Ծառայ
Զարմանալի է հայը. ծառայասէր, ծառայանուէր, բազմածառայ, նոյնիսկ ծառայաբարոյ։ Բայց, ըլլալ ծառայ, ծառայամիտ կամ ծառայածին՝ ո՛չ։ Վահան Տէրեանը հարիւր տարի առաջ «Մի խառնէք մեզ» բանաստեղծութեան մէջ արդէն հաստատած էր, թէ ո՚վ ենք մենք. գերուած է հայը, ո՚չ ծառայ, գերուած արծիւ մը։ Թէեւ, Տէրեանը այդ տողի վրայ «ծառայ» բառի փոխարէն ըսաւ «ստրուկ», բայց մենք, գրասէրներս ըմբռնեցինք բամաստեղծի պատգամը։ Իսկ այս գիշեր, ես կ’առաջարկեմ, որ դուք, յարգելի ընթրեցող, ամբողջ օր, ձեր հիւանդներուն, յաճախորդներուն, աշակերտներուն, մամուլին, ազգին, մշակոյթին, մի գուցէ նաեւ ձեր ամուսինին, տիկնոջ կամ զաւակներուն ծառայելէ յոգնած, պարզապէս բազմեցէք քառասուն տարի ձեզի ծառայած բազկաթոռին, եւ վայելեցէք «ծառայ» բառի քնարական պատմութիւնը, տեսնելու համար, թէ հայը դարերու ընթացքին որուն յօժարած է ծառայել։
Չնչին ծառան
Ծառայ բառի գրական պատմութիւնը սկսաւ 5-րդ դարուն, Աստուածաշունչ մատեանի թարգմանութեամբ։ Այնուհետեւ, «ծառայ» բառի գործածութիւնը ձեւաւորուեցաւ մարդկութեան իր արիւնով ծառայած Քրիստոսի օրինակով։ Ամէն հայ տաղասաց կամ մատենագիր իր գրական գործը տեսաւ, որպէս Յիսուսին նուիրուած չնչին եւ անարժան ծառայութիւն։ Հեղինակը փոխանակ ինքզինք փառաբանելու, յօժարեցաւ «ծառայ» կոչուելու։ Արիստակէս Խարբերդցին Ուռհա (Ուրֆա) քաղաքին նուիրած յայտնի բանաստեղծութեան աւարտին գրի առաւ քառեակ մը եւ ըսաւ. «Ծառայ Քրիստոսի Յիսուսի / Արիստակէս՝ խնդրող բանի»։ Ղրիմի Կաֆա քաղաքը գովասանած Վարդան Կաֆացին, շարունակեց այդ աւանդութիւնը. «Ծառայ Յիսուսի Քրիստոսի»։ Տաղասաց Ստեփանը տաղ մը նուիրեց Վան քաղաքին։ Ազնիւ էր քաղաքը, եւ արժանի՝ ամէն փառաբանութեան. «Քաղաքս այս բուրաստան… / Քաղաք ազնիւ, որ կոչի Վան… / Պահէ Տէրն իմ միշտ անսասան»։ Հեղինակը, սակայն, արժանի չէր գեղեցիկ ածականներուն։ Ստեփանը ինքզինք կոչեց. «Չնչին ծառայ»։
Ծառան զղջաց
Արծրունիներու թագաւորական տոհմէն սեռած բանաստեղծ Գրիգորիս Աղթամարցին 1512-1544 թուականներու միջեւ Աղթամարի կաթողիկոսն էր։ Ան վայելեց Վանայ ծովու գեղատեսիլ համայնապատկերը եւ բնութեան աստուածատուր շնորհները։ Քնարական քերթուածի մը մէջ Աղթամարցին Աստուածածնին նուիրեց հետեւեալ տողերը. «Դու ես արեգակ լուսին ի լրման, / Իմ շունչ, իմ հոգիս, իմ կենդանութիւն. / Փայլուն սիրամարգ, ոսկի փետուր ես»։ Ապա, Աղթամարցին ափսոսաց իր անցած գացած օրերուն՝ նկատելով, թէ ինքը ծառայած է մեղքի. «Ո՚վ Աղթամարցի‚ դու ծառայ մեղաց…, / Լալով աղաչեա դու զՔրիստոս Աստուած»։ Նոյն թուականներուն տաղասաց Մինաս Թոխաթեցին կը կարծէր, թէ աշխարհը իրն է։ Կերաւ, խմեց, ժիր քալեց, աղքատին բարեւ չտուաւ, ապա յանկարծ հիւանդացաւ, ինկաւ անկողին։ Զղջաց։ Ողորմութիւն խնդրեց Վերինէն. «Գիտէի, թէ աշխարհս էր ինձ մնալու… / Ուտի, անոյշ խմի, ի շուրջ կու գայի, / Աստուծոյ աղքատին բարեւ չի տայի, / Հագնի պայծառ հանդերձ եւ ժիր քայլէի։ / Անկարծ հիւանդացայ, անկայ յանկողին, / Ծառայ եմ Քրիստոսի եւ իւր ծնօղին… / Եղո՜ւկ, եղո՜ւկ եւ ինձ հազար վա՜յ, անձն իմ»։ Իսկ միջնադարեան Հայաստանի խոշորագոյն բանաստեղծ Ֆրիկը, իր երկրային կեանքէն դժգոհ մէկ այլ հոգի, գրի առաւ ապաշխարհային բնոյթով ստեղծագործութիւն։ Ֆրիկը խորին խոնարհութեամբ դիմեց Արարիչին, ապա աղերսեց ողորմութիւն. «Ծառայ եմ չար եւ անպիտան… / Ես Քո ծառայ՝ արեամբ գնած, անյիշաչար եւ ողորմա́ծ»։
Յիմար ծառան
Ծառայ բառը յարմար եկաւ խրատական խօսքերուն։ Հեղիկանը, ընթերցողին խրատեց ծառայել Յիսուսին, իսկ չծառայել մեղքին։ Մեր հին մատենագրութեան մէջ գտայ երեք ընտիր քառեակ։ Առաջինը անանուն էր. «Ծառայ մեղաց մի՚ կենար, / Մի՚ լինիր տխմար ‘ անիմայ, / Թէ չէ ցանկութիւնն անցնի / Եւ արդունքն քեզ կու մնայ»։ Տաղասաց Մելքոնը մեզի բացատրեց, թէ պէտք չէ ըլլալ աշխարհի գեղեցկութեան եւ մեղքի ծառայ, քանզի ունայնութիւն է երկրային կեանքի աւարտը. «Նայեաց եւ մտածէ, ծառայ Յիսուսի, / Զի կարի սպառեալ է ի սէր աշխարհի, / Ընդէ՞ր սուտ աշխատիս, ո՚վ մեղաց գերի, / Երբ որ վերջ մարդոյս ունայն կու լինի»։ Իսկ Յարութիւն անուն «յիմար» տաղասացը խնդրեց, որ մենք իրեն համար բարեխօս ըլլանք. «Յարութիւն ծառայ քո յիմար, / Գրեցի մեղացս համար, / Բարեխօսեա միշտ տիրաբար»։
Ծառայեցի անապատին
Հայը սիրեց անապատին ծառայել։ Յարգելի ընթերցող, «անապատ» բառով նկատի ունիմ հասարակութենէ եւ բնակավայրերէ մեկուսացած ճգնաւորի մենաստանը։ Այդ անապատներէն մէկը, Ս. Խաչը, կը գտնուէր Վան քաղաքէ հինգ քմ հեռու, դէպի հարաւ-արեւելք, բլուրի մը գագաթին։ Երբ 1887 թուականին վանեցի Գրիգոր «մեղապարտ» աբեղան վերստին նորոգեց անոր դարպասը, արձանագրութիւն մը ձգեց իր կատարած աշխատանքի համար. «Վեց ամ (տարի) ծառայ անապատին աշխատեցի... աղաչեմ ի ձենջ յիշեցէք մի ողորմիս»։
Ծառայ գունդստապլը
Կիլիկեան Հայաստանի մէջ, յարգելի ընթերգցող, Հայկական Լեռնաշխարհի «սպարապետ» տիտղոսը դարձաւ «գունդստապլ», բառացիօրէն՝ ախոռեպան։ Միջնադարուն պետութեան մը ամենաբարձր զինուորականն էր ան։ Հայկական Կիլիկիոյ պատմութեան էջերու մէջ ես հանդիպեցայ թագաւորութեան գունդստապլներու անուանացանկին։ Թիւով շատ չէին անոնք, հազիւ տանսեակ մը անուն։ Հետեւաբար, որպէս երախտագիտութիւն իրենց ծառայութեան, որոշեցի բոլոր անունները յիշել. 1188 Պալտին. 1207 Ապլղարիպ. 1210-26 Կոստանդին Պայլ. 1226-79 Սմբատ, որդի Կոստանդնի. 1276 Լեւոն, որդի Սմբատայ. 1279 Օշին եղբայր Լեւոնի. 1283 Լեւոն. 1294-305 Հեթում, Տէր Կոռիկոսոյ. 1307 Օշին Տէր Կանչոյ. 1308 †29 Կոստանդին, որդի Հեթմոյ Պատմչի. 1330-42 Ճուան Լիւզինեան, հայր վերջին (Ե) Լեւոնի. 1360 Հեթում։ Ապա զարմանալով տեսայ անոնց պաշտօնական տիտղոսը, որուն առաջին բառն էր՝ «Ծառայ». «Ծառայ Աստուծոյ եւ տիրող ծառայից նորին, ամենագով եւ ամենախնամ ’ ի զօրեղ Փրկչէն մերմէ Յիսուսէ՝ անվանելի զօրութեամբ արիացեալ, քաջամարտիկ զինուոր եւ արիագոյն Սպարապետ տանն Հայոց, բարեպաշտ եւ քրիստոսասէր իշխանաց իշխան»։
