Եթէ հակիրճ ակնարկ մը սեւեռենք դէպի մօտ անցեալ, պիտի տեսնենք հրաշք մը, որ անկարելի է պատկերացնել նախքան որ պատահի։ Երբեմնի հայաբնակ Ամիտա քաղաքը վերջին քանի մը տասնամեակներու ընթացքին ամբողջովին լքուած էր իր հարազատ բնակիչներու կողմէ։ Այս քաղաքը բացի իր բնիկ ժողովուրդէն, ցեղասպանութեան յաջորդող տարիներուն գաղթօճախ մը դարձած էր նաեւ տարածաշրջանի զանազան վայրերէն հոն հասած ժողովուրդի համար։Հոգեւորականներու խօսոյթի մէջ յաճախ կը յիշուի. «Եկեղեցին ժողովուրդ է» հաստատումը։ Իրականութեան մէջ Ամիտայի եկեղեցւոյ օրինակը այդ հաստատումի վառ ապացոյցն է։ Թերեւս ալ այս դիտանկիւնէն պէտք է ընկալել նախորդ շաբաթ քաղաքի երկրորդ կարեւոր եկեղեցիի՝ Սուրբ Սարգիսի վերաշինութեան համար կայացած ստորագրութիւնները։
Մինչեւ 1970-ական տարիներ Ամիտան ունէր մնայուն քահանայ։ Ժողովուրդի հետ միասին ան ալ լքեց իր ծառայութեան վայրը եւ հաստատուեցաւ Պոլիս։ Այս պայմաններու մէջ էր, որ ծնունդ առաւ քաղաքի պատմական Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցին վերակերտելու գաղափարը։
Բաւական վիճելի որոշում մըն էր այս, քանի որ շատեր ակնարկելով քաղաքի հայաթափումը, անիմաստ կը գտնէին այդ վերաշինութիւնը։
Հրաշքը պատահեցաւ վերաշինութեան աւարտին, ու բազմաթիւ ծպտեալ հայեր քաջութիւնը ունեցան իրենց ինքնութիւնը հրապարակելու եւ եկեղեցւոյ տէր դառնալու։
Հոգեւորականներու խօսոյթի մէջ յաճախ կը յիշուի. «Եկեղեցին ժողովուրդ է» հաստատումը։ Իրականութեան մէջ Ամիտայի եկեղեցւոյ օրինակը այդ հաստատումի վառ ապացոյցն է։ Թերեւս ալ այս դիտանկիւնէն պէտք է ընկալել նախորդ շաբաթ քաղաքի երկրորդ կարեւոր եկեղեցիի՝ Սուրբ Սարգիսի վերաշինութեան համար կայացած ստորագրութիւնները։
Վստահ կրնանք ըլլալ որ այս անգամ ալ պիտի գտնուին յուսալքուած մարդիկ, որոնք այս զարգացումին դէմ ալ պիտի առարկեն նոյն պատրուակներով։ Արդարեւ քաղաքապետարանի խոստացած 15 միլիոն լիրանոց օժանդակութիւնը բաւարար չէ այս շինութիւնը աւարտին հասցնելու համար։ Սակայն այդ գումարը ունի խթանող յատկութիւն, որ կը գօտեպնդէ այժմու թաղական խորհուրդը՝ այդ գործն ալ յաջողութեամբ աւարտին հասցնելու համար։
Եկեղեցաշինութիւնը ոմանց համար դրամ լուալու միջոց է։ Այդ նոյն գործը տարբեր պայմաններու մէջ ազգապահպանման լաւագոյն ծառայութիւն։
Այս առթիւ զրուցած ենք Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի Բ. ատենապետ Յովհաննէս Կաֆֆուր Թիւրքայի հետ։
Ան իր կարգին շեշտած է կատարուած գործի կարեւորութիւնը, դիտել տալով թէ Սուրբ Սարգիսը իր 510 տարուայ անցեալով պատմական կոթող մըն է նաեւ Ամիտա քաղաքի եւ հայ ժողովուրդի համար։
«Տիյարպեքիրի համաքաղաքապետները եւս ոգեւորուած են քաղաքի մէջ երկրորդ եկեղեցիի մը վերակառուցման պատճառաւ։ Համաքաղաքապետ Սերրա Պուճաք եւ Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ատենապետ Վազգէն Էրկիւն Այըք միասնաբար ստորագրեցին արձանագրութիւնը եւ քաղաքապետը խոստացաւ առաջին հերթին 15 միլիոնի յատկացում մը փոխանցել շինարարութեան մեկնարկին ընդառաջ» ըսաւ Յովհաննէս Կաֆֆուր Թիւրքայ։
Ան նաեւ նշեց թէ Սուրբ Կիրակոսի նման Սուրբ Սարգիս Եկեղեցին ալ կարեւոր նպաստ պիտի բերէ քաղաքի մշակութային եւ զբօսաշրջական զարգացումին։
Յիշենք որ հաւատացեալներու լուրջ քանակութիւն մը ապահոված Ամիտան հետզհետէ աւելի յաճախ կարիքը պիտի զգայ այցելու քահանայի մը, նոյնիսկ ինչո՞ւ չէ մշտական հոգեւոր առաջնորդի մը։

