­­­կուշ, որոնք ցա­­­ւակ­­­ցութիւն յայտնե­­­ցին Նո­­­րին Ամե­­­նապա­­­տուու­­­թեան հօր՝ Յա­­­կոբ­­­ճան Մա­­­շալըի մա­­­հուան առթիւ:

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