Թզենիի տերեւ մը կը բաւէ ամօթը ծածկելու համար, եթէ յիշենք, թէ մերկութիւնն էր առաջին ամօթը։ Իսկ ես, յարգելի ընթերցող, յօդուած մը գրելով փորձեցի «ամօթ» բառի գրական պատմութիւնը անտեսած ըլլալու տասնամեայ ամօթս ծածկել։ Շաբաթ մը առաջ տեսանք, թէ մեր սուրբերը, մատենագիր այրերը, խուցերու մենութեան մէջ ապրող ճգնաւորները ամօթի զգացումի մէջ մահացան։ Անոնք մեզի բացատրեցին, թէ այնքան չնչին էր իրենց աշխատանքը՝ արժանի չէին փառքի կամ գովասանքի։ Իսկ այսօր, գիշերային այս խաղաղ ժամերուն բռնենք բաժակ մը գինի,- թէեւ միջնադարու սիրային երգերու տաղերգու Յովհաննէս Թլկուրանցին ըսեր էր, թէ ամօթ է գինովութիւնը,- ըլլանք չափաւոր, համարձակ, պարզերես, անվախ, աներկիւղ եւ ճակատը բաց՝ անմիջական զրոյց ունենանք Վարուժաններու, Սրուանձտեանցներու, Ալաճաճեաններու եւ այլ մտաւորականներու ամօթի հետ, իսկ յօդուածիս աւարտին ծանօթանանք նաեւ հայկական ամօթին։
Ամօթ 1- Մշակը առանց զէնքի
1966 թուականին Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ հալէպածին արձակագիր, թարգմանիչ Ստեփան Ալաճաճեանի «Եղէգները չխոնարհուեցին» վէպը։ Գիրքի մէջ պատկերուած էր Զէյթուն վերադարձած հայերու վերջին հերոսամարտը։ Ալաճաճեանը, Խրիմեան Հայրիկի նման, մեզի բացատրեց, թէ ազգիս համար, յատկապէս հայ մշակի համար ամօթ է մնալ առանց զէնքի. «Զինուել, զինուել եւ թող զէնքը մնայ բահի կողքին, որը որ պէտք լինի, այն էլ կը վերցնի հողագործը։ Բայց բահի կողքին միշտ զէնք պիտի լինի, հայի ճակատագիրն է այդպէս, եւ ով չի հասկանում, ամօթ իրեն»։
Ամօթ 2- Ձեռք բարձրացնել կնոջ
1773 թուականին Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքի մէջ լոյս տեսաւ իր ժամանակի իրաւական ամենակարեւոր փաստաթուղթը, ապագայ հայկական անկախ պետութեան «սահմանադրութիւնը», «Որոգայթ փառաց» աշխատասիրութիւնը։ Գիրքը կը ներկայացնէր ապագայ անկախ Հայաստանի հասարակական-պետական կառուցուածքը, կառաւարման մարմինները, քաղաքացիներու իրաւունքները եւ անոնց պարտականութիւնները։ Ըստ «Որոգայթ փառաց»ի ապագայ հանրապետութեան բոլոր քաղաքացիները, առանց սեռային տարբերութեան, օրէնքի առջեւ հաւասար կը հռչակուէին։ Այդ «սահմանադրութիւնը» կը պարունակէր իւրայատուկ յօդուած մը, թէ դատապարտելի է այն այր մարդը, որ ձեռք կը բարձրացնէ կամ ամօթի մէջ կը դնէ կնոջ. «Ամենայն արու ով ոք որ իցէ եթէ համարձակեսցի լրբաբար ձեռս ձգել եւ շօշափել եւ կամ ամօթ առնել կանանց պատժեսցի»։
Ամօթ 3- Հրատարակուած
գիրք չունիմ
«Անիի Աւերակներուն մէջ» քերթուածի մէջ Դանիէլ Վարուժանը, «Ողջոյն, Մայր, Ողջոյն», ըսաւ մեր սիրելի մայրաքաղաքին, որ ըստ բանաստեղծի՝ քայքայուած, գերեզմանոց դարձած հոյակապ շէնք մըն էր մարմարեայ։ Վարուժանը ամօթ զգաց. «Ո՚վ ցասում, ո՚վ ամօթ, / Քեզ դէմ առ դէմ բզկտողները նենգոտ / Չեղան արծիւ՝ այլ գայլե՜ր…»։ Վարուժանը իր անձնական կեանքի մէջ ալ ամօթ մը ունէր. չհրատարակուած ըլլալ։ Հ. Արիստակէս Քասգանտիլեանին ուղղած նամակի մէջ երիտասարդ բանաստեղծը գրեց. «Սիրելի Հայր, Գիտնալով, որ ինծի հանդէպ Դուք մասնաւոր սէր մը ունիք, կը դիմեմ Ձեզի ծառայութեան մը համար, որ շատ մեծ եւ թանկագին պիտի ըլլայ ինծի համար եւ գուցէ ազգին ալ։ [...] Դեռ շնորհքով հատոր մը լոյս չեմ ընծայած, եւ այս բանը վէրք մըն է սրտիս, ասիկա ամօթ մը կ՚առթէ ինծի ամէն ատեն»։
Ամօթ 4- Անուս մարդը
Բաղէշի Պոռ գիւղի մէջ 1380 թուականին ծնած տաղերգու, երաժիշտ, հասարակական եւ եկեղեցական գործիչ Առաքել Բաղիշեցին օր մը խրատական երկտող մը գրեց եւ մեզի բացատրեց, թէ Տիր աստուածը պաշտած հայու համար ամօթ է անուս մնալ.
