Վկայութիւններ Կոմիտասի երաժշտութեամբ

Առաջին անգամ նախորդ տարուայ Հոկտեմբեր ամսուն իր ծննդավայրի՝ Կուտինայի մէջ յիշատակուած էր Կոմիտաս վարդապետ։ Այդ համերգին մենակատար մասնակցած էր նաեւ Մուրատ Իչլինալչա։ Այժմ ինք եւ ընկերները կը պատրաստուին Անգարայի մէջ 29 Նոյեմբերին կայանալիք համերգի մը։ Այս առթիւ զրուցեցինք շնորհալի երգիչին հետ։

ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ

Երբ կազմուեցաւ «Աքիս» երաժշտական խումբը եւ դուք ե՞րբ մասնակցեցաք։

«Աքիս» երաժշտական խումբ 2018-ին հիմնուած է, իբրեւ Անատոլու Մշակութային Միութիւն։ Ան հետազօտական աշխատութիւններ կը տանի տարածաշրջանի երաժշտական հարուստ անցեալի պեղումներով։

Փրոֆ. Ճէնք Կիւրէյ Հաճէթէփէ Համալսարանի, Անգարա Պետական Կոնսերուատորիայի Երաժշտութեան Տեսութեան բաժանմունքի ուսուցիչներէն է եւ խումբին հիմնադիրը։ Իսկ ես խումբին մասնակցեցայ 2019 թուականին։

Անցեալ տարի Հոկտեմբեր 21-ին Կուտինայի մէջ կայացող Կոմիտասի համերգին մասնակցած էիք։ Ձեր երգացանկին մէջ ուրիշ հայ երգահաններ ալ կա՞ն։

Բացի կոմիտասէ ունինք նաեւ Տիգրան Չուհաճիեանի յօրինումները։ Ստեփան Էլմասեանի կողմէ երգուած կատարումներու ձայնագրութիւններէն ալ օգտուած ենք խումբին երգացանկը պատրաստելու ժամանակ։

Ձեր մօտալուտ համերգը կը ներկայացնէք «Գաղթի Ձայնաւոր Վկաները» խորագիրով։ Ի՞նչ է այս խորագրի նշանակութիւնը։

Կոմիտասի հաւաքած երգերը մէկ կողմէն կը ցոլացնեն այս երկրամասի երաժշտական մշակոյթի հարուստ աւանդը, միւս կողմէ վկայութիւններ կը բերեն տեղացի ժողովուրդի ապրումներու, դիմագրաւած դժուարութիւններու եւ կենցաղի մասին։ Այդ բոլորին մէջ յատկապէս կ՚առանձնանայ գաղթականութիւնը, իր հետ բերելով կարօտի եւ զրկանքի բազում դրսեւորումներ։

Կ՚ուզեմ հարցնել նաեւ այս երգացանկի մաս կազմող լեզուներու բնագիրներու լեզուներուն մասին։

Երգացանկը բնականաբար յագեցած է մեծաւ մասամբ Կոմիտասի ստեղծագործութիւններէ։ Անոնց շարքին կը լսենք իր մշակած հայերէն, թրքերէն եւ քրտերէն զանազան նմուշներ։ Նաեւ կը հնչեն պարեղանակներ եւ գործիքային յօրինումներ։

Բացի Անգարայի համերգէն, կը մտադրէ՞ք Իսթանպուլի մէջ ալ հիւրահամերգ մը սարքել։

Այո, այս երգացանկը նախապէս բեմադրած էինք Կուտինա, Էսքիշեհիր, եւ Ամիտայի մէջ։ Այժմ կը պատրաստուինք Անգարայի համերգին։ Եթէ յարմար առաջարկներ ըլլան, ինչու չէ՞, Իսթանպուլի մէջ ալ կրնանք համերգ մը տալ։