Պարոք համերգ Պոյաճըգիւղի մէջ

«Փառք ի բար­ձունս Աս­տուծոյ» խո­րագ­րեալ հա­մեր­գը պա­րոք երաժշտու­թեան բա­ցառիկ խրախ­ճանքի մը վե­րածո­ւեցաւ շնոր­հիւ ար­հեստա­վարժ երա­ժիշտնե­րու բարձրո­րակ կա­տարումնե­րուն։

Պոյաճը­գիւ­ղի Սուրբ Երից Ման­կանց Եկե­ղեցին իր պատ­մութեան մէջ ան­նա­խադէպ հա­մեր­գի մը վայ­րը հան­դի­սացաւ 30 Նո­յեմ­բեր կի­րակի օր։

«Փառք ի բար­ձունս Աս­տուծոյ» խո­րագ­րեալ հա­մեր­գը պա­րոք երաժշտու­թեան բա­ցառիկ խրախ­ճանքի մը վե­րածո­ւեցաւ շնոր­հիւ ար­հեստա­վարժ երա­ժիշտնե­րու բարձրո­րակ կա­տարումնե­րուն։

Հա­մեր­գի հիմ­նա­կան նպա­տակն էր երախ­տիք յայտնել բո­լոր այն բա­րերար­նե­րուն, որոնք իրենց մաս­նակցու­թիւնը բե­րին եկե­ղեց­ւոյ պատ­մա­կան եր­գե­հոնի վե­րանո­րոգ­ման։

Իրա­կանու­թեան մէջ պա­տահա­կանու­թիւննե­րու շարք մըն է, որ բե­րաւ այս աւար­տը։ Ամէն ինչ սկսած էր գրող Սե­փին Սի­նան­լըօղ­լո­ւի «Հոյ­րաթ» անուն վէ­պով։ Զար­մանքով նկա­տած էինք թէ են­թադրա­կան այդ պա­տու­մի առանցքը կը կազ­մէր եր­գե­հոն մը, որ բա­ժանո­ւած մեծ ըն­տա­նիքի մը հա­սարա­կական յայ­տա­րարը դար­ձած էր։ Աւե­լին՝ յա­ճախ կը յի­շուէր հայ հո­գեւո­րական Հայր Թա­թու­լի անու­նը։ Այս բո­լորը կ՚անցնէին Պո­յաճը­գիւղ թա­ղի մէջ։

Ար­դա­րեւ նա­խորդ կի­րակիի հա­մեր­գին ներ­կայ էր նաեւ գրող Սե­փին Սի­նան­լըօղ­լու, որ յայ­տագրի սկիզ­բէն առաջ կարճ ելոյ­թով մը անդրա­դար­ձաւ այս բո­լորի մա­սին։

Հա­մեր­գի բա­րի գալստեան խօս­քը ար­տա­սանեց թա­ղական խոր­հուրդի ան­դա­մու­հի Ան­գի­նէ Էվեափան։

Ան նախ հա­յերէ­նով ապա թրքե­րէնով ող­ջունեց ներ­կա­ները, որոնք ամ­բողջո­վին լե­ցու­ցած էին եկե­ղեցին եւ յա­րակից մկրտա­րանի հա­տուա­ծը։ Խօսք առաւ նաեւ եր­գե­հոնը նո­րոգող Աթա Չա­քըր հա­մառօտ տո­ղերով ծա­նօթա­ցուց պատ­մա­կան եր­գե­հոնի յատ­կութիւննե­րը եւ այդ նո­րոգու­թեան աշ­խա­տան­քի պատ­ճա­ռած ար­հեստա­կան գո­հու­նա­կու­թիւնը։ Օրո­ւայ երա­ժիշտներն էին դաշ­նա­կահար­ներ Իք­լիմ Թամ­քան եւ Թիւրքիւ Եավուզ։ Անոնց հետ նո­ւագե­ցին նաեւ թաւ­ջութա­կահար Էճէ Նազ, սրին­գա­հար Զէյ­նեփ Եըլ­մազ եւ երգչու­հի Սե­նեմ Տե­միր­ճիօղ­լու։ Անոնք ունկնդրին մա­տու­ցե­ցին Պա­խի, Վի­վալ­տիի, Հեն­տե­լի, Քա­միլ Սեն Սա­նի եւ այլ պա­րոք շրջա­նի եր­գա­հան­նե­րու գոր­ծե­րէն նմուշներ։

Ունկնդիր­նե­րու մէջ էին նաեւ «Ռա­տիօ Ակօս»ի հա­ւատա­րիմ հե­տեւող­ներ, որոնք նա­խորդ օրո­ւայ հա­ղոր­դումը լսե­լով վե­րահա­սու եղած էին այս հա­մեր­գէն եւ առի­թը չէին բաց թո­ղած ու հե­ռաւոր թա­ղերէ փու­թա­ցած էին արո­ւար­ձա­նային այս գողտրիկ հայ­կա­կան եկե­ղեցին։