Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ 267-րդ Պապը Լեւոն ԺԴ., 2025 Նոյեմբեր 27 թուականին Թուրքիոյ իր առաջին պաշտօնական ճամբորդութիւնը կատարեց։ Անգարայի եւ Պոլսոյ հանդիպումներէն ետք, Պապին ուղին Պուրսայի Իզնիք գաւառն էր։ Այցելութեան նպատակը, Քրիստոնէութեան պատմութեան համար կարեւորութիւն ունեցող Նիկիոյ Առաջին Տիեզերական ժողովին 1700-րդ ամեակը տօնելն էր։ Այս պատմական հանդիպման Պապ Լեւոն ԺԴ-ն դիմաւորուեցաւ, Կոստանդնուպոլսոյ Յոյն Տիեզերական Պատրիարք Բարթողիմէոս, Անտիոքի եւ Արեւելեան Ուղղափառ Ասորիներու Պատրիարք Մօր Իգնատիոս, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Բ. Մաշալեանի եւ բազմաթիւ հոգեւորականներու կողմէ։Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ 267-րդ Պապը Լեւոն ԺԴ., 2025 Նոյեմբեր 27 թուականին Թուրքիոյ իր առաջին պաշտօնական ճամբորդութիւնը կատարեց։ Անգարայի եւ Պոլսոյ հանդիպումներէն ետք, Պապին ուղին Պուրսայի Իզնիք գաւառն էր։ Այցելութեան նպատակը, Քրիստոնէութեան պատմութեան համար կարեւորութիւն ունեցող Նիկիոյ Առաջին Տիեզերական ժողովին 1700-րդ ամեակը տօնելն էր։
Պատմական Սուրբ Նէոփիոս Պազիլիկային մօտ կազմուած բեմին վրայ մէկտեղուող հոգեւոր առաջնորդներ, շարականներու ընկերակցութեամբ ընդհանուր աղօթք կատարեցին։ Պապը նշելով Նիկիոյ Առաջին Տիեզերական Ժողովին հիմքը կազմող Յիսուս Քրիստոսի Աստուածային բնութեան հաւատքը, բոլոր Քրիստոնեաները խորապէս միացնող ուժեղ կապ մը ըլլալը ընդգծեց։ Ան իր խօսքին մէջ, Քրիստոնեաներու միութիւնը, բոլոր մարդկութեան եղբայրութիւնը եւ խաղաղութիւնը առաջ տանելու անհրաժեշտութիւնը նշելով, յստակ լեզուով մերժեց կրօնքի պատերազմը, բռնութիւնը կամ ծայրայեղութիւնը արդարացնելու համար իբր առարկայ գործածուիլը։ Պապը կոչ ըրաւ՝ աշխարհի համերաշխութեան, միութեան եւ խաղաղութեան համար։
Մօտաւորապէս 40 վայրկեան տեւող արարողութեան ընթացքին պատրիարքները եւ հոգեւորականները իտալերէն, հայերէն, ասորերէն եւ արաբերէն լեզուներով աղօթեցին։ Պատմական Սուրբ Նէոփիոս Տաճարի աւերակները այցելելէն ետք՝ Պապը, Պոլիս վերադարձաւ։
Պապին Թուրքիոյ ծրագիրը, Շաբաթ օր Պոլսոյ «Վոլսվակէն» համերգասրահին մէջ հանրային արարողութիւնով շարունակուեցաւ։ Պապը այցելութեան յաջորդ օրերուն այցելեց նաեւ ասորիներու Մօր Եփրեմ Եկեղեցին, Հայոց եւ Յունաց պատրիարքարանները։

