ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Բագրատ Էսդուգեան

Նուիրումի մարմնացումներ

Կեանքի մէջ կան ասպարէզներ, որոնք բացի արհեստական գիտելիքէ, կը պահանջեն նաեւ նուիրում։ Այդ ասպարէզները ուղղակիօրէն առնչուած են մարդու հետ։ Բժշկութիւնը, բուժքոյրութիւնը, ուսուցչութիւնը այդ տեսակի ասպարէզներու կարգին են։

Անշուշտ որ իւրաքանչիւր աշխատանք կը թելադրէ կատարուած գործի յատուկ գիտելիք, փորձառութիւն, ձեռնհասութիւն։ Բայց վերեւ նշուածներու կողքին կայ շատ աւելի լուրջ պատասխանատուութիւն պահանջող ասպարէզներ։

Մենք այս պահուն կը կեդրոնանանք ուսուցչական ասպարէզի վրայ։

Ուսուցչաց օրուայ առթիւ Կեդրոնական Վարժարանի մէջ յատուկ երախտագիտական հանդէս մը տեղի ունեցաւ, այս ուսման հաստատութեան բազմամեայ ուսուցիչներու համար։

Երկու քոյրեր՝ օրիորդ Նազլը եւ օրիորդ Աղաւնի Կեդրոնականի մէջ լրացուցին պաշտօնավարման 35 եւ 40 տարիները։ Ինչպէս կը վկայէ վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Քույումճեան Մարկոսեան, անոնք սերունդներ դաստիարակեցին այդ պատմական վարժարանի մէջ։ Պատահեցան օրինակներ, երբ իրենց երբեմնի աշակերտները վերայայտնուեցան իրենց զաւակները եւս յանձնելու համար այն ուսուցչուհիներուն, որոնց շնորհով հասակ առած էին տարիներ առաջ։

Երբ խօսեցանք նուիրումի մասին, քաջ գիտենք թէ բոլոր ուսուցիչները չէ որ իւրացուցած են այդ զգացումը։ Շատեր ճարահատութեան դէպքին համակերպած են այս ասպաէզին։ Քիչերն են որ ի սկզբանէ որդեգրած են այդ ճանապարհը եւ ամբողջ կեանք մը մաշեցուցած այդ ճամբով։

Սոյն երկու օրինակներուն մէջ մենք կը տեսնենք նուիրումի զուգահեռ գիտակցութեան առկայութիւնը։ Գիտակցութիւն՝ նախ իրենց գիտութեան հանդէպ։ Օրիորդ Նազլը յաջողեցաւ աշակերտներու մղձաւանջը դարձած թուաբանութիւնը հաճելի դարձնել, օգտուելով իր հմտութենէն։ Գիտակցութիւն նաեւ իր պաշտօնավարած ուսման հաստատութեան որդեգրած առաքելութեան հանդէպ։ Անսակարկ եւ անզիջող կերպով հաւատարիմ մնաց մայրենի լեզուով դասաւանդելու սկզբունքին։ Նոյնը ըրաւ օրիորդ Աղաւնի, այս անգամ կենսագիտութեան պահերուն։ Կուրծք տուաւ կարգ մը ծնողներու այս դասերը տեղական լեզուով անցնելու պահանջներուն, առանց դոյզն իսկ ետքայլ ընելու յամառօրէն շարունակեց հայերէնով դասաւանդել։

Կեանքի իրողութիւն է, ուսուցիչի վաստակը կը գնահատուի աշակերտութեան շրջանը աւարտելէ ետք։ Աշակերտը դպրոցի մէջ բնականաբար հակադրուած է ուսուցչին։ Չէ որ բարձր նիշերը ինք կը ստանայ, իսկ տկար նիշերը ուսուցիչն է որ կու տայ։ Բայց երբ կ՚աւարտի աշակերտութեան տարիները, ենթական կեանքի զանազան փորձութիւններով առիթը կը գտնէ այդ գնահատականը խոստովանելու։

Թէեւ օրիորդ Նազլը եւ օրիորդ Աղաւնի վերջակէտ մը դրին Կեդրոնականի մէջ իրենց մատուցած բազում տարիներու վաստակին, բայց քաջաբար գիտենք թէ անոնք երբեք չեն կրնար ամբողջովին խզուիլ դպրոցի միջավայրէն եւ իրենց որդեգրած ծառայութենէնէ։ Անպայման կը գտնեն միջոցներ, որպէսզի իրենց տարիներու ծաւալող փորձառութենէն բաժին հանեն նոյն ճանապարհով ընթացող յաջորդ սերունդին համար։

Յարգանք ու երախտիք իրենց նուիրեալ վաստակին։