Զրոյց՝ ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի Հանրային կապերու եւ տեղեկատւութեան կեդրոնի տնօրէնի աւագ խորհրդական Արմէն Պետրոսեանի հետ, «Օրբելի ֆորում 2025» համաժողովի մասին։
ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ
lusyenkopar81@hotmail.com
Զրոյց՝ ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի Հանրային կապերու եւ տեղեկատւութեան կեդրոնի տնօրէնի աւագ խորհրդական Արմէն Պետրոսեանի հետ, «Օրբելի ֆորում 2025» համաժողովի մասին։
4-5 Նոյեմբեր թուականներուն մեկնարկեց երկօրեայ «Օրբելի Ֆորում 2025»-ը։ Դուք եւ ձեր աշխատակազմը խճողուած շաբաթ մը անցուցիք։ Պատրաստութեան ընթացքը կրնա՞ք պատմել։ Այս համաժողովին ո՞ր երկիրներէ, քանի հոգի մասնակցած էին։
Համաժողովի նախապատրաստման աշխատանքները սկսած էին թերեւս ամիսներ առաջ, 2025 թուականի վաղ գառնան։ Բայց այդ ժամանակահատուածին համաժողովի թեման այլ ուղղուածութիւն ունէր։ Ան սահանուած էր տարածաշրջանի խաղաղութեան, կայունութեան եւ այլ նիւթերով։ Օգոստոսի 8-էն ետք, այսինքն պայմանաւորուածութիւններէն ետք, թեմադիքան ամբողջովին փոխուեցաւ։ Որոշուեցաւ ֆորում մը կառուցելով խաղաղութիւն եւ բազմակողմանի համագործակցութիւն խորագրի համապատասխան կերպով Ուաշինկթընեան պայմանաւորուածութիւններու եւ մեր տարածաշրջանային ձեւաւորուող նոր իրողութիւններու, որ աւելի միտուած է խաղաղութեան համապայմանի եւ տարածաշրջանէ ներս եւ այլ տարածաշրջաններու հետ բազմակողմանի համագործակցութեան խթանման։
Ընդհանուր առմամբ 16 երկիրներէ, 45 մասնակիցներ ունէինք։ Հայաստանի հարեւան երկիրներէն, Ռուսատանէն, Չինաստանէն, Հնդկաստանէն, Եւրոմիութեան անդամ մի շարք երկիրներէ, Կեդրոնական Ասիայի երկիրներ, Միացեալ Նահանգներէ եւ այլն։
Բաւականաչափ հետաքրքիր եւ յագեցած օրակարգով հանդիպումներ, քննարկումներ եղան երկու օրուայ ընթացքին։ Ունեցանք գլխաւոր բանախօսներ ի դէմս ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Հայկ Յարութիւնեանի եւ Արարատ Միրզոյեանի։
4 Նոյեմբեր երեքշաբթի օր «Կառուցելով խաղաղութիւն եւ բազմակողմանի համագործակցութիւն» խորագրով «Օրբելի» վերլուծական կեդրոնի համաժողովին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։
Փաշինեան իր ելոյթին մէջ խաղաղութեան ընկալումը շեշտելով՝ «Վերջին տարիներուն մեր կառավարութեան եւ անձամբ իմ արձանագրումը անոր մասին էր, որ եթէ մենք պատմական հայրենիքի ընկալումը չփոխէինք իրական հայրենիքի ընկալումով խաղաղութիւնը պարզապէս կը փլուզուի» ըսաւ։
Ըստ ձեզ Փաշինեանի խաղաղութեան մասին քաղաքականութիւնը ճի՞շդ փուլի մէջ է։
