Ֆրանսա այն երկիրն է, որ համաշխարհային մարդկութեան մատուցեց հասարակական դիմադրութեան յաղթանակով պսակուելու հզօրագոյն օրինակը։ 1789-ին քաղքենիական մեծ յեղափոխութիւնը իշխանափոխութեան աննախադէպ օրինակ մը ըլլալով նշուեցաւ պատմութեան հաստափոր գիրքին մէջ։
Ֆրանսական մեծ յեղափոխութեան բոլոր հանգրուանները առանձին ուսումնասիրութեան նիւթ դարձած են ընկերային գիտութիւններու տարբեր ոլորտներու մէջ։ Այդ օրինակէն ծագած է «Յեղափոխութիւնը իր զաւակները կուտէ» ասացուածքը։ Արդարեւ յեղափոխութիւնը, որ առաջին հերթին ուղղուած էր ազնուականներու դասին, արքայական տոհմը գլխատելէ ետք հաշուի նստաւ իր դաշնակիցներուն հետ ալ։ Յեղափոխութիւններու այս յատկութիւնը տեսանելի է մինչեւ մեր օրերը։ 1979-ին Իրանի մէջ մոլաներու վարչակարգն ալ իշխանութիւնը ստանձնելէ ետք բազմամարդ խմբակներ կախաղան բարձրացուց քաղաքի հրապարակներուն վրայ։ Մինչդեռ այդ նոյն մարդիկ սատարած էին մոլաներուն, պարսից շահի անարդար իշխանութիւնը կործանելու գործին մէջ։
Հոգ չէ թէ իշխանափոխութեան չէ հասած, 1968-ի ուսանողական ցոյցերն ալ Փարիզի փողոցներէն փոխադրուեցան աշխարհի հինգ ցամաքամասերու զանազան երկիրներ, բազմաթիւ քաղաքներ։
Այսօր Ֆրանսա եթէ ոչ իշխանափոխութեան տենչով, բայց դժգոհութեան նոր ալիքով մը անգամ մը եւս օրինակ դառնալու ներուժը ունի։ Ինչպէս կը հետեւինք օր օրի, բողոքի ցոյցը մեկնարկեց աշակերտներու դժգոհութեան պատճառաւ։ Անոնք կը դժգոհէին մանաւանդ պետական վարժարաններէ ներս տիրող անփութութեան դէմ։ Չէ որ դրամապաշտ համակարգը պետական գանձէն դպրոցներու բարգաւաճման համար յատկացուցած գումարը կը կրճատէ տարուէ տարի։ Այդ կրճատումի հետեւանքով կը նահանջէ ուսման մակարդակը։ Բազմաթիւ դասապահէր կ՚անցնին ոսւուցիչի բացակայութեամբ։
Աշակերտներու այս արդար պահանջը արձագանգ գտաւ նաեւ երկրի անիրաւուած, անտեսուած բոլոր հատուածներու մօտ։ Երիտասարդական ցոյցներու մասնակցեցան նաեւ բանուորները, երկրագործները, թոշակառուները եւ վերջապէս դեղին բաճկոնաւորները։
Ոստիկանութիւնը իր գործադրած կանխամիջոցներով հետզհետէ քննադատութիւններու թիրախը դարձաւ։ Քանի աճեցան ոստիկանական միջամտութեան հետեւանքով վնասուած քաղաքացիներու թիւը, նոյնքան սրուեցաւ ոստիկաններու հանդէպ թշնամանքը։ Նաեւ պարտինք նշել թէ երկրի ներքին գորոց նախարարի յայտարարութեամբ վնասուած ոստիկաններու թիւն ալ գերազանցած է 1000-ը։
Ցուցարարներ խիստ մտահոգ են նաեւ իրենց մէջ թափանցած գրգռիչ պետական գործիչներէ, որոնք գլխաւոր դերակատարը կը դառնան խանութներու թալանումին կամ հասարակապատկան շէնքերու հրկիզման դէպքերրուն։
Դիտորդներ անմիջական կապ կը տեսնեն Սերