Կը յիշէ՞ք, յարգելի ընթերցող, նախորդ յօդուածիս մէջ լսած էինք մեր հին սազի սիրավառ լարը։ Ոսկեսիմ էր ան եւ թանկագին։ Հայկական սազը, փառք եւ պատիւ մեր աշուղներուն, կենսուրախ էր, վառվռուն եւ ցնծուն։ Իսկ այսօր, ինչպէս խոստացեր էի շաբաթ մը առաջ, պտոյտ մը պիտի կատարենք դէպի Թիֆլիս եւ ականջ պիտի տանք Սայաթ Նովայի սազին։ Երբ յօդուածս իր աւարտին հասնի, մեր սազը կրկին նստի «մեճլիսներու» մէջ՝ իր նոր լարով եւ նոր շունչով, թող գովաբանէ կինն ու գինին, արդարն ու բարին։
Մշոյ սուրբի օրհնութիւնը
Հին հայկական խօսք մը կը հագուսան շերամստատէ, թէ սազը վարպետ ձեռքի մէջ պէտք է որ հնչէ. «Ան սազն որ կէօքսիդ (կուրծք) ունիս, կամ չալէ՛, կամ տուր չալողին»։ Յարգելի ընթերցող, կայ հինաւուրց օրէնք. սազը պիտի պատկանի վարպետ ածողին։ Աշուղութեան կոչումը, ըստ սովորութեան, սուրբի կամ վարպետի օրհնութեամբ է կարելի։ Աշուղ Թիֆիլին իր աշակերտ Գուսան Հաւասիին յանձնեց սազ նուագելու պատիւը։ Աշուղ Սիային իր աշակերտ Սերովբէ Լեւոնեանին շնորհեց սազ նուագելու արուեստը եւ անոր տուաւ աշուղի անուն՝ Ջիւանի։ Աշոտ Գրաշին (իր երազի մէջ) Սայաթ Նովայի ձեռքէն ստացաւ սազը. Կը յիշէ՞ք անոր խօսքը. «Երազիս մէջ Սայաթ-Նովան եկաւ ոսկէ սազ նուիրեց»։ Իսկ Սայաթ Նովան… Ան, 1730 թուականներն էին, 20-ամեայ պատանին ճամբորդեց Տարօն։ Մտաւ հայ աշուղներու հովանաւոր Մշոյ Սուրբ Կարապետի վանքը եւ կատարեց աշուղական ուխտը։ Այդ օր հեռաւոր Թիֆլիսէն ժամանած Արութին Սայադեանը ստացաւ սուրբի օրհնութիւնը եւ մկրտուեցաւ՝ Սայաթ Նովա։ 1754 թուականին Սայաթ Նովան մեզի պատմեց այդ դրուագը. «Փիրից (կարապետ, առաջնորդ, վարպետ) շնուրք առա, սազս ածեցի»։ Այնուհետեւ, քառասուն տարի, Վերինի կամքով, սուրբի հովանաւորութեամբ, մեղրով եւ շաքարով հնչեց Սայաթ Նովայի սազը։
Թագաւուրի սազանդարն իմ
Ողջ մնան մեր աշուղները, շատ բան տեսաւ հայկական սազը։ Իսկ ինքը, համեստ գործիք, ճոխ բառապաշար մը չունեցաւ։ Հայոց մայրենին, «սազ» բառով ունի լոկ մէկ-երկու արտայայտութիւն։ Առաջինն է, - յուսամ, ո՚չ մէկ աշուղին կը պատահի - , «Սազը պատէն կախ անել», այսինքն նուագելէ դադրիլ, ինչպէս նաեւ՝ զուարճութիւն եւ հաճոյք պատճառող բաներէ հեռու մնալ, մանաւանդ ծերութեան օրերուն։ Ունինք նաեւ «Սազ ածել» արտայայտութիւնը՝ «նուագել»։ Իսկ սազը օր մը մարդացաւ, երբ ծնունդ առաւ «սազանդար» բառը, այսինքն՝ երաժիշտ։ Հայկական սազի ամենէն ճոխալեզու աշուղը Սայաթ Նովան առաջիններէն է, որ գործածեց այդ բառը. «Վրաց թագաւուրի սազանդարն իմ / Ինձ Սայաթ Նովա Արութի՛նն ա կ՚ոսին (կ’ըսեն)»։
Քեզի ոսկին կը սազէ