«Մեծ է ամօթ ի մէջ մարդկանց,
Որ ոչ ունին փափաք ուսման»։
Ազգիս համար անշուշտ, թէ ամօթ պիտի ըլլար տգէտ մնալու վիճակը։ Նոյնքան ամօթ է, ըսաւ Գարեգին Սրուանձտեանցը, որ հայ գիւղը ունենայ անմխիթար դպրոց։ Ահա, թէ ինչ գրեց մեր սիրելի եպիսկոպոսը «Թորոս Աղբար» գիրքի մէջ. «Քաղաքիս մէջ չորս վարժարան կար Հայոցս՝ գծուծ շէնքերով եւ ողորմելի վիճակով մը։ Վարի թաղի վարժարանը բոլորովին փակ էր։ [...] Ծնողք թոշակ չէին վճարեր՝ ձրիին վարժած լինելով։ Մեծ ամօթ էր այս Տիւրիկցի ազգայնոց, որոց մէջ աղքատ չկար»։
Ամօթ 5- Մսավաճառութիւնը ամօթ է
Քանի՞ հոգի արժանի եղաւ Յակոբ Պարոնեանի գովասանքին։ Մէ՞կ։ Երկո՞ւ։ Միթէ, երե՞ք։ Ո՚չ աւելի։ Այդ մարդոցմէ մէկն էր 1805 թուականին Պոլսոյ Օրթագիւղ թաղամասի մէջ ծնած Պօղոս վարդապետ Պոյնուէյրիեանը։ Օր մը Պարոնեան զրոյց կ’ունենայ անոր հետ, որպէսզի ծանօթանայ մեր ազգի ախտերուն։ Այդ օրերուն Պոյնուէյրիեան վարդապետը հրատարակած էր «Գործ կայ, գործող չկայ» անունով տետրակ մը։ Պատճա՞ռն այդ գիրքին. մայրաքաղաքի մէջ պտտող անգործ հայ երիտասարդները։ Վարդապետը կը գանգատի իր զրուցակիցին. «Փողոցի մէջ, տան մէջ, ամէն օր, ամէն ժամ քովդ կու գան եւ կ՚աղաչեն քեզի, որ քսան ոսկի ամսականով Ամերիկայի դեսպանատան մէջ գրագրութեան պաշտօն մը գտնես իրեն։ Ոմանք կը փափաքին Եգիպտոսի թագուհի ըլլալ։ Ոմանք հինգ հազար ոսկի կը պահանջեն, որ դրամագլուխ դնեն եւ վաճառականութեան սկսին։ Շատերն ալ հարուստ վաճառականի մը աղջիկ կ՚ուզեն»։ Ապա, վարդապետը կը բացայայտէ հայոց մեծ ամօթներէն մէկը. «Մեր ազգին մէջ քանի՞ հացագործ կայ, քանի՞ մսավաճառ կայ, քանի՞ նպարավաճառ, գինեպան, կօշկակար…։ Գրեթէ չկայ, եւ ըլլալիք ալ չունի. վասն զի կօշկակարութիւնն մեր պատուոյն կը դպչի, մսավաճառութիւնն ամօթ է, նպարավաճառութիւնը պզտիկութիւն է»։
Ամօթ 6- Քսան տարեկանը ամօթ է
1660 թուականին տաղասաց, թարգմանիչ, գրիչ, պատմական ողբերու, ինչպէս նաեւ քնարական տաղերու հեղինակ Յակոբ Թոխաթեցին, իր կեանքի վերջին տասնամեակին, երբ կը վայելէր իր հասուն տարիքի իմաստութիւնը, գրի առաւ խրատական տաղ մը՝ «Տաղ վասն կենաց մարդկան», եւ մեզի ցոյց տուաւ մարդկային կեանքի նկարագրութիւնը իւրաքանչիւր տարիքի մէջ։ Մարդիկ, ըսաւ Թոխաթեցին, գարնան ծաղիկի նման կը ծնին, շուշանի պայծառ տեսք ունին, ոմանք