«Քարտէշ Թիւրքիւլեր»ի 30-ամեայ ոդիսականը

Ինչպէս բովանդակ երկրի, պոլսահայոց համար ալ հարազատ երաժշտական խումբ մը եղած է «Քարտէշ Թիւրքիւլեր»ը։ Խումբը այս տարի կը թեւակոխէ հիմնադրութեան 30 ամեակը։

Ինչպէս բովանդակ երկրի, պոլսահայոց համար ալ հարազատ երաժշտական խումբ մը եղած է «Քարտէշ Թիւրքիւլեր»ը։ Խումբը այս տարի կը թեւակոխէ հիմնադրութեան 30 ամեակը։ Այս առթիւ 11 Նոյեմբեր երեկոյեան Շիշլիի Ճեմիլ Ճանտաշի անուան մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Քարտէշ Թիւրքիւլեր»ի անցած երաժշտական ճանապարհը նկարագրող վաւերագրական ֆիլմի ցուցադրութիւնը։

Չայան Տեմիրէլի եւ Այշէ Չեթինպաշի հեղինակած վաւերագրականը ունի 108 վայրկեանի տեւողութիւն։ Ֆիլմի բեմադրիչները բացի իրենց կատարած նկարահանումներէն, օգտուած էին նաեւ զանազան տեսանիւթերէ, որոնք վառ վկայութիւններ էին թէ խումբի անցեալին եւ թէ տուեալ ժամանակահատուածի մէջ երկրի ընկերաքաղաքական կարեւոր անցուդարձներուն։

Ինչպէս շատերուն ծանօթ է խումբի պատմութիւնը կը սկսի Պօղազիչի Համալսարանի ֆոքլորի ակումբի աշխատանքներով։ Առաջին համերգները համալսարանի դահլիճին մէջ սարքելէ ետք, խումբը առաջին անգամ իր հարազատ միջավայրէն դուրս եկաւ բեմ ելլելով Մխիթարեան Սանուց Միութեան մէջ։Այս շրջանակին մէջ խումբի անդամները վկայութիւններ կը բերէին Պոլսոյ հայութեան հետ իրենց առաջին հանդիպումներէն։

Նոյնպէս պաստառին վրայ տողանցեցին «Քարտէշ Թիւրքիւլեր»ի եւ Սայաթ Նովա Երգչախումբի համատեղ նախաձեռնութիւններու օրինակները։ Մասեր ցուցադրուեցան Ռուհի Սու «Տոսթլար» երգչախումբի, Սայաթ Նովայի եւ «Քարտէշ Թիւրքիւլեր»ի համատեղ ձեռնարկած «Աշուղ է եկեր մեր մայելէն» համերգի դրուակներէ։

Նախքան ֆիլմի ցուցադրութիւնը բեմ հրաւիրուեցաւ Թագուհի Թովմասեան, որ շատ սրտանց արտայայտութիւնով նկարագրեց իր ընտանեկան միջավայրը՝ յատկապէս ընթրիքի պահերով, ուր կարելի չէր ըլլար սեղանը հաւաքել, առանց երգ ու երաժշտութեան։ Եւ այդ ընտանիքի շառաւիղը համարեց «Քարտէշ Թիւրքիւլեր»ի անձնակազմը, շեշտը դնելով «քարտէշ» այսինքն եղբայր եւ երգ բառերուն վրայ։

Ան յիշեց իր նորօք հանգուցեալ եղբայրը՝ Եդուարդ Թովմասեանը, որ մեծ համակրանք տածած էր այս խումբի հանդէպ։

Ծափողջոյնները անվերջանալի եղան, երբ բեմադրիչ Այշէ Չեթինպաշ բեմ հրաւիրեց ֆիլմի առաջին բեմադրիչը՝ Չայան Տէմիրէլը։

Չայան Տէմիրէլ կաթուածահար է, քայլելու, խօսելու եւ տեսնելու լուրջ դժուարութիւններ կ՚ապրի։ Ի դէմ բոլոր այդ դժուարութիւններուն ան հպարտօրէն բեմ ելաւ եւ ողջունեց հանդիսատեսը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով իր հեղինակած ֆիլմի հանդէպ ցուցաբերուած գնահատանքին համար։