Իսթանպուլի փառատօնի շրջանակին մէջ կազմակերպուած թատերական փառատօնը այս տարի 29-րդ անգամ համախմբեց թատերասէրները։Իսթանպուլի փառատօնի շրջանակին մէջ կազմակերպուած թատերական փառատօնը այս տարի 29-րդ անգամ համախմբեց թատերասէրները։
Փառատօնի ներկայացումներէն մէկն էր «Իսթանպուլ Մոն Ամուր, Փերայի մութ սենեակը» անուն բեմադրութիւնը։ Նախագիծի համաձայն ը Պէյօղլու մարզակումբի, Պէյօղլուի շարժանկարի սրահի եւ Մեթրօհանի նման երեք խորհրդանշական վայրերով կը փորձէր մասնակիցները հաղորդակից դարձնել այս պատմական թաղի մթնոլորտին։
Առաջին հանգրուանը Պէյօղլու Սփոր մարզակումբի մէջ ներկայացուած «Անշարժ եղէք կը նկարեմ» բեմադրութիւնն էր։ Դիմակներով եւ պուպրիկներով ճոխացած այս բեմադրութեան յաջորդեց Պէյօղլու շարժանկարի սրահին մէջ բեմադրուած «Կայպուպեթի քաղաքը» անուն բեմադրութիւնը։
Նախագիծի աւարտը տեղի ունեցաւ Մեթրօհանի մէջ, որ վերածուած էր համերգասրահի մը կերպարին։ Այստեղ երաժշտութեան ընկերակցութեամբ որոշ շրջանի մը ուրուականներու տողանցքն էր որ կը դիտէինք։
Այս բեմադրութիւնը առյաւէտ կորածներու մասին է։ «Ֆօթօ Կալաթասարայ» լուսանկարչատան վերջին օրն է եւ բազմութիւն մը կուտակուած է Չիչէք Փասաժըի մէջ, իբրեւ հրաժեշտի հանդիպում։ Բոլորը կը սպասեն Մարիամ Շահինեանին գալուստը։ Այդ պահուն կը յայտնուի օտար կին մը, որ սեղանակիցներէն իւրաքանչիւրը կը մղէ իր կորսնցուցածները որոնելու։ Այս գործը Պոլսոյ առօրեային մէջ յայտնաբերումը սպասող անհամար պատումներէն մէկը տեսանելի կը դարձնէ եւ հանդիսատեսը կը հրաւիրէ Պէյօղլու թաղը դիտելու լուսանկարչական գործիքի մը տեսախցիկէն։
Այսպէսով կը ծանօթանանք Թուրքիոյ առաջին արհեստավարժ կին լուսանկարիչ՝ Մարիամ Շահինեանի հետ։
Շահինեան ծնած էր 1911-ին, Սեբաստիոյ փարթամ շինութիւններէն Շահինեաններու ապարանքին մէջ։
Այդ շէնքը ժողովուրդի մօտ ծանօթ է նաեւ «Ճամլը քէօշք» կոչումով։ Յակոբ Շահինեան փաշա Օսմանեան Կայսրութեան առաջին Խորհրդարանի պատգամաւոր է եւ կը ներկայացնէ Սեբաստիան։ 1915-ի պատահարներէն ետք ընտանեօք կ՚ապաստանին Պոլիս։ Մարիամի հայրը Միհրան Շահինեան ընտանիքի ապրուստը հոգալու համար 1933 թուականին բաժնետէր կը դառնայ «Ֆօթօ Կալաթասարայ» լուսանկարչական արհեստանոցին։ Մինչ այդ Մարիամ Շահինեան աւարտած է Էսաեան Վարժարանի նախակրթարանի բաժինը։ Կը փորձէ ուսումը շարունակել Ֆրանսական Սեն Փուլշէրի վարժարանը, բայց նիւթական դժուարութիւններու բերմամբ կը ստիպուի ուսումը կիսատ թողուլ եւ աշխատանքի կ՚անցնի հօրն ալ բաժնետէր դարձած լուսանկարչական աշխատանոցին մէջ։ Ան շուտով տիրապետեց լուսնկարչական արհեստի բոլոր նրբութիւններուն։ 1937-էն սկսեալ իր վրայ առաւ ընտանիքի ապրուստի հոգերը։
Առաջին հերթին լուսանկարչական հին գործիք մըն էր որ կը շահագործէր։ Անցնող 50 տարիներու ընթացքին գործածեց այդ գործիքը եւ յաջողեցաւ լուսանկարչական բարձր որակ մը ապահովել ի դէմ անընդհատ զարգացող նոր սարքերու։
1942-ի ունեւորութեան տուրքը, 1974-ի Կիպրոսի պատերազմը տասնամեակներու ընթացքին քաղաքի ընկերամշակութեային անցուդարձներու վկայութիւններով լեցուն կեանք մը բոլորեց։ 1985-ին, երբ յառաջացած տարիքին բերմամբ կը հրաժարէր աշխատանքէ իր ետեւ կը թողուր մօտ 200 հազարի հասնող տեսողական արխիւ մը։
Մահացաւ 1996-ին, Շիշլի Հանըմէֆէնտի փողոցի իր բնակարանին մէջ։ Թաղուած է նոյն թաղի հայոց գերեզմանատունը։