Արդէն մի քանի տարիէ ի վեր Հայաստանի գործող կառավարութիւնը կ՚առաջնորդէ խաղաղութեան օրակարգով, որ կ՚ենթադրէ իրական Հայաստանի հայեցակարգը։ Այսինքն հարեւաններու հետ խնդրայարոյց յարաբերութիւններու կարգաւորում, բարեկենցաղութեան հաստատում, տարածաշրջանի համագործակցութեան եւ խաղաղութեան միջավայրի ձեւաւորում։ Այս համաթեքսթին մենք կը տեսնենք, ականատես կ՚ըլլանք, որ ներկային Հայաստան եւ Ատրպէյճանը հասած են մի կէտի եւ փաստացի կողմերը յայտարարած են որ այլեւս հաստատուած է խաղաղութիւն։ Ըստ էութեան հակամարտութիւնը լուծուած է։ Կը մնայ Խաղաղութեան Համաձայնագրի ստորագրումը, որու հետ կապուած Ատրպէյճանը ունի որոշ նախապայմաններ։ Այսինքն եթէ ամփոփելով նշեմ, կարծես թէ Հայաստանի գործող կառավարութիւնը կ՚ընդանայ այն ճանապարհով, որ գծած է ի սկզբանէ եւ արդէն իսկ նկատելի է շօշափելի ձեռքբերումներ։
Այժմ փորձագէտ մը ըլլալով շրջանային խաղաղութեան մասին ի՞նչ կը մտածէք։
Չնայած աշխարհին շարունակուող անորոշութեան, այնուամենայնիւ մեր տարածաշրջանին կը նկատեմ որոշ գործօններ, որոնք կրնան նպաստել խաղաղութեան հաստատման։ Որպէս առաջնային հանգամանք կը ցանկանանք Ատրպէյճանի դիրքաւորումը, որ պայմանաւորուած է Ալիեւի վարչակարգի նոր ծրագիրերով, նոր յաւակնութիւններով՝ որ կը ձգտի Ատրպէյճանը դարձնել շատ աւելի ազդեցիկ դերակատար տարածաշրջանի համար։ Եւ այդ համաթեքսթին Ատրպէյճանի համար կարեւոր է Հայաստանի հետ կարգաւորուած յարաբերութիւնները։ Միեւնոյն ժամանակ այդ դերակատարման ակնկալութեան տակ Ատրպէյճանի համար կարեւոր է արտաքին ազդեցութեան հաւասարակշռումը։ Ասիկա Ռուսաստանէն, Իրանէն կանխատեսուող մարտահրաւէրներ են։ Իսկ անոր համար կարեւոր է որպէսզի Հարաւային Կովկասի մէջ ըլլայ խաղաղութիւն։ Այդ իսկ պատճառով ալ կը կարծեմ որ այս պահուն բաւականաչափ կանխատեսելի է խաղաղութեան հաստատումը եւ տարածաշրջանի կարեւորութեան գիտակցումը։
Ֆորումի երկրորդ օրուայ յատուկ հիւրը Հայաստանի Հանրապետութեան Արտգործնախարար Արարատ Միրզոյեանն էր։ Ան մասնակցեցաւ «Խաղաղութեան QUIZ. զրոյց ՀՀ արտգործնախարարի հետ» խորագրով ինտերաքթիվ քննարկման։ Ջանաց ներկայացնել Հայաստանի խաղաղութեան օրակարգի եւ տարածաշրջանային զարգացումներու շուրջ իր դիտարկումները։ Ըստ ձեզ Մարտ ամիսէն մինչեւ Նոյեմբեր Արարատ Միրզոյեանի տարածաշրջանի զարգացումները մեկնաբանելու մասին փոփոխութիւններ եւ տարբերութիւններ եղա՞ծ են։
