Պատերազմի զոհերը շահագործման ենթակայ

Այցելութեան աւարտին պատրաստուած տեղեկագիրը բացայայտած էր անչափահասներու ուղղեալ հոգեբանական եւ սեռային շահագործումները, որոնց հետեւանքով մէկը 15, միւսը 16 տարեկան պատանիներ սեռային շահագործման հետեւանքով յղիացած էին։

2024-ի Փետրուարին Ռուս բանակայիններու դէպի Ուկրաինա զինեալ յարձակումներու հետեւանքով մեկնարկող պատերազմի բնական հետեւանքներէն մէկն ալ ծնողազուրկ մնացած երախաներն էին։ Շփման գծի Տնիփրօբեթրովսք շրջանի բնակիչ շուրջ 3500 երախայ յատուկ կազմակերպութիւնով փոխադրուեցան այլ վայրեր։ Անոնցմէ 510 անչափահասներ գործատէր Ռուսլան Շոստակի իր անունը կրող հիմնարկի միջոցաւ փոխադրուեցան Թուրքիա։

Համագործակցելով Թուրքիոյ իշխանութիւններու հետ, այդ երախաները բնակեցուեցան Անթալիա, Պելտիպի շրջանի հիւրանոցներէն մէկուն։

Աւելի ուշ Ուկրաինական խորհրդարանի ներկայացուցիչներէ, ՄԻՊ-ի յանձնախումբէ Տնիփրոբեթրովսքի զինուորական վարչութենէ, Թուրքիոյ հասարակութեան քննիչներու խորհուրդէ եւ ՈՒՆԻՍԵՖ-ի Թուրքիոյ գրասենեակէն բաղկացած յանձնախումբ մը ստուգումներ կատարելու համար այցելեց Պելտիպիի հիւրանոցը։

Այդ պահուն հիւրանոցի մէջ կը բնակէին 253 երախայ եւ 85 պաշտօնակոչուած ընկերակցողներ։

Այդ այցելութիւնով պարզուեցաւ թերացումներու եւ շահագործումներու շղթան։

Այցելութեան աւարտին պատրաստուած տեղեկագիրը բացայայտած էր անչափահասներու ուղղեալ հոգեբանական եւ սեռային շահագործումները, որոնց հետեւանքով մէկը 15, միւսը 16 տարեկան պատանիներ սեռային շահագործման հետեւանքով յղիացած էին։

Այս գայթակղութեան յայտնաբերումէն ետք երախաները իսկոյն ետ ուղղարկուած են Ուկրաինա եւ նիւթը փորձուած է քօղարկուիլ։ Թէեւ պարզուած է սեռային շահագործումի հեղինակները, բայց անոնց դէմ յարուցուած մեղադրանքները մերժուած են դատական իշխանութիւններու կողմէ։

«Ակօս»ի հրապարակումէն ետք ԷՄԷՓ կուսակցութենէն, Սելտա Քարաճա, Անկախ երեսփոխան Մուսթաֆա Եէներօղլու, ԻՅԻ կուսակցութենէն Թուրան Չէօմեզ եւ ՏԵՄ կուսակցութենէն Սեզայի Թեմելլի նիւթը փոխադրած են Թուրքիոյ Խորհրդարանին։

Պատգամաւորները զանազան հարցումներ ուղղած են Ընտանիքի Նախարարութեան հասցէին։

Այս լրատուութեան յաջորդեցին կարգ մը տեղեկութիւններ, մանկապղծութեան զոտ գացած եւ Ուկրաինա վերադարձած յղի կիներէ։ Անոնցմէ մէկը մահափորձի դիմած է եւ բարեբախտաբար չէ յաջողած, իսկ միւսը մայրութիւն կ՚ընէ իր մանջ զաւկին։

Այս լրատուութիւնով կը յիշենք մօտ անցեալին, յատկապէս Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմէ փախչելով Թուրքիա ապաստանած եւ ճամբարներու մէջ պահուած կանանց եւ անչափահասներու դէմ գործադրուող սեռային շահագործումները եւ մանկապղծութեան դէպքերը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