2024-ին մահացած երեք Դպրեվանքցիներ պիտի յիշատակուի Փարիզի մէջ

Բանախօսութիւնը պիտի կազմակերպուի Գերմանիոյ Հայոց թեմի նախկին առաջնորդ Գերշ. Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պէքճեանի (1942–2024), «Ատամ» հրատարակչատան հիմնադիր Նազար Պիւյիւմի (1944–2024) եւ «Արաս» հրատարակչատան հիմնադիր Եդուարդ Թովմասեանի (1949–2024) յիշատակին:

Փարիզի Սուրբ Խաչ Դպրեվանք Միութիւնը կը կազմակերպէ բանախօսութիւն մը, որ 2024-ին մահացած երեք կարեւոր անձնաւորութիւններու յիշատակին:

Միջոցառումը տեղի պիտի ունենայ 14 Նոյեմբեր 2025 Ուրբաթ օր, ժամը 20:00-ին, Փարիզի 8-րդ թաղամասի Մայր Եկեղեցւոյ Նուրհան Ֆրինկեան սրահին մէջ:

Բանախօսութիւնը պիտի կազմակերպուի Գերմանիոյ Հայոց թեմի նախկին առաջնորդ Գերշ. Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պէքճեանի (1942–2024), «Ատամ» հրատարակչատան հիմնադիր Նազար Պիւյիւմի (1944–2024) եւ «Արաս» հրատարակչատան հիմնադիր Եդուարդ Թովմասեանի (1949–2024) յիշատակին:

Միջոցառման ներկայ պիտի գտնուին նաեւ Նիս քաղաքէն մաէսթրօ Խաչիկ Եըլմազեան եւ Պոլիսէն վիպագիր, լրագրող Ռոպէր Քոփթաշ: Բանախօսութիւնը պիտի ներկայացուի Նազլը Թեմիր Պէյլէրեանի կողմէ:

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ

Etiketler

բարիզ