եօթանասուն կամ ութսուն տարի կ’ապրին եւ «Ցաւօք ի հարիւրն հազիւ թէ հասնին»։ Ըստ Թոխաթեցիի, մարդը երեք տարեկանին կը սկսի խօսիլ, քաղցր է շաքարի նման։ Տասը տարեկանին վարդի կոկոնի պէս է, իր ծնողքին համար անոյշ կը բուրի։ Տասներկու տարեկանին մարմնական ցանկութիւնները կը սկսին, տասնհինգ տարեկանին միտքը կը պղտորի մինչեւ ամուսնութիւն։ Իսկ քսա՞նը... «Ի քսան տարին բարքն զօրանան, / Նման գազանի ի յորս կու գնան, / Զերկիւղն Աստուծոյ նոքա մոռանան / Եւ ի մարդկանէ ամօթ չունենան»։
Ամօթ 7- Սրտիս ձայնը ամօթ է
Ի՜նչ ամօթ է աղջկան մը յիշատակարանը ընթերցել։ Գաղտնիքներ կան հոն։ Ծածուկ զգացումներ գրի առնուած են հոն։ Անասելի իղձեր եւ երազներ թագնուած են հոն։ Բոլորս, սակայն, հաճոյքով կարդացինք պոլսահայ գրող, ակնաբոյժ Կարապետ Փաշայեանի «Աղջկան մը յիշատակարանը» վէպը։ Օրագիր մըն էր ան։ Անմիջական։ Անկեղծ։ Կարդացէք այդ գիրքը, յատկապէս «22 Փետրուար»ը։ Այդ օր գիրքի գրական հերոսուհին կը խոստովանի, որ սիրահարած է եւ չի գիտեր, թէ ինչպէ՚ս ծնունդ առեր է այդ օտար զգացումը իր մէջ. «Կարճ միջոցի մը մէջ ան ինձմէ բոլոր մտածումներս կորզեց, վայրկեանի մը մէջ բոլոր հոգիիս տիրեց»։ Բայց արտայայտուիլ, խոստովանիլ, «Կը սիրեմ քեզ» ըսել՝ ամօթ է։ Ահա, թէ այլ ի՚նչ միտք գրառեց մեր օրիորդիկը. «Եթէ աղջիկներու համար սիրոյ մէջ նախայարձակ ըլլալը ամօթ չսեպուէր, այսօր սիրտս իրեն բանալով զինքը սիրելս պիտի յայտնէի. բայց աւա՜ղ, պատշաճութեան օրէնքը վրաս կ’իշխէ եւ սրտիս ձայնը կը մարէ»։ Չմարեցաւ սէրը, բորբոքեցաւ եւ վերածուեցաւ ջերմ ընտանիքի։ Ահա 21 Սեպտեմբերի նշումը. «Թշնամիներուս առջեւ Աստուած զիս ամօթով չձգեց, արժանիքիս ու գաղափարիս համաձայն ամուսին մը պարգեւեց»։
Ամօթ 8- Հայկական ամօթներ
Զարմանալի ազգ ենք։ Հայերս ունինք ամօթի իւրայատուկ, երբեմն ծիծաղելի հասկացողութիւն։ Եթէ դուք, յարգելի ընթերցող, գիրքի մը մէջ ամփոփուած կ’ուզէք տեսնել մեր ամօթները, ձեզի կը յանձնարարեմ 1997 թուականին Պէյրութի մէջ լոյս տեսած երգիծական գիրք մը, «Ամօթի հայկականը»։ Իսկապէս թատերական եւ երգիծական է հայկական ամօթը։ Ահա առտնին քանի մը տեսարան, կենցաղային քանի մը պատկեր. «Ամօթ չէ՞, քա, կէսօր եղեր է նոր հարսը դեռ կը քնանայ,» կեսուրը, «Այսօր մաքրող կինը պիտի գայ, տունը քիչ մը