ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Բագրատ Էսդուգեան

Արեւմտահայ բանաստեղծութեան արի արքան

24 Նոյեմբեր թուակիր «Մարմարա» թերթի լրատւութեամբ վերահասու եղանք արեւմտահայ բանաստեղծութեան մերօրեայ հսկաներէն Արթօ Ճիւմպիւշեանի, կամ ալ գրական ծածկանունով Զարեհ Խրախունիի մահուան տասնամեակի յիշատակման։

Լրատւութեան համաձայն Տէր Զոհրապ Աւագ Քահանայ Ճիվանեան տարելիցի արարողութիւնը կատարելէ ետք դամբանական իր խօսքը եզրափակած է «Մաղթենք որ նորեր հասնին» ըսելով։ Թերթը կը ժխտէ քահանայի այդ մաղթանքը նշելով թէ «Հիմա երկինքն է, որ կը ցնծայ ոսկեայ գրիչներով»։

Մեր հաշւոյն Արթօ Ճիւմպիւշեան անունը նախ եւ առաջ երախտապարտութեան զգացումի վերայայտնութիւնն է։ Անձամբ ընդմիշտ երախտապարտ պիտի մնամ իրեն, քանի որ ան բացի իմ սկզբնական բոլոր գրական նմուշներու կամաւոր սրբագրիչը ըլլալէ, գրելու ընթացքին մէջ միշտ քաջալերող, խրախուսող անձը եղաւ։

Չեմ մոռնար «Թող երախան չմրսի» անուն պատմուածքին ուղղագրութիւնը սրբագրելէ ետք իր մատնուած մեծ ոգեւորութիւնը, գործի գրական յաջողութեան համար։ «Դուն բաւ է որ գրէ, ես երբեք չեմ զլանար ուղղագրութեան սխալները ճշդելէ» ըսած էր։

Ինք որքան ալ հանդուրժողական գտնուէր, ես ամէն անգամուն մեծ ամօթ կը զգայի, երբ կը ստանայի սրբագրուած պատճէնը, որուն վրայ բազմաթիւ էին կարմիրով նշուած ճշդումները։

Վերյիշումները այսքանով սահմանուած չեն։ Ինք եւ ես ունէինք նման նախասիրութիւն։ Կը սիրէինք մեր սեփական ինքնաշարժներով հասնիլ Սարըյէր, ըմպելի ջուր կուտակել Քոճաթաշի աղբիւրէն եւ տուն վերադառնալ։

Հայ բանաստեղծութեան «Արի Արքան» իր վարքով ու կենցաղով կատարեալ արստոկրատ մըն էր։ Նոյնիսկ ղեկին վրայ չէր հրաժարեր նշանաւոր «ֆէօթր» գլխարկէն։

Ինչ լաւ էր որ այդ նոյն արիստոկրատ վարքագիծը իւրացուցած էր իր սիրելի կողակիցը՝ ուսուցչուհի տիկին Մառլեն Ճիւմպիւշեան։ Մխիթարեանի գրական փաղանգի կարկառուն դէմքն էր եւ հաւատարիմ բարեկամը ու գրչեղբայրը Ռոպէր Հատտէճեանի։ Այդ հաւատարմութիւնը հասած էր այն աստիճանի, որ բարեկամը կը խրտչի մտածելով յամառօրէն հեռու կեցաւ «Ակօս»էն։ Չըլլայ որ մի գուցէ մէկը զինք տեսնէ «Ակօս» կարդալու պահուն։ Չըլլայ որ մէկը իսկոյն Ռոպէրին փոխանցէ այդ տեսածը։

Հանգիստ եմ այս տողերը գրելու ժամանակ, քանի որ քաջ գիտեմ թէ այս խօսքերը երբեք ու երբեք բամբասանքի կամ քննադատութեան նպատակ չեն հետապնդեր։ Այդպէս էր իրենց միջավայրը։ Պարոն Ռոպէր միշտ կը պահանջէր բացարձակ հաւատարմութիւն, աւելին՝ ենթարկուածութիւն։ Իսկ շուրջերնին լեցուն էր խօսք փոխադրող բազում բարեկամներով։ Թերեւս ալ այդ փշոտ դաշտին պէտք է վերագրել այն ցուրտ քամին, որ վերջին տարիներուն իրարմէ հեռու պահեց երկար տարիներու հարազատ բարեկամներ Հատտէճեանը եւ Զահրատը։

Այսօր մեզի կը մնայ խոնարհիլ արեւմտահայ գրականութեան այդ տիտաններու յիշատակին դիմաց։

pakrates@yahoo.com