Սպանեցէք, ես ծառայ եմ
Միայն սպարապետը չէ որ պատրաստ էր իր հաւատքին արիւնով ծառայելու։ Հայոց պատմութիւնը կը յիշէ մանուկներ, որոնք նահատակուեցան հաւատքի ծառայութեան ոգիով։ «Հայոց նոր վկաներ» բազմահատոր աշխատասիրութեան մէջ ահա քանի մը առաքինի հայորդիներու վերջին խօսքը. ՄԱՆՈՒԿ ԳՐԻԳՈՐ ՏԱԹԵՒԱՑԻ։ Այս սքանչելի մանուկը, որ ունէր կայտառ եւ գեղեցիկ դէմք, 1676 թուականին Ս. Կարապետ վանքի ուխտագնացութեան ճանապարհի վրայ այլազգներու ձեռքով բազում չարչարանքներու ենթարկուեցաւ։ Պատանին մերժեց իր հաւատքէն դառնալ եւ աղաղակեց. «Ես քրիստոնեայ եմ, եւ ծառայ Քրիստոսի Աստուծոյ»։ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՄԱՆՈՒԿ ԽԼԱԹԵՑԻ. Անօրէնները 22 Փետրուար 1438 թուականին յարձակեցան այս տղուն վրայ։ Քարով եւ փայտով հարուածեցին գլխուն։ Տղան ձեռքերը խաչակնքեալ՝ արտաշնչեց իր վերջին խօսքը. «Հարէ'ք զիս եւ սպանեցէք, զի ես ծառայ Քրիստոսի եմ»։
Անպիտան, նուաստ եւ
անարժան եմ
Եթէ դուք, յարգելի ընթերցող, լսել կը փափաքիք, թէ հայը որքա՚ն լի էր ծառայելու ոգիով՝ կարդացէք ճգնաւոր մատենագիր այրերու յիշատակարանները։ Աստուածաշունչ մը, Քարոզգիրք մը կամ Յայսմաւուրք մը ընթօրինակելու հսկայական գործը չնչին աշխատնաք էր անոնց համար, իսկ գրողը՝ անարժան ծառան էր հոգեւոր գրիչին։ Խոր յուզումով ընթերցեցի տասնեակ մը յիշատակարաններ, եւ ձեզի համար համադրեցի քանի մը ընտիր խօսք. «Նուաստ ծառայ աստուծոյ Սարգիս Լոռեցի», 1339, Ազոխ։ Լոռեցի Սարգիսը իր ուսման համար պատուիրած էր քարոզգիրք մը։ «Զծառայից ծառայ զՍտեփանոս սարկաւագ», 1309, Կիլիկիա։ Գրիչ Ստեփանոսը աւարտած էր Աւետարանի մը ընթօրինակութիւնը։ «Մեղուցեալ ծառայս եւ անիմաստ եւ փցուն գրիչս Տիրանուն անարժան կրօնաւորս», 1309, Բասեն։ Տիրանուն գրիչը Պատժուան դեղակի մէջ աւարտած էր Աւետարան մը։ Այնքան բազմաթիւ էին այդ «ծառաները», ամէն գրող, ամէն արհեստաւոր, ամէն կազմարար, գիրքի ամէն պատուիրատու ծառայ մըն էր կարծես. «Ես՝ ամենամեղ եւ անարժան ծառայ ծառայիցն աստուծոյ Կարապետ անարհեստ գրիչ», 1389։ «Եղկելիս ոգի զՍիրաքայս գրող եւ զտառիս ստացող մեղապարտ ծառայ», 1270։ Ծառայ էր նաեւ մեր սիրելի տաղասաց Նաղաշը. «Ես Նաղաշ եպիսկոպոս՝ ծառայ կուսին», 1469։ Ծառայ էր նաեւ հայոց արքաեղբայր Յովհաննէս եպիսկոպոսը. «Հողացեալ ձեր ծառայակիցս Յոհաննէս եպիսկոպոս՝ արքաեղբայրս Հայոց», 1280։ Ծառայ մըն էր ամենայն հայոց կաթողիկոսը. «Ես Կոստանդին ծառայիցն Աստուծոյ ծառայ եւ ողորմութեամբն Աստուծոյ կաթողիկոս ամենայն Հայոց»։ Իսկ դուք օր մը եթէ այցելէք Պուլղարիոյ Պլովտիւ քաղաքը, հոն կը տեսնէք բնագէտ, բժիշկ, մատենագիր եւ բառարանագիր Ամիրտովլաթ Ամասիացիի գլուխ գործոցը՝ «Օգուտ բժշկութեան» աշխատասիրութիւնը։ Երբ Ամասիացին աւարտեր է այդ գիրքը յիշատակարանի մէջ ինքզինք կոչեր է՝ ծառայ. «Այսպէս գիրն շինեցի ես՝ անպիտան եւ անարժան նուաստ ծառայս աստուծոյ Ամիրտոլվաթ բժիշկն Ամասիացին», 1469։
Հայը ծառայ պիտի չըլլայ
1783 թուականն է։ Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքի հայ մտաւորականները գրի կ’առնեն ազատագրական միտքի եզակի փաստաթուղթ մը. «Տետրակ, որ կոչի նշաւակ»։ Ան շուտով լոյս տեսաւ Մատրասի տպարանի մէջ։ «Նշաւակ» գրքոյկը Մատրասի հայութեան համար նախատեսուած, «հանրապետական» սկզբունքներու վրայ հիմնուած սահմանադրութեան նախագիծ մըն էր։ Այդ «սահմանադրութեան» Զ. (6-րդ) յօդուածի մէջ հեղինակը նշեր է. «Ի յազգէ մերմէ մի՚ լինիցի ծառայ, այլ միաբան ազատ»։ Այս գրաբար արտայայտութիւնը պարզապէս կը նշանակէ՝ «Մեր ազգէն ոչ ոք ծառայ ըլլայ, այլ բոլորը ըլլան միասնական եւ ազատ»։
Կռունկի ծառայ եմ
Բայց եղան օրեր, հայը դարձաւ պանդուխտ։ Ան հայրենիքի եւ իր սիրելիներու կարօտով ապրեցաւ, մի գուցէ նոյն կարօտով ալ մահացաւ։ Միջնադարուն բերնէ բերան կը շրջէր պանդուխտի երգ մը՝ «Տաղ ղարիպի»։ Երգի մէջ տղան սրտաբեկեալ էր, միջակոտոր։ Պանդուխտը, ըսաւ ան, օտարութեան մէջ չուրախանար նոյնիսկ եթէ գարունը գայ եւ սոխակը երգէ, նոյնիսկ եթէ իրեն մետաքս զգեստ տան, նոյնիսկ եթէ հազարագոյն փետուրներ հագնի, նոյնիսկ եթէ շաքար կերակուր տան ան չի ուրախանար։ Երգի աւարտին ղարիպը խօսեցաւ այսպէս. «Եթէ հազար ինձ ծառայ բերեն, / Անհամար հեծել ձիաւոր, / Չուրախանայր…»։ Այսօր ձեզի հրաժեշտ կու տամ ղարիպի մէկ այլ երգով։ Հայկական հոգեւոր եւ աշխարհիկ երգարուեստի գոհարներէն է ան, ուր հայը արտացոլած է հայրենիքէն հեռու ինկած մարդու կարօտն ու տխրութիւնը։ Այս երգի մէջ պանդուխտը յօժար է կռունկի մէկ ձայնին ծառայ ըլլալու, միայն, թէ ան լուրեր բերէ հարազատ աշխարհէն։ Յաջորդ յօդուածի մէջ, յարգելի ընթերցող, մենք կը տեսնենք, թէ հայը ծառայ դարձած է նաեւ իր եարի աչքին, յօնքին, լուսին երեսին, շաքար լեզուին։ Ձեզի կը խոստանամ սիրոյ կամաւոր ծառաներ դարձած աշուղներու սրտագրաւ պատմութիւն մը պատրաստել, քանզի քաղցր է գեղեցիկին ծառայել.
Կռո՜ւնկ, ուստի՞ կուգաս, ծառայ եմ ձայնիդ,
Կռո՜ւնկ, մեր աշխարհէն խապրիկ մի չունի՞ս.
Ղարիպին սիրտն՝ ի սուգ, աչերն ի լաց է.
Կռո՚ւնկ, մեր աշխարհէն խապրիկ մի չունի՞ս։
Կռո՚ւնկ, պահ մի կացի՚ր, ձայնիկը դ ի հոգիս.
Կռո՚ւնկ, մեր աշխարհէն խապրիկ մի չունի՞ս։
Գրեր եմ մէջ թղթիս, թէ հոս մնացի,
Օրիկ մի օրերուս զաչերս չի բացի,
Սիրելի՚ք, ձեզանէ կարօտ մնացի.
Կռո՜ւնկ, մեր աշխարհէն խապրիկ մի չունի՞ս։