Սայաթ Նովայի երգերու մէջ «սազ» բառը երաժշտական գործիքի իմաստ ունի։ Ուստի իր քամանչան ալ սազ մըն է։ Ան յաճախ գործածեց նաեւ «սազ» արմատէն եկած «սազիլ» բայը, որ կը նշանակէ «յարմարիլ»։ Սազանդար Սայաթ Նովան սազ չէ նուագած, սակայն այսօր ի՜նչ սիրելի պիտի ըլլայ անոր երգերու մէջ տեղ գտած «սազ» բառերը լսել։ Ձեզի համար, յարգելի ընթերցող, ես լսեցի այդ երգերը եւ կազմեցի սիրալիր ծաղկաքաղ մը։ Այժմ, մտնենք վրաց պալատը։ Նորակառոյց է ան։ Շքեղ դահլիճը երկու տասնամեակ մը առաջ իր ձեռքով ձեւաւորած եւ նախշազարդած է Նաղաշ Յովնաթանը։ Ահա, Սայաթ Նովան կու գայ եւ կը նստի մեճլիսի մէջ։ Ապա, «Կիւրճստանայ կէօզալները» նրբամարմին՝ կը բազմին փափուկ բարձիկներու վրայ։ Ի՜նչ լաւ սազեր են անոնց հագածը, կապածը. «Չկայ քիզի նման… Քի սազ գուքա ղուշլու զարբաբ», այսինքն՝ քեզի կը վայելէ նախշով թռչնազարդ հագուստը։ Ո՞վ կրնայ գովել այնքան գեղեցկութիւն. վարպե՚տ մը մեծ միայն. «Վարպետ պիտի՝ սիրուն տեսքիտ գովք անէ»։ Եւ իր սազը առած՝ գովք հիւսեց Սայաթ Նովան. «Քիզ սազ գուքա զարբաբ ու զար (մետաքսեայ ոսկեթել կտաւ եւ ոսկի)… Քիզ սազ գուքայ ալ ղումաշըն»։ Իսկ աղջկան գօտին՝ մէկ այլ գեղեցկութիւն. «Ձեռն գիմխա գօտկին մէկնած, մինա-քամար սազ է անում», թարգմանաբար՝ ձեռքը փափլիկ կոնքին դրած, գօտին ինչ լաւ կը վայելէ։ Հապա սիրուններու զարդարա՞նքը. «Աջա՞բ գիդիս, թէ էդ անգին զուքսըտ (զարդարանք) ինչպէս սազ գուքա քիզ»։
Եռանկիւնաձեւ երկխօսութիւններ
Սայաթ Նովայի խաղերը մտերմիկ երկխօսութիւններ են՝ երեգ հոգիով։ Մի զարմանաք, յարգելի ընթերցող, մէկը մեր տղան է, սիրավառ Սայաթ Նովան, միւսը՝ սիրունատես գեղեցկուհին։ Անոնք ջերմ զրոյցի մէջ են։ Իսկ երրո՞րդը. սազը, սէրը բորբոքող գործիքը։ Բարեգութ սրտակից է սազը՝ ազնիւ սիրոյ միջնորդը։ Մենք հիմա ականջ տանք անոնց փոխասացութեան, որ զուգերգ մըն է։ Աղջիկը կը հարցնէ, ո՞վ ես դուն. «Օխտըն տարի էլ ման գուքամ սազն ձեռիս Ղարիբի պէս՝ Սազը ձեռին սազ ածող է Սայաթ-Նովէն»։ Աղջիկը ունի գեղեցիկ պատկեր, վարդի գոյնով այտեր։ Թուխ են մազերը, փայլուն, երեսին վրայ ցրուած։ Մէկ ձեռքը լեցուն գինի՝ ապակի թասի մէջ լեցուած։ Միւս ձեռքը փափլիկ կոնքին է դրած։ Սայաթի սազը ներգործեց անոր. «Մո՚ւտ բաղչէն նազով, քիզ գովիմ սազով, եար, իլթիմազով»։
Երգդ հիւանդացուց զիս
Դուք տեսա՞ծ էք Սայաթ Նովայի եարը։ Չկայ նկարն անոր։ Սայաթ Նովան ըսաւ, թէ մինչեւ Հնդկաստան փնտռեցին, բայց աւաղ, չգտան այնպիսի տաղանդաւոր նաղաշ (նկարիչ), որ գծագրէր այդ գեղեցիկը. «Քի սազ նաղաշ չելաւ, ինչքան փորձեցին»։ Ե՛ս փորձեմ նկարագել՝ աշուղի խօսքերով. Պռոշները մեղր, մազիրը փաթաթուած ոսկի թփի մէջ, մէջքին օսկէ քամար, բերանը վարդ, պատուական անգին ճաւահիր, լեզուն շաքար, մազը մետաքս, պլպուլի պէս ձայն է տալի, շրթունքը նուշ, ռանգը (գոյնը) փռանկի (ֆրանսական) ատլաս, ռանգը շաքար, ակռաները փղոսկր, ակռաները մարգարիտ, հոտը կու գայ սմպուլի պէս, մէջքը ճէյրան, հասակը սալբի, երեսը լուսին, ծոցը այգի, ծոցում սեռկեւիլ, ծոցի մէջ շամամ, ծոցը վարդի դրախտ, ինքը կրակ, հագածը կրակ, որ մէկ կրակին դիմանայ Սայաթ Նովան։ «Բարակ ձենով սազ իս անում, յա՛ր… Սազ իս անում, դուր իս գալի, Անպատմելի»։ Ապա, աշուղը հիւանդացաւ. «Էշխէմէդ հիւանդացիլ իմ… Հէքիմնիրս ափսուսում ին… Թաք դուն տիս գաս, վիր կու կենամ. թէ սազիս սազա իս, ա՚զիզ»։ Մեր լեզուով մեկնաբանեմ. Սայաթը աղջկան «էշխով»՝ սիրով հիւանդացաւ, բժիշկները ճարահատ ափսոսացին, դեղ ու դարման չունէին։ Սայաթը ըսաւ. Ես կ’առողջանամ, ոտքի կ’ելլեմ, եթէ միայն գաս, մօտենաս, հաւնիս սազս, եար»։