Չեմ կրնար ճշգրիտ գնահատել Արարատ Միրզոյեանի մօտեցումները, քանի որ առիթ չէ եղած ուշադրութեամբ հետեւելու։ Բայց փոխուած իրողութիւնները միանշանակ կրնան ազդած ըլլան Արարատ Միրզոյեանի մօտեցումներու վրայ։ Արդէն նշեցի տարուայ սկզբին տարածաշրջանի այլ իրավիճակը, բազմաթիւ մտահոգութիւններ կային, քաղաքային մարտահրաւէրներ կային, Ատրպէյճանը կը շարունակէր աւելի կոշտ հռետորութիւնով հանդէս գալ։ Բայց բնականաբար Օգոստոսին Միացեալ Նահանգներուն տեղ գտած պայմանաւորուածութիւններով փոխուեցաւ եւ իրավիճակը տարածաշրջանի եւ բնականաբար անոր վերաբերեալ մեկնաբանութիւնները ու հրետորաբանութիւնը։ Կրնամ ըսել որ Արարատ Միրզոյեանի հրետորաբանութեան մէջ թերեւս կը շարունակեն մնալ որոշակի շեշտադրութիւններ, որոնք ուղղուած են Ատրպէյճանի կողմէ շարունակուող հակահայկական բոլոր յայտարարութիւնները եւ խաղաղութեան ամրապնդման վնասող խօսոյթը այդ մասին։
Համաժողովին փորձագէտները քննարկած են մետիայի եւ տեղեկատուական թեխնոլոկիաներու դերը փոխուող աշխարհակարգի մէջ։ Ես կ՚ուզեմ իմանալ այս մասին դուք ի՞նչ կրնաք ըսել։
Այո, համաժողովներէն մէկը նուիրուած էր մետիային եւ տեղեկատուական թեխնոլոկիաներուն, որոնց դերը բաւականաչափ մեծ եւ ազդեցիկ կ՚ըլլայ ընթացիկ աշխարհաքաղաքական կառուցուածներու մէջ։ Տարածքի երկիրներու մէջ խորքային եւ կարեւոր գործընթացներ կան։ Հայաստանի համար նախընտրական տարի է։ Այս ոլորտը յատկապէս կարեւորուեցաւ։ Քանի որ առանձին դերակատարներ, իրենց շահերը հետապնդելու ժամանակ կ՚իրականացնեն էդիքային գործողութիւններ, այս համաթեքստի մէջ ամենակիրառելի գործիքը մետիան եւ տեղեկատուական թեխնոլոկիաներն են։ Արհեստական բանականութիւնները եւ այդ ամէնի ընթացքին կը բարձրաձայնուի նաեւ այս թեխնոլոկիայի, այս գործիքներու հնարաւորութիւնները, քաղաքական գործընթացներու եւ իբրեւ մարտահրաւէրներ կանխելու հնարաւորութիւնները։
Ֆորումին մասնակցած են Հայաստանէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութենէն, ԱՄՆ-էն եւ Հնդկաստանէն բանախօսներ։ Իրենք կիսած են իրենց տեսակէտները նոր առեւտրային ուղիներու եւ ռազմավարական գործընկերութիւններու մասին։ Համաժողովին դուք Հայաստանէն իսկ Կարօ Փայլան (ԱՄՆ)-էն մասնակցեցաք։
Հարաւային Կովկասի աշխարհաքաղաքական դիրքը եւ նոր առեւտրային ուղիներու ներուժը իսկապէս կարեւոր են տարածաշրջանի ապագայի համար։ Դուք այս մասին ձեր եւ Կարոյի գաղափարները մեզ հետ կրնաք կիսուիլ։
Իմ եւ Փայլանի մօտեցումները մի փոքր կը տարբերին իրարմէ։ Չնայած ընդհանուր գիրը այն էր որ տարածաշրջանի, Հարաւային Կովկասի երկիրները պէտք է օգտուին պատմական կարեւոր ժամանակահատուածէն։ Հասնինք խաղաղութեան եւ բարեացակամութեան։ Իմ մօտեցումը այն է, որ ապագայի աշխարհակարգին շատ կարեւոր դեր կ՚ունենայ առանձին ինքնավար տարածաշրջանները եւ Հարաւային Կովկասը կրնայ դառնայ նման տարածաշրջան, եթէ կարգաւորէ իր ներսի բոլոր խնդիրները ու դառնայ ինքնապահ։ Սա ի հարկէ ապագայի միտուած կանխատեսութիւն է։ Ես չեմ կրնար ըսել թէ այդ որքան կ՚իրականանայ։
