Կայ միութիւն, հիմնարկ՝ հապա արհմիութի՞ւնը
Ուսուցչաց Հիմնարկը 5 Դեկտեմբերին Ֆերիգիւղի Եկեղեցւոյ Շիրինօղլու սրահին մէջ տօնեց հիմնարկութեան 60-ամեակը։
Նախագահութեամբ Սրբազան Պատրիարք Հօր, ներկայ էին բազմաթիւ հրաւիրեալներ։
Բ. ատենապետ Մարիամ Տրամերեանի հանդիսավարութեամբ կատարուեցաւ մշակութային ու գեղարուեստական յայտագիր մը։
Նախ ցուցադրուեցաւ Սեւան Աթաօղլուի կողմէ պատրաստուած տեսանիւթ մը, որ կը նկարագրէր Ուսուցչաց Հիմնարկի հիմնադրութեան տեղի տուող պայմանները, յատկապէս ալ հանրապետական շրջանի պարտադրած սահմանափակումները յաղթահարելու որոնումները։
Նման նկարագրական մը ներկայացուց Կեդրոնական Վարժարանի բազմամեայ տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան Մարկոսեանը։
Պոլսահայ արդի պատմութեան ծանօթ իրողութիւններ են հանրապետական շրջանին իշխող կառավարութիւններու տնօրինութեամբ երկրի փոքրամասնութիւններու հասարակական կեանքը խափանելու միտող ծրագիրները։ Անոնցմէ մէկն էր ժողովուրդի ձայներով ընտրուած Ազգային Խորհուրդի լուծարկումը։ «Ազգի մէջ ուրիշ ազգ չըլլար» ըսելով վերջ տրուեցաւ կեդրոնական վարչութեան եւ անոր յանձնախումբներուն։
Արդարեւ ճիշդ ալ Կրթական Յանձնախումբի առաքելութիւնը շարունակելու միտումով հիմնուեցան նախ Ուսուցչաց Միութիւնը եւ ապա աւելի լայն իրաւասութիւններով օժտուած Ուսուցչաց Հիմնարկը։
Ինչպէս դիտել տուին ատենախօսները, հիմնարկի ուսուցիչներու հանդէպ գլխաւոր առաքելութիւնը պիտի ըլլար աշխատանքէ դադրած եւ ընկերային ապահովագրութենէ զուրկ ուսուցիչներու կեսամակարդակը բարձրացնել։ Տարիներու ընթացքին հիմնարկի ուսուցիչներու հանդէպ վերաբերումը կը շարունակէ մնալ օգնութեան սահմանումով։ Մինչ այդ, հաստատութեան անուանումը կը պահանջէր աւելին։
Դիտելով վերջին տարիներու անձուդարձները, կը տեսնենք թէ ուսուցիչները յաճախ կը մատնուին լուրջ խնդիրներու, իրենց գործատէրներուն, այս դէպքին թաղականներու կամ խնամակալներուն հետ։
Այդ պահուն գոյութիւն չունի ուսուցիչներու իրաւունքը պաշտպանող ոեւէ հաստատութիւն։ Մինչդեռ լոկ անուանումին պատճառաւ այդ պաշտպանութիւնը բնականաբար պիտի ակնկալուէր Ուսուցչաց Միութենէն կամ Հիմնարկէն։ Կրնանք հետեւցնել թէ բացի Ուսուցչաց Հիմնարկէ, հայ վարժարաններու ուսուցիչները խիստ կարիքը ունին ուսուցչաց արհմիութեան մը։ Կառոյց մը՝ որուն հիմնական առաքելութիւնը պիտի ըլլայ ուսուցիչի շահերը պաշտպանել գործատէրի դիմաց։
Որքան ալ անհրաժեշտութիւն ըլլայ, ներկայ դրութեան մէջ ուսուցիչներն ալ ի վիճակի չեն նման կամք մը պարզելու եւ այդ ուղղութեամբ աշխատելու համար։ Հասկնալի է այս թերացումը, քանի որ անոնք իբրեւ աշխատող պիտի հակադրուին գործատիրոջ դիմաց, որ իրականութեան մէջ կամաւոր աշխատող համայնքային գործիչ մըն է։
Համայնքի գլխաւոր թերացումը կը մնայ էական խնդիրները անտեսել եւ բոլոր թերութիւններով ու բացթողումներով հանդերձ կատարուածին համար իրար շնորտաւորել։

