Երկար տարիներ անցան։ Մեր մանկութեան ժամանակներուն ընտանիքի աւագները իրար հետ կը զրուցէին բազմաբնոյթ նիւթերով։ Մենք ալ իրենց շուրջ նստած, լուռ ու մունչ կը հետեւէինք անոնց խօսակցութեան։
Քաղաքականութիւնը կը խօսուէր որոշ գաղտնութիւններով։ Շուտով սորված էին թէ «կարմիր» ըսելով կ՚ակնակլուի Խորհրդային Միութիւն, կամ ո՞վ է «խուլը»։
Անոնք յաճախ կը ճառէին միջազգային քաղաքականութեան առնչուած նիւթերու մասին, միշտ առանցքին դնելով հայութիւնը։
Երբեմն ալ խորհրդածութիւններ կ՚ընէին «եթէ» ով սկսող նախադասութիւններ կազմելով։
Կը յիշեմ նիւթը։ Բայց չեմ յիշեր թէ ո՞վ, մեծ հայրս Վարդանը՞ Եղիա մօրքուրայր՞ը թէ ոչ ուրիշ մըն էր, գործածեց «իրենց տեղ եթէ մենք ըլլայինք, շատ աւելի անհանդուրժող կը գործէինք»։ Ենթական՝ որ կը ներկայանար «մենք» ածականով, երկրի ազգային փոքրամասնութիւններէն հայերս էինք։ Ուրեմն հարցադրումը կ՚առաջարկէր փոխել դիրքերը եւ տեսնել թէ եթէ հայը ըլլար մեծամասնութիւն եւ իշխող տարր, ի՞նչ կ՚ըլլար ուրիշներու հանդէպ վարմունքը։ Ինչպէ՞ս կ՚ընդունէր այլադաւանները։
Այս սերունդի մարդիկ համաձայնած էին թէ շատ աւելի անհանդուրժող պիտի ըլլար հայը, եթէ յաջողած ըլլար տիրապետել տարբեր ազգերու վրայ։
Դժուար ընդունելի ենթադրութիւն մըն է այս, քանի որ չունի բաւականաչափ նախադրեալներ։ Հայը միշտ մնաց իր սահմաններուն մէջ եւ փորձեց համերաշխութիւն պահել ուրիշներու հետ։ Չենք գիտեր սակայն թէ ի՞նչ էր Տիգրան Մեծի վարքը, իր նուաճած երկիրներու բնակիչներուն հանդէպ։
Գիտենք թէ Կաղ Թիմուրը կամ Ճինկիզ Խանը իրենց ետին դիակներու բլուրներ թողելով շարունակեցին արշաւներուն։ Գիտենք թէ Շախ Ապաս Ջաւախքի ողջ հայութիւնը բռնի կերպով տարաւ Պարսկաստան, օգտուելու համար անոր շինարարական կարողութենէն։ Իսկ ի՞նչ ըրաւ Տիգրան Մեծ, ծովից ծով Հայաստան կառուցած օրերուն։
Երբ պատմութեան բեմը ելան ազգային պետութիւնները, իւրաքանչիւր ազգ իր աւանդութեան համապատասխան տէրութիւն կազմեց։ Ոմանք ցեղասպան ըլլալով անցան պատմութեան էջերուն, ոմանք խառնարանի մը վերածուեցան։ Եթէ առաջին երկուքին օրինակ կրնանք բերել Թուրքիան եւ Գերմանիան, խառնարանին օրինակն էր Ֆրանսա եւ այլ Եւրոպական երկիրներ։ Անդին կան համակեցութեան օրինակներ եւս։ Այդպիսիներն են Լիբանանը, Կիպրոսը, Թիթոյի ձեւաւորած Եուկոսլաւիան։ Այս երեք օրինակներն ալ թէ ազգայնական թոյնով, եւ թէ դուրսէն եկած դաւադիր դրդումներով կորսնցուցին իրենց համերաշխ համակեցութիւնը։
Նոր ժամանակները դարձեալ կը պարտադրեն տարբեր ժողովուրդներու համակեցութիւնը։
Խնդիրը Հայաստանի Հանրապետութեան համար ալ փորձի նոր դաշտ մըն է։ Ենթարկուի՞լ ազգայնականներու այլամերժութեան, թէ ոչ ստեղծել համակեցութեան խաղաղ միջավայրը։