Բայց բազմադէմի երկիրներէն ժամանակակից փորձագէտները եւս նոյն կարծիքի էին եւ յոյս կը յայտնէին, որ Հարաւային Կովկասը շուտ կը դառնայ նման տարածաշրջան։ Որպէս ինքնուրոյն ինքնավարութիւն տարածաշրջանը նաեւ շատ աւելի մեծ հնարաւորութիւններ կ՚ունենայ ապահովելու կապը, այլ տարածաշրջաններու միջեւ։ Օրինակ Չինաստանէն Կեդրոնական Ասիայէն դէպի Եւրոպա, ուրեմն Պարսից Ումմանի ծոցէն դէպի Սեւ Ծով ապա Ռուսաստան։ Բացի այդ ուրեմն ինքնիրեն ամբողջական տարածաշրջանը կը վերածուի մեծ խաչմերուկի։ Նաեւ ի հարկէ մէկ ամբողջական առեւտրական միջավայրի։
Փայլանի մօտեցումները աւելի շատ ուղղուած էին խաղաղութեան հնարաւորութեան։ Այսինքն այն որ բոլոր ժողովուրդները պէտք է բաց չթողնեն պատմական պահը եւ հռչակեն խաղաղութիւն։ Ան կը կարծէր որ սա շատ իրատեսական եւ հնարաւոր օրակարգ է։ Կը կանխատեսէր, որ յաջորդ տարի արդէն կրնայ բացուիլ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանը։ Եւ նոյն դրական տինամիքան կրնայ շարունակել նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման։ Կարօն այնքան վստահ էր որ այդ կարգաւորումը արդէն եղած է։
Ըստ ձեզ Հայաստան այցելած ատրպէյճանցիներու ուղերձները, տարածաշրջանային զարգացումներու մասին մտածումները ինչպէ՞ս էին։
Ատրպէյճանցի փորձագէտներու մօտեցումները բաւականաչափ զուսպ եւ հաւասարակշռուած էին։ Ատրպէյճան- Հայաստան կարգաւորման հետ կապուած անոնք զգուշաւոր լաւատեսութիւն կը յայտնէին։ Մօտաւորապէս կը կիսուէին իմ տեսակէտին։ Այսինքն այս պահուն տարածաշրջանային իրողութիւնները այնպէս են որ երկու երկիրներու, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Ատրպէյճանի առաջնեկն է խաղաղութիւնը։ Ատրպէյճանին ինչպէս արդէն նշեցի՝ խաղաղութիւնը անհրաժեշտ է, շատ աւելի մեծ նպատակներուն ձգտելու տեսանկիւնէն։ Այնպէս որ մօտեցումները բաւականաչափ մօտ են։ Ընդ որում այսպէս նշեմ ընդհանուր առումով տարածաշրջանային գործընթացներու հետ կապուած բոլոր տեսակներու մէջ հետաքրքիր առանձնայատկութիւններ կար։
Կը տարբերուէին Ռուսաստանի, Իրանի, մի քիչ ալ նաեւ Վրաստանի փորձագէտներու մօտեցումներուն։ Մնացած երկիներու մօտեցումները կը տարբերուէին խորատեսութեամբ։ Ինչ որ միւս երկիրներու փորձագէտներու մօտեցումները աւելի դրական էին։ Յագեցած էին դրական սպասումներով եւ ակնկալիքներով։ Այդ համաթեքստին որոշակի նմանութիւններ կար նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի փորձագէտներու մօտեցումներուն մէջ։ Բայց կը կրկնեմ, այդ լաւատեսութիւնը բաւականաչափ զգուշաւոր էր։ Ի հարկէ թերեւս լի անորոշութեան բազմաթիւ շերտերով։

