Հռոմի նորընտիր պապը Լեւոն ԺԴ., երբ պաշտօն ստանձնեց իր օրագրութեան մէջ գտաւ Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք Բարթողիմէոս սրբազանի հրաւէրի նամակը, ուղղուած Փրանկիսկոս Պապին, Նիկիոյ Տիեզերական Ժողովի 1700-ամեակի առթիւ։
Գործադրուեցաւ նախապէս ճշդուած պայմանաւորուածութիւնը եւ նորընտիր Պապը իր առաջին արտասահմանեան այցելութիւնը կատարեց դէպի Թուրքիա։
Տրուած ըլլալով որ այցելութիւնը պետական մակարդակով էր, Պապը առաջին հերթին այցելեց մայրաքաղաք Անգարա եւ հանդիպում մը ունեցաւ երկրի նախագահի հետ։
Ապա սկիզբ առաւ այցելութեան հոգեւոր երեսակը։ Այսպէս Լեւոն ԺԴ. Պապը ֆրանսական Սենթ էսփրի Տաճարին մէջ Պատարագ մատոյց։
Ան նոյն օր այցելեց նաեւ «Փթիթ Սէօրեր» անունով ծանօթ ծերանոցը, ուր դիմաւորուեցաւ մայրապետներու եւ պատսպարեալներու ջերմ վերաբերումով։
Նորին Սրբութիւնը յաջորդ օր Յունաց Տիեզերական Պատրիարքի, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքի, Ասորեցւոց հոգեւոր առաջնորդներու եւ այլ քրիստոնեայ բարձրաստիճան եկեղեցականներու, մեկնեցաւ Իզնիք, Նիկիոյ Տիեզերական Ժողովի 1700-ամեակի հանդիսութիւններուն նախագահելու համար։
Վերադարձին սրբազան գահանայապետը Եշիլգիւղի մէջ այցելեց Ասորեցւոց Մոր Եփրեմ տաճարը, ուր դիմաւորուեցաւ աւանդական ցնծութեան արտայայտութիւններով, ականջ խլացնող զլկըթներով, թիլիլիներով։
Նոյն օրուայ երեկոյեան այս անգամ ընդարձակ համերգասրահ մըն էր, որ ՀայՃարի անդամ ճարտարապետ Նորա Հիսարլըի պատշաճ բեմայարդարումով վերածուած էր սրբավայրի մը, Պապը առիթը ունեցաւ աւելի քան 4000 հաւատացեալներու հետ հանդիպելու։
Պապի այցելութեան վերջին կայանն էր աթոռանիստ մայր եկեղեցին, ուր հայ համայնքը բծախնդիր նախապատրաստութիւնով փութացած էր այս պատմական պահին ներկայ գտնուելու համար։
Պապի այցելութեան այս հանգրուանը մանրամասնօրէն նկարագրուած է ներքեւի սիւնակներուն վրայ։
Իր սեղմ ծրագրին մէջ Պապը ժամանակ յատկացուց քանի մը ամիսներ առաջ տարեցներու բռնութեան զոհ գացած Մաթիաս Ահմետ Մինկուզիի սգաւոր հայրը ընդունելու եւ մխիթարական պատգամներ փոխանցելու։
Սրբազան քահանայապետը 30 Նոյեմբերի յետմիջօրէին աւարտելով Թուրքիա այցելութիւնը, մեկնեցաւ Լիբանանի մայրաքաղաքը, ուր դարձեալ դիմաւորուեցաւ աւանդական եղանակով եւ ժողովրդական մեծ ոգեւորութեամբ։