«Ակօս» կը ձեռնարկէ 16-25 տարեկան երիտասարդներու ուղղեալ աշխատանոցի մը։ Աշխատանոցը կը մեկնարկէ 16 Յունուար 2026-ին։Այս նախաձեռնութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն «Արաս» եւ «Իսթոս» հրատարակչատուները, «Ավլարեմոզ», «Ժինեփս», «Ռոմանի Կոտի» եւ «Սապրօ» թերթերը։
Այս նախաձեռնութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն «Արաս» եւ «Իսթոս» հրատարակչատուները, «Ավլարեմոզ», «Ժինեփս», «Ռոմանի Կոտի» եւ «Սապրօ» թերթերը։ Ծրագիրը կը կանխատեսէ 20 երիտասարդներու մէկտեղումով թուային մետիայի ոլորտի նիւթերը սորվիլ եւ այդ ուսումով ալ արտադրութիւններ ընել։
Ճանսու Չամլըպել, Նազան Էօզճան, Եդուրադ Տանձիկեան, Պերճ Արապեան, Ռոպէր Քոփթաշ, Մուրատ Ութքու, Սինեմ Այտընլը, Թիմուր Սոյքան, Ռէյա Էօզտեմիր եւ Ֆաթիմա Չելիք վիտէոյի, լուսանկարչութեան, գրառումներու եւ թուային մետիայի արտադրութիւններու մասին պիտի դասախօսեն եւ «Ակօս»ի խմբագիրներու կողմէ ընտրուած նմոյշները պիտի հրատարակուին «Ակօս»ի մէջ։
Դասախօսութիւնները պիտի կայանան երկշաբաթական հերթականութեամբ ուրբաթ օրերը 16.00-19.00 ժամերու միջեւ Անարատ Յղութիւն Շէնքի մէջ։
Մանրամասնութիւններ կարելի է ստանալ՝ agosetkinlik@gmail.com հասցէէն։

