ԲԱՐՌԵՍԻԱԲԱՐ

ԲԱՐՌԵՍԻԱԲԱՐ

Պալեա՞ն, թէ՞ Գատէհճեան. ակնարկ Այնթապի Սուրբ Աստուածածին տաճարի մասին

Այս յօ­դուա­ծը կը գրեմ շա­բաթ­ներ առաջ «Եսա­յեան Սրահ»-ի կազ­մա­կեր­պած ձեռ­նարկի մը ըն­թացքին Ս. Աս­տուածա­ծին տա­ճարը իբ­րեւ «Անա­տոլիոյ մէջ Պա­լեանի ճար­տա­րապե­տու­թեան հիանա­լի օրի­նակ մը» ներ­կա­յացո­ւելուն առի­թով։

ԹԱՄԱՐ ԿԻՒՐՃԵԱՆ

Երկու տարուան տքնաջան ուսումնասիրական աշխատանքիս արդիւնքը եղաւ մագիստրոսականի թէզս՝ Այնթապի Սուրբ Աստուածածին մայր տաճարի մասին, որ գրեցի Պերլինի Թեքնիքական համալսարանին մէջ։ Այս առումով հարցազրոյց մըն ալ տուի «Ակօս»-ին։ Հարցազրոյցին ընթացքին, որ հրատարակուեցաւ Յուլիս 2023-ին, իսկ անգլերէն թարգմանութիւնը՝ նոյն տարուան Դեկտեմբերին, կը պատմեմ տաճարի կառուցման հոլովոյթը, դարերու ընթացքին տաճարէ՝ բանտ եւ վերջապէս՝ մզկիթի վերածուիլը։

Այս յօդուածը կը գրեմ շաբաթներ առաջ «Եսայեան Սրահ»-ի կազմակերպած ձեռնարկի մը ընթացքին Ս. Աստուածածին տաճարը իբրեւ «Անատոլիոյ մէջ Պալեանի ճարտարապետութեան հիանալի օրինակ մը» ներկայացուելուն առիթով։ Աւելին, որովհետեւ հարկ կը զգամ, որ վերատեսութեան ենթարկուի «Անատոլու Քիւլթիւր»-ի յետերկրաշարժեան տեղեկագրին մէջ հետեւեալ կարդածս՝ «Կը տեսնենք, որ Սարգիս Պալեանի [...] այս մեծածաւալ կառոյցին մէջ ան կիրառած է նաեւ եռայարկ վերնատան փորձը»։ Արդարեւ, երբ Էլմոն Հանճերի վերջերս «Ակօս»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ կարդացի, որ Սարգիս Պալեանի կողմէ կառոյցին յատակագիծը ընդարձակուած է մէկուկէս անգամով, կարեւոր նկատեցի այս նիւթը արծարծելս։

1. Որքա՞ն մեծ դեր խաղացած է Սարգիս Պալեանը Ս. Աստուածածին Տաճարի նախագծման եւ կառուցման մէջ։

Տեղեկագրի մէջ եկեղեցւոյ մասին որպէս բնաբան օգտագործուած է Գէորգ Ա. Սարաֆեանի խմբագրած «Պատմութիւն Այնթապի հայոց» յուշամատեանը։ Հոն կը նշուի, որ Այնթապէն պատուիրակութիւն մը մեկնած է Պոլիս՝ ստանալու համար եկեղեցին մէկուկէս անգամ ընդարձակելու Սարգիս Պալեանի համաձայնութիւնը։ Այնուամենայնիւ, վերոնշեալ աղբիւրը կ՚աւելցնէ, որ պատուիրակութիւնը Պոլիս մեկնած է ոչ միայն ընդլայնման արտօնութիւն հայցելու, այլ նաեւ տեղեկացնելու, որ այլեւս դուրսէն ճարտարապետ բերել չ՚ուզեր։ Յամենայնդէպս, այս աղբիւրը չի խօսիր տեսակցութեան կայացման կամ Պալեանի արտօնութեան մասին։ Այս առումով, անհրաժեշտ է ուսումնասիրել 1917 թուականի «Կոչնակ» պարբերաթերթի մէջ Բաբգէն եպիսկոպոսի հետեւեալ գրութիւնը՝

«Նշանաւոր ճարտարապետին յատակագիծը, Ներսէս Պատրիարքի փափաքին համաձայն, համեմատաբար քիչ ծախքով եկեղեցի մը պիտի տար Այնթապցիներուն, բայց զայն մէկուկէս անգամ աւելի մեծցնելով, այն ալ առանց Սարգիս պէյին նորէն դիմելու, թէ՛ շինութեան հոգն ու ծախսը բազմապատիկ եղան եւ թէ՛ շինուած եկեղեցին կորսնցուց իր արձագանգային կամ ձայնագիտական (acoustic) համեմատութիւնը , այնպէս որ եկեղեցւոյ խորանին եւ բեմին առջեւ կատարուած քարոզը լաւ չեն լսուիր հեռուներէն»։

