Ո՞վ ունի բանալին
Մինչ մենք, յարգելի ընթերցող, հայկական բառերու ստուգաբանութիւնը կամ ոդիսականը կը լուծէինք որպէս ժամանցի հաճելի հանելուկ՝ «հանելուկ» բառը, լուռ նստած, կը սպասէր, որ մենք իրեն նկատէինք, որպէսզի ա՚ն պատմէր ի՚ր գրական գաղտնիքները- իսկ զրոյցի աւարտին «հանելուկ» գոյականը մեզ համոզէր, թէ, հակառակ ընդհանրացած կարծիքին՝ չկայ անլուծելի հանելուկ։ Այսօր, երբ աշխարհի ընթացքը մեծ հանելուկ մըն է, ես կ’առաջարկեմ, որ առնենք բանալի մը,- գրական ժողովածու կամ երգարան,- եւ բացայայտենք «հանելուկ» գոյականի դարաւոր առեղծուածը։
700 տարեկան հանելուկը
Նպատակս չէ, յարգելի ընթերցող, ձեզի հայկական հանելուկներ հարցնել եւ ակնկալել, որ դուք անոր պատասխանը տաք։ Սակայն, լաւ է գիտնալ «հանելուկ» բառի առաջին գործածութիւններէն մէկը մեր մայրենիի մէջ։ Ան տեղ գտած է «Ոսկեփորիկ» գիրքի մէջ. «Ոչ թողուլ, զի ուսցի բունկն, եւ պիղծ զրոյց հանելուկ», այսինքն չձգել, որ մարդը բունը՝ հիմքը կամ էութիւնը սորվի եւ պիղծ ու անպատշաճ հանելուկը՝ զրոյցը։ Իսկ կ’ուզէք հայոց ամենահին հեղինակային հանելուկները լսել, ես կ’առաջարկեմ, որ դուք կարդաք Ներսէս Շնորհալին, քանզի սուրբ հայրապետը, որ ձախ ձեռքով գրաբար շարականներ եւ տաղեր գրի կ’առնէր՝ միեւնոյն ժամանակ իր աջ ձեռքով մեզի համար կը ստեղծէր բոլորիս հասկնալի «միջին հայերէն» հանելուկներ։ Ահա գեղեցիկ հնգեակ մը (թարգմանաբար). «Կը ծնի եւ կը մեծնայ, / Ճիշդ նոյն օրն ալ՝ կը մեռնի, / Յետոյ նորէն կեանք առած / Պայծառ շորեր կը հագնի», ԱՐԵՒ, «Հող կը մտնէ, կը մահանայ, / Յետոյ նորէն կեանք կ’առնէ, / Աչքը յառած երկնքին, / Կը տարածուի, կը շատնայ», ՑՈՐԵՆ, «Չորս ոտք ունի, բայց շուն չէ, / Ձու կ’ածէ, թռչուն չէ, / Խոտ կ’ուտէ կովու պէս, / Պատեան ունի, բայց տուն չէ», ԿՐԻԱՅ, «Կայ գմբէթ մը՝ բարձր ու լայն, / Կանգնած անսիւն ու անգերան, / Մէջը կանթեղ՝ պայծառ լոյսով, / Կախուած ջահեր, առանց պարան», ԵՐԿԻՆՔ, «Ան խօսք ունի, լեզու չունի, / Կը շրջի բայց, ոտքեր չունի, / Բայց կը մտնէ ամէն մէկ տուն, / Ուրախ լուրեր բերէ մարդուն», ՆԱՄԱԿ։
Հէլէնուկ ես դուն
Հայկական գաւառներու մէջ մարդու մտաւոր հասունութիւնը փորձելու նպատակով, կամ մանկական ժամանցի համար «Ի՞նչն է», «Այն ի՞նչն է, ի՞նչը», «Ի՞նչն է, որ» հարցերով մէկը միւսին կը հարցնէր հանելուկ։ Անկասկած, թէ մեր բնաշխարհի ամէն գիւղ, ամէն աւան ունէր իր հանելուկը։ Իսկ «հանելուկ» բառը բարբառային ի՞նչ ձեւեր կրնար առնել, մտածեցի եւ կատարեցի մտաւոր ճանապարհորդութիւն մը, յիշելով, թէ «հան-հանել» բառը Վանայ Ջուղայի եւ Սալմաստի մէջ «խանել» է, Ակնայ մէջ «հէնէլ», իսկ Համշէնի մէջ «հօնուշ»։ Ուստի, երբ Վան, Ջուղա եւ Սալմաստ հասայ երեխաները ինծի «խանելուկ» մը հարցուցին, Ակնայ մէջ լսեցի հազար ու մէկ տեսակ «հէնէլուկ», իսկ երբ Համշէն եկայ «հօնուշուկ» մը փորձեց իմ մտաւոր հասունութիւնս։ Այժմ ո՞ւր են այդ բառերը։ Ահա քեզի անլուծելի հանելուկ մը։
Պղնձէ քաղաքը ինծի տուր
Անտէր են կարնեցւոց եւ վանեցւոց հանելուկները… Անոնք ո՛չ հարցնող ունին, ո՛չ ալ պատասխանող։ Բայց, յարգելի ընթերցող, մենք ըլլանք բարեխիղճ, եւ Գարեգին Սրուանձտեանցի հաւաքածներէն քանի մը հատը իրարու հարցնենք, որպէսզի մխիթարուին անոնց սիրտերը։ «Այն ի՞նչ է- Սիվտակ արտ մ՚ունիմ, / Ձեռնովս կը ցանեմ, բերնովս կը քաղեմ»։ Չէ՞ք գիտեր լուծումը. «Պղնձէ քաղաք ինծի տուէք, որ ըսեմ»։ Ահա այսպէս կը շարունակէր զրոյցը մինչեւ որ լուծէին հանելուկը։ Վանեցիի եւ կարնեցիի համար ԱԾԵԼԻ էր «Սարէն կու գայ սլվլալէն, / Ոսկի բեխեր պլպլալէն», ԲԵՐԱՆՆ ԵՒ ԱԿՌԱՆԵՐՆ էին «Մարագ մ՚ունիմ Աստուծոյ շինածն է, / Մէջը լեցուն մարմար սիւներ տնկած է», իսկ ԱՉՔ էր «Սեւ սըլայ, սիվտակ սըլայ, / Խաթունն ինէ կը ճլվլայ»։ Կը փափաքիք աւելի՞ն կարդալ։ Ձեզի կը յանձնարարեմ սիրելի բանահաւաք եպիսկոպոսին «Մանանայ» գիրքը կարդալ։
Հեշտաբոյր հանելուկը
Հայկական գրականութեան յոյժ գեղեցիկ, գրաւիչ եւ աչքառու հանելուկն էր Արմենիսան։ հմայիչ կին մը իրական։ Շնորհալի եւ հրապուրիչ էր Արմենիսան։ Այդ գեղեցկուհին ունէր իր երկրպագուները՝ պաշտող այրերու բազմութիւն մը։ Այդ կինը, իր շարժուածքով, նայուածքով եւ խօսուածքով, ըստ Գրիգոր Զոհրապի, «դժուարին հանելուկ» մըն էր։ Ան ունէր թաքուն եւ գաղտնի սիրտ մը։ Իսկ, դո՚ւն, կտրիճ երիտասարդ ընթերցող, եթէ յանկարծ փափաքեցար անոր տիրանալ, դժուար չէ, պարոն Զոհրապը «Կեանքը ինչպէս որ է» գիրքի մէջ ցոյց տուաւ անոր բանալին։ Բացատրեմ. Արմենիսա կոչուած հանելուկը լուծողին խոստացուած է այդ «հեշտաբոյր ու գեղանի» պարգեւը։
Գրական հանելուկներ
Եղիա Տէմիրճիպաշեանը Պէշիկթաշ բնակած օրերուն, 24 Մայիս 1878, թուականն էր, նամակ մը գրեց Հասգիւղ բնակող իր սիրեցեալ բարեկամ Մինաս Չերազին։ Այդ նամակի մէջ Եղիան կը խոստովանէր, թէ երկուքը կը պատկանէին տարբեր ժամանակներու. «Դու՝ մեծութեան դարերու զաւակ, ես՝ անկման, այլ ճգնաժամի դարերու զաւակ. դու Պլուտարքի մարդ, ես՝ un enfant du Sicle»։ Այդ տարբերութիւնը պատճառ եղաւ, որ իրենց բարեկանութիւնը կոչուի՝ հանելուկ. «Նախնի ժամանակաց արժանի մեր անքակտելի բարեկամութիւնն հանելուկ մը պէտք է թուի աշխարհի առջեւ»։ Իսկ 1941 թուականին երգիծագիր Նշան Պէշիկթաշլեանը, որ հայու բոլոր տեսակներուն ծանօթ էր, «Հայ աղբրտիք» գիրքի մէջ մեզի բացատրեց, թէ հա՚յն էր իսկական հանելուկը. «Դժուար է, սակայն, զինքը ճանչնալ իր ներսէն։ Առաջին քննութեամբ կ’ըսես՝ թիւ է ան։ Կը կարդաս իր թուանշանները ու կը տեսնես, որ տակէն կ’ելլեն բառեր։ Կ’ըսես՝ խօսք է ան։ Կ’ընթեռնուս խօսքերը ու կը գտնես, որ ոտանաւոր է։ Կը նկատես, սակայն, որ բնաւ չափ չունի ու կ’եզրակացնես՝ հանելուկ է ան»։
Պարոյր Սեւակը ուղտ չէ