մաքրեմ, ամօթ է», տանտիկինը, «Աղջի՚կս, սենեակդ հաւաքէ, մարդ պիտի գայ, ամօթ է», մայրը դուստրին, «Տղա՛ս, գնա՝ գործ մը գտիր, ամբողջ օր կը պառկիս, ամօթ չէ՞», մայրը, «Անոնց տունը սեղանի վրայ դրուած շաքարներուն բնաւ ձեռք չդնես, շատ ամօթ է», մայրդ քեզի, հիւրութեան երթալ» առաջ, երբ հինգ տարեկան էիր, «Մի՚ լար, ծօ՚, տղաքը չեն լար, ամօթ է», հայրդ քեզի երբ եօթը տարեկան էիր, «Օրիորդին խօսքերը լաւ մտիկ ըրէ, մեր ընտանիքին անունը ամօթով չձգես», ծնողքդ քեզի երբ տասը տարեկան էիր։ Առաւելաբար, ի՚նչ խայտառակութիւն, հայու համար դէմքի ի՚նչ շառագունութիւն՝ ձեռքդ պարապ հիւրութեան չերթաս, ամօթ է, հիւր գացած տան մէջ պէտքարան չմտնես, ամօթ է, ընկերոջ պզտիկ գումար մը պարտք տուիր բայց ետ ուզելը՝ ամօթ է, քսաննոց աղջիկդ տունը մնաց, ամօթ է, շապիկիդ վրայ արատ մը կայ, ամօթ է, տաբատդ բաց է մնացեր, շատ ամօթ»։ Իսկ, ո՞ր տղամարդը ճաշարանի կամ սրճարանի մէջ չէ ունեցած հետեւեալ վիճաբանութիւնը. «Չէ՜, չըլլար, ամօթ է, ես պիտի վճարեմ, դուն հիւր ես»։
Վերջին ամօթը
Հայը ամօթէն գետնին տակը կ’անցնի, երեսը կը կարմրի, ամօթը պատճառ կ’ըլլայ, որ դուռ-դրացիին լեզուին իյնայ։ Եթէ հայը նուրբ հարցումներ պիտի հարցնէ, կ’ապաւինի «ամօթ» բառին. «Հարցնելը ամօթ, բայց քանի՞ տարեկան էք տիկին», «Ամօթ է հարցնել, որքա՞ն ամսական կ’առնէք»։ Իսկ եթէ պիտի հպարտանանք, «ամօթ» բառը կու գայ մեզ շոյելու. «Ամօթ է ըսել, Միլան քաղաքի մէջ այնքան առեւտուր ըրի, քա, ոտքերս ցաւեցան»։ Այսօր, յարգելի ընթերցող, թզենիի տերեւ մը չունէինք, որ մեր ամօթը ծածկէինք։ Բայց, տաղարաններու, բառարաններու, եւ քանի մը ընտիր ժողոուածուի շնորհիւ՝ ծանօթ եղանք «ամօթ» բառի պատմութեան։ Չէ՞, որ հայը կը հաւատայ նաեւ, թէ «Հարցնելը ամօթ չէ, չգիտնալն է ամօթ»։ Յարգելի ընթերցող, արդ, հասանք մէկ այլ յօդուածի աւարտին։ Քանի, որ ամօթը չունի իր երգը, այս գիշեր Յովհաննէս Թումանեանի մէկ խրատով կը փափաքիմ ձեզի հրաժեշտ տալ։ Պարզերես եւ ճակատը բաց մնացէք մինչեւ յաջորդ գրութիւնը.
Մի ամօթ է քեզ ճնշում,
Կեանքն ատում ես եւ գարշում,
Մի՚ սպառիր ուժը հոգուդ
Մտածմունքով կարճատես.
Հանգիստ եղիր, աղօթք արա,
Անյիշաչար եղիր միշտ,
Եւ այդ սիրտը քեզ չի տրուած
Որ դու մաշես ամեն օր,
Այնտեղ պիտի ապրի Աստուած,
Ոչ թէ ցաւեր նորանոր։