Այս տեղեկութիւնը դիտել կու տայ, որ ծրագիրը ընդլայնուած չէր Սարգիս Պալեանի կողմէն եւ որ Պալեանի դերակատարութիւնը սահմանափակ եղած է եկեղեցւոյ վերջնական կազմաւորման մէջ։ Հակառակ որ զեկոյցին մէջ ներկայացուած արուեստի պատմական արժեւորումները արժէքաւոր են, Սարգիս Պալեանի գծագրութիւններու բացակայութեան՝ ճարտարապետական տեսանկիւնէն կարելի չէ համեմատել սկզբնական յատակագիծն ու վերջնական կառոյցը։

2. Եռայարկանի վերնատունով եկեղեցւոյ շինութիւնը Անատոլիոյ մէջ առաջին անգամ Սարգիս Պալեանի՞ կողմէն փորձարկուած է:

Տեղեկագիրը տուն կու տայ այն ենթադրութեան, թէ Սարգիս Պալեան փորձած է նախագծել երեք յարկանի վերնատունով եկեղեցի մը եւ թէ նման վերնատուն մը առաջին անգամ ըլլալով կը կիրարկուէր։ Սակայն, նկատի ունենալով, որ մեր տրամադրութեան տակ չունինք եկեղեցւոյ յատակագիծը, կարելի չէ ըսել, որ Պալեանի սակաւածախս նախագիծը իսկապէս կը բովանդակէր եռայարկանի վերնատուն մը։ Նկատի առնելով, որ կը կարծուի, թէ յատակագիծը մէկուկէս անգամով ընդլայնուած է Այնթապցի Սարգիս Ուստա Գատէհճեանի եւ Նիկողոս Աղա Նազարէթեանի կողմէ, կարելի է հակաճառել, որ այդ ընդլայնումը կարելի դարձուցած է վերնատան երեք յարկով բարձրացումը։

Աւելին, Այնթապի Ս. Աստուածածին եկեղեցին տարածաշրջանի առաջին եռայարկանի վերնատունով եկեղեցին չէ։ Թէզիս ուսումնասիրութեան ժամանակ բազմաթիւ տեղեր նոյն վկայութեան հանդիպեցայ. այս մասին նոյնիսկ խօսած եմ «Ակօս»-ի մէջ հարցազրոյցիս ընթացքին։ Հետագայ ուսումնասիրութիւններուս ատեն հանդիպեցայ Քիլիսի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ, որ կառուցուած է նախքան Այնթապինը եւ քանդուած է 1920-ականներուն, ռմբակոծման հետեւանքով։ Այս եկեղեցին բարձրացած էր Պոլիսէն Յակոբ Գալֆային կողմէ, երեք յարկանի վերնատունով։ Այնթեպահայութիւնը հաւանաբար փափաքած է Քիլիսինին նման երեք յարկանի վերնատունով եկեղեցի մը ունենալ եւ գուցէ մտածած է, որ Պոլիսէն ճարտարապետի մը հետ աշխատիլը կրնայ հեղինակաւոր ըլլալ։

3. Այնթապի Ս. Աստուածածին տաճարի ճարտարապետը

Յուշամատեանին մէջ բաժին մը յատկացուած է Սարգիս Ուստա Գատէհճեանի՝ «Այնթապի հայ եկեղեցւոյ ճարտարապետը» վերնագրի տակ։ Այս բաժնին մէջ կը նշուի, որ ան երկար տարիներ ծառայած է իբրեւ «Գլխաւոր քաղաքային ճարտարապետ», պատրաստած է բազմաթիւ վարպետ ճարտարապետներ եւ իրեն կը պատկանին Այնթապի մէջ բազմաթիւ շինարարութիւններ։ Յուշամատեանին մէջ Սարգիս Ուստայի վերագրուած են Հայըք թաղամասի հայ կաթոլիկ եկեղեցին, երկրորդ բողոքական եկեղեցին եւ «Հաճի Էօմէր» պանդոկը։ Պէտք է աւելի լաւ հասկնալ Սարգիս Ուստայի դերակատարութիւնը այս շէնքերու կառուցման մէջ։ Ան անգրագէտ էր։ Այդ ժամանակահատուածին, Հալէպի կառավարիչը Այնթապ կ՚այցելէ եւ փափաք կը յայտնէ տեսակցելու Սուրբ Աստուածածին տաճարի շինութեան վարպետին հետ։ Ան կը զարմանայ իմանալով, որ Սարգիս Ուստա Գատէհճեանը կրթութիւն չէր ստացած, այլ իր վարպետութիւնը սորված էր դիտելով եւ գործնապէս փորձեր կատարելով։

19-րդ դարու գաւառի եկեղեցիները հասկնալու համար կը կարծեմ անհրաժեշտ է ուսումնասիրել ոչ միայն Ս. Աստուածածինը, այլեւ Թանզիմաթ շրջանի նոյն ժամանակահատուածի ընթացքին կառուցուած, բայց աւերուած կամ ռմբակոծուած այլ եկեղեցիներ։ Առիթը օգտագործելով կ՚ուզեմ յայտարարել, որ շուտով սեմինար մը պիտի վարեմ, Բարռեսիա Քոլէքթիվի գործունէութեան ծիրէն ներս, նիւթ ունենալով համեմատական ուսումնասիրութիւն մը 19-րդ դարու գաւառի եկեղեցիներու վերաբերեալ՝ Ս. Աստուածածին տաճարի ոսպնեակէն դիտուած։

Թարգմանութիւն՝ Արազ Գոճայեանի