Պարոյր Սեւակը, առեղծուածային մարդ, որպէս գրական ժառանգ մեզի ձգեց Արզնի քաղաքի մէջ 1967 թուականին գրի առնուած երկու բանաստեղծութիւն. «Հանելուկ առաջին» եւ «Հանելուկ երկրորդ»։ Առաջինի մէջ կար պարզ հարցում. «Այդ ի՞նչն է, / Որ երբ հասաւ՝ / Փախցնում է մեր քունն աչքից»։ Սեղանակիցները փորձեցին. Ծերութի՞ւն։ Ո՚չ։ Գերութի՞ւն։ Ո՚չ։ Մայրութի՞ւն։ Ո՚չ։ Ապա, աղջիկ մը եկաւ, լուռ, ուշիմ, երազկոտ, եւ իր միտքի մէջ լուծեց հանելուկը. «Աղջիկը արբունքահաս՝ / Վառուած ձեռով / Հարդարելով իր վարսերը՝ / Ոչի՚նչ չասաց. / Բայց մտածեց. / -Պա՞րզ չէ, սէ՜րը…»։ Մէկ այլ օր Պարոյրին հարցուցին. «Հանելուկ երկրորդ / Այդ ո՞ր կենդանին է, որ չգիտի լողալ, / Իսկ թէ փորձեց՝ / Սուզւում-խեղդւում է»։ Շատեր չարչարուեցան։ Ի զուր։ Մտածեցին։ Ի զուր։ Մէկը միւսին նայեցաւ։ Ի զուր։ «Ո՚ւղտ» պատասխանեց մէկը։ Սեւակը համաձայն չէր. «Իսկ ես գոռացի. / -Ո՜չ, / Այդ կենդանին... ե՚ս եմ, / Որ չգիտեմ կեանքի սահանքներում լողալ, / Հետն էլ նաեւ... սողալ...»։
Հանելուկներու գիրք ունի՞ք
Դուք, յարգելի ընթերցող, այժմ որոշած էք ձեր բանաւոր կարողութիւնները չափել, փորձել եւ ցուցադրել, այդպէս չէ՞։ Ձեզի պէտք են հանելուկներու ստուար հատորներ։ Կ’ուզէ՞ք որ քանի մը առաջարկ տամ։ Առաջինը «Հանելուկ» գիրքն է, Ներսես Շնորհալիի ժողովածուն, 1724, Պոլիս։ Իսկ, եթէ գրախանութը չունի այդ առաջին ընտիր տպագրութիւնը, ապա ընդունեցէք նորատիպ կրկնօրինակը։ Ահա քանի մը զուարճալի գիրք եւս. «Վանայ սազ ։ Հաւաքածոյք Վասպուրականի ժողովրդական… հանելուկների (Տեղական բարբառով)», Թիֆլիս, 1885, «Մարգարիտներ մանկապարտէզի-ծաղկոցի տղոց ։ Կ’ուսուցանէ կարդալ, գրել, գծել, երգեր, խաղեր, առակներ, հանելուկներ», Կ. Պոլիս, 1900, «Երգեր, առակներ, հանելուկներ, թերահաւատութիւններ... Խոտրջոյ», Տփխիս, 1903, «Զիս կարդացէք ունիմ աղուոր խօսքեր հանելուկներ», Իզմիր, 1911, «Զուարճաբանի պայուսակը / ։ Զուարճալի, սրամիտ, խելացի խաղեր, հանելուկներ», Երեւան, 1964։ Եթէ կ’ուզէք հայկական հանելուկներու աշխարհի մէջ աւելի խորանալ՝ անհրաժեշտ է «Հայ միջնադարեան հանելուկներ ։ V-XVIII դդ» աշխատասիրութիւնը, Երեւան, 1980։ Եթէ կը փափաքիք Արցախ աշխարհի բանահիւսութեան ծանօթանալ, ապա ընթերցէք «Արցախեան հանելուկներ» ժողովածուն, Ստեփանակերտ, 2002, Կիւմրի քաղաքի համար՝ «Ծագումով գիւմրեցի ենք», 2011։ Տպագրման վայրը։ Անյայտ։ Իսկական հանելուկ գիրք մը։ Կ’արժէ նաեւ յիշել պոլսահայ ժամանակակից գրագիտուհի Վէրճիհան Զիֆլիօղլուի «Հանելուկ» գիրքը, 2007, Պոլիս, որ բանաստեղծութիւններու հատոր մըն է։
Հանելուկ ես
Կարծեմ լուծեցինք հայկական աշխարհի բոլոր հանելուկները եւ ապացուցեցինք մեր մտաւոր կարողութիւնները։ Այժմ, երգ մը լսենք որպէսզի մեր միտքը քիչ մը հանդարտի։ Որպէս հրաժեշտ կ’առաջարկեմ, որ լսենք Մկրտիչ Արզումանեանի եւ Իւետա Մուկուչեանի կատարած զուգերգը՝ «Դու հանելուկ ես».
Լոյս տուր՝ արթնանամ,
Մութ գիշերը անցել է։
Յոյս տուր՝ հաւատամ,
Ցուրտ քամին վերացել է։
Ես աչքերս փակել,
Թեւերս բացել,
Երկինք եմ հասել…
Դու հանելուկ ես
Ու քեզ չի լինի գուշակել,
Դու հանելուկ ես
Ու քեզ բախտն է ինձ ուղարկել։
Քո սէրը հանելուկ է
Ու քեզ չի լինի գուշակել,
Քո սէրը հանելուկ է
Ու քեզ բախտն է ինձ ուղարկել։




