7 Դեկտեմբերին, Էսէնյուրթ, Կիւնէյ Մշակոյթի Կեդրոնին մէջ առաջին ցուցադրութիւնը պիտի կայանայ «Ասատուր» անուն վաւերագրական ֆիլմին։ Մեհմէտ Էմին Եըլտըզի հեղինակած ֆիլմը նիւթ կ՚ունենայ կեանքի յառաջացած տարիներուն իր նախնեաց ինքնութեան հետ առերեսուած ծերունիի մը միտքերն ու զգացումները։ Ասատուր ամբողջ կեանքի մը ընթացքին յիշուեցաւ Հիւսամեթթին Քուրուլթայ անունով։ Երիտասարդութեան տարիներէն սկսեալ մասնակցեցաւ ձախակողմեան քաղաքական շարժումներուն։7 Դեկտեմբերին, Էսէնյուրթ, Կիւնէյ Մշակոյթի Կեդրոնին մէջ առաջին ցուցադրութիւնը պիտի կայանայ «Ասատուր» անուն վաւերագրական ֆիլմին։
Թերեւս անոր առաջին յանդուգն ելոյթը տեղի ունեցաւ Քամփ Արմէնի դիմադրութեան օրերուն «Նոր Զարթօնք» հարթակի երիտասարդներու հետ հայապատկան տարածքը պաշտպանելու արշաւին մասնակցութեամբ։
Այժմ Հիւսամեթթին կը նախընտրէ իր պապի անունով ներկայանալ մարդկանց, իբրեւ Ասատուր։
Կալա ցուցադրութեան պիտի յաջորդէ նախ Ատանայի եւ ապա Եւրոպական կեդրոններու ցուցադրութիւնները։
Ցանկացողներու համար նշենք թէ Էսէնյուրթ կարելի է հասնիլ քաղաքապետարանի 76D հանրաշարժով, որ կը մեկնի Թաքսիմէն, 10 վայրկեանի հերթականութեամբ։

