Շատ անգամ դէպքերը կ՚ընկալենք արեւմտեան քարոզչամեքենայի երկարատեւ թելադրանքներէն ազդուած կերպով։ Օրինակի համար ժողովրդավարութիւն, կամ խօսքի ազատութիւն ընկալումները ընդհանրապէս կը վերագրենք արեւմտեան քաղաքակրթութեան։ Սակայն երբեմն անսպասելի պահուն կը յայտնուի տեսանիւթ մը, կամ լուսանկար մը, որ կասկածի տակ կը դնէ այդ ընկալման իրաւացիութիւնը։
Այդպէս պատահեցաւ, երբ սոցցանցերու վրայ հանդիպեցանք ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կնոջ մը հետ մատնուած սուր բանավէճի տեսանիւթին։
Աւելի ետք պարզուեցաւ թէ կինը քոյրն էր 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին անյայտ կորած հայ սպայի մը։ Ան իր եղբօր ճակատագրէն պատասխանատու կը համարէր վարչապետը եւ մեծ բարկութեամբ կը գոռար անոր երեսին։
Վարչապետն ալ իր կարգին նոյն զայրոյթով կը փոխադարձէր կնոջ, այդ մեղքը վերագրելով Ռոպերտ Քոչարեանին եւ այլոց։
Զրոյցի բովանդակութենէն անկախ, այդ պատկերը կ՚ապացուցէր Հայաստան երկրի մէջ խօսքի ազատութեան սահմանը։
Սոյն տեսանիւթը դիտելով յիշողութեանս մէջ վերակենդանացաւ լուսանկար մը։ Այդ լուսանկարին Խորհրդային Միութեան Կոմկուսի Ա. Քարտուղար, այլ իմաստով՝ Սովետական Միութեան Նախագահը Միխայիլ Կորպաչով ինքնաշարժի մը առջեւ դէմ առ դէմ իրարու հանդէպ մատ կը շարժէին հայ քաղաքացիի մը հետ։ Սպիտակի երկրաշարժի յաջորդող օրերն էին եւ Կորպաչով արտերկիր կատարած պաշտօնական այցելութիւնը կիսատ թողելով փութացած էր Հայաստան երկրաշարժի աղէտի պատճառած արտակարգ վիճակը համադրելու համար։
Նոյն օրերուն արդէն բռնկած էր Արցախի ազատագրման շարժումը, արցախահայութեան իր ապագան ճշդելու իրաւունքի պահանջով։
Նկարին մէջ ցոլացողն ալ, այդ նիւթի քննարկումն էր երկրի նախագահի եւ հասարակ քաղաքացիի միջեւ։
18 Մայիսի քարոզարշաւէն ցոլացող տեսանիւթը ակամայ պատճառ դարձած էր այս վերյիշումին։ Եւ ինքնաբերաբար ծագած էր հարցում մը՝ Արդեօք նման պատկեր մը իրողութիւն կրնար ըլլալ, բոլոր այլ երկիրներու հաշւոյն, ուր իշխանական վերնախաւը շրջապատուած է պահակազօրքով եւ նոյնիսկ կարելի չէ մօտենալ մէկ կողմ թողենք նախագահը, նոյնիսկ ոեւէ նախարարի կամ այլ պետական բարձրաստիճան պաշտօնեայի։
Անշուշտ այսօր գոյութիւն չունի Խորհրդային Միութիւնը եւ յատուկ քաջութիւն կը պահանջէ, այդ միութեան առկայութեան տարիներուն խօսքի ազատութեան կամ ժողովրդավարութեան մասին ոեւէ մեկնաբանութիւն։ Մարդիկ պարզապէս կը ծիծաղեն, եթէ նման կարծիք յայտնուի։ Բայց ահա մենք մեր աչքով տեսանք այդ նկարը, դիտեցինք այդ տեսանիւթը, որ ապացոյցն էր ժողովրդավարութիւն կոչուածին միսով, ոսկորով յայտնութեան։
Ուրեմն մենք ալ հրաժարինք Սովետի կամ առհասարակ արեւելեան աշխարհի ժողովրդավարութիւնը փառաբանելէ, բայց գոնէ իրաւունքը ունենանք նման հարցադրումն ալ օրակարգի բերելու։ Մանաւանդ երբ իբրեւ թէ հասարակութեան անվտանգութեան պատրուակով կը ոտնակոխուին խօսքի ազատութիւնը, արտայայտուելու միջոցները եւ հսկողութեան ծանր քօղ մը կ՚իջնէ ամբողջ ժողովուրդի մը վրայ։


