Տէր անսասան պահիր…
Եթէ «Տէրունական Աղօթք»ը իր բառերով համաքրիստոնէական բնոյթ ունի, «Հայրապետական Մաղթանքը» լոկ հայկական շարադրութիւն մըն է եւ աղերս մը՝ ուղղուած Աստուծոյ, ոչ միայն Մայր Աթոռի՝ այլ ամբողջ ազգի մը անսասանութեան համար։
Նկատի ունենալով սոյն տարուայ ընթացքին գոյացած առճակատումը վարչապետ Փաշինեանի եւ Գարեգին Կաթողիկոսի միջեւ, աշխարհացրիւ հայութիւնը պիտի մասնակցի այդ աղերսին, երկրի արեւշատութեան եւ եկեղեցւոյ պայծառութեան ակնկալութեամբ։
Պայմանները այդպէս թելադրեցին եւ մենք Ամանորի շեմին մեր վրայ վերցուցինք հայաշխարհի այս մեծ հոգը։
Այս պահուն մէկ կողմ թողնենք քրիստոնէութեան իբրեւ պետական կրօն մեր ազգին պարտադրուելու հետեւանքով գոյացած կորուստները։ Կորուստներ՝ որոնց բացակայութիւնը մեզ հեռացուց դարերու աւանդոյթէն։ Բայց կասկած չկայ որ նոր կրօնն ալ իր հետ բերաւ հայու յատուկ մշակութային նոր հարստութիւն մը։ Վկան բազում ձեռագիր մատեաններու կամ հրաշք մանրանկարներու ստեղծման վայրը հանդիսացող մեր պատմական վանքերն են։ Այդ վանքերու մէջ ծաղկած ուսումը, վանական կրթութիւնը եւ այդ դաստիարակչական եղանակի մեր օրերուն հասած հայ դպրութիւնը, դպրոցը։
Բոլորիս համար լուրջ մտահոգութիւն է ներկայ առճակատումին Հայաստանի հասարակութեան մէջ ալ բեւեռացումներ յառաջացնելու հաւանականութիւնը։ Պահը զգօնութիւն կը պահանջէ եւ ընկալման բարձր գիտակցութիւն։ Այդ բոլորը ապահովելու համար մնա՞լ Կաթողիկոսի գահին վրայ, թէ համեստօրէն հեռանալ հետեւելով երկրի եւ աթոռի անսասանութեան պահանջին։
Արդեօք այդ որոշումը որքանով կախեալ է կաթողիկոսի կամքէն եւ որքանով պայմանաւորուած զինք շրջապատող քաղաքական ուժերու շահերէն։
Բազում փորձեր ապացուցած են թէ նման տարակարծութիւնները երրորդ կողմերու համար իրենց հաշիւները մաքրելու ծառայող բնոյթ մըն ալ ունին։
Հետեւաբար կրնանք ըսել թէ խիստ քաղաքականացած խնդիր մը եկած է եկեղեցին եւ պետութիւնը իրարու հակառակ դիրքերու բերելու վտանգաւոր հանգրուանին։
Ստիպուած ենք այդ հանգրուանը առանց վնասներ հասցնելու յաղթահարելու։ Սա մաղթանքէ մը աւելի անհրաժեշտութիւն է, որու լուծումէն պատասխանատու ենք իւրաքանչիւրս։ Միայն այդ գծով կարելի է պահել եկեղեցւոյ եւ պետականութեան անսասանութիւնը։
Ստիպուած չենք Անի քաղաքի բանալիները բիւզանդացիներու յանձնող Կաթողիկոսի մը օրինակին հետեւելու։
Ներկայ ժամանակները ունին իրենց պայմանները եւ մենք միայն պետականութեան շնորհած արժանիքները պահպանելով է որ պիտի կրնանք դիմագրաւել այդ պայմաններու պարտադրած մարտահրաւէրները։
Իրաւունք չունինք եկեղեցւոյ եւ պետութեան միջեւ նախընտրութիւն մը ընելու։ Ստիպուած ենք երկուքն ալ իւրացնել եւ երկուքն ալ իրենց վեհութեան մէջ անսասան պահել։