Վատ մարդուն Աւետարան չի սազիր
Լարային, կսմիթային, տանձաձեւ սազը լոկ հաճոյքի գործիք չէ. ան կը խորհի, կու տայ խրատ, կը քարոզէ ազգային հպարտութիւն։ Տունէ տուն պտըտող գուսանները սազով փառաբաներ են մեր նախնեաց հերոսները։ Սազի երեք կամ չորս խումբի լարերու առաջինը մեղեդիական է, երկրորդը՝ ձայնառական, երրորդը՝ ներդաշնակային։ Հնչերանգը զնգուն է, միեւնոյն ժամանակ փափուկ։ Աւա՜ղ Սայաթ Նովան չնուագեց սազը, բայց իր քամանչային տուաւ «սազ» կոչուելու պատիւը. «Ամէն սազի մէջն գոուած՝ դուն թամամ տասն իս, քամա՚նչա»։ Ապա, աշուղը խորհուրդ մը տուաւ մեզի. Մարդը եթէ իմաստուն չէ, զուրկ է շնորհքէն՝ Աւետարանն իսկ անոր չի սազիր. «Գիլի գլխին ավիտարան սաղ չի գա. / Մարիփաթից (շնորհք, տաղանդ) զուրգին ի՞նչ խրատ է պէտք»։
Վանայ սազը
Յարգելի ընթերցող, եթէ դուք կը փափաքիք Թիֆլիսէն հեռու՝ հայկական սազի հարաւային լարերը լսել, ձեզի կը խրատեմ Գեւորգ Շերենցի (1848, Վան, 1921, Թիֆլիս) «Վանայ Սազը» աշխատասիրութիւնը ընթերցել։ Կ’ուզէ՞ք գիտնալ, թէ ինչ է ան. ազգագրական, բանահիւսական ընտիր գործ՝ գիրք մը որ կը պարունակէ Վասպուրականի՝ Վանայ, Շատախի եւ Մոկսի հէքիաթները, զրոյցները, երգերը, առածները, ասացուածքները, հանելուկները, անէծքները եւ օրհնանքները։ Պրակ Ա. 1885, Պրակ Բ. 1899, Թիֆլիս։
Ծովու աւազը չի պակսիր
Սայաթ Նովայէն մինչեւ այսօր հովե՜ր անցան, ծովե՜ր անցան… Բայց, մնաց Սայաթ Նովան։ Մնաց անոր սազը՝ իմաստուն եւ զուարթուն։ Որպէս աւանդ, 1753 թուականին, քառասնամեայ աշուղը մեզի հրաժեշտի ընտիր խօսք ձգեց, թէ ինչքան քամի փչէ, ծովու աւազը չի պակսիր, Սայաթ Նովան կայ, թէ չկայ, սազը աշխարհէն չի պակսիր…
Քանի կ’ուզէ քամին տանէ՝
ծովէմէն աւազ չի պակսի.
Թէկուզ ըլիմ, թէկուզ չըլիմ՝
մէջլիսներուն սազ չի պակսի,
Թէ կու պակսիմ, քիզ կու պակսիմ՝
աշխարիս մէ մազ չի պակսի։
(Էսպէս Արութինի ասած. 1753, Քրոնիկոնի 441-ին)
Երգէ իմ սազ
Մինչեւ այսօր կ’երգէ մեր ազնիւ սազը։ Սայաթ Նովայի յաջորդները շարունակեցին սազի հետ սէր տածել։ Այսօր մեր հրաժեշտի երգը կը փափաքիմ, որ ըլլայ Գուսան Շերամէն։ Իր հօրմէն զրկուած մանուկ Գրիգորը, ապագայ Գուսան Շերամը, աշխատեցաւ ատաղձագործի քով եւ ի՚նքը պատրաստեց իր առաջին սազը, ապա դարձաւ սազանդարական խումբերու մէջ սազ նուագող։ Յայտնի երգահան եւ երգիչ Շերամը, գարնան ջերմ օր մըն էր, յանկարծ տեսաւ իր եարը։ Աղջիկը, ինչ գեղեցիկ պատկեր, սազ ունէր իր ձեռքին եւ նազելով կը ճեմէր դաշտի մէջ… Ես կը մաղթեմ, որ դուք միշտ վայելէք սազի ազնիւ ու զուարթ ձայնը, որ սէր կը բուրէ.
Նա մի նազ ունի,
Նազ ունի, նազ ունի,
Ձեռքին սազ ունի.
Սազ ունի, սազ ունի,
Չալելով սէյրան կ’երթայ,
Դարձել է ջէյրան, կ’երթայ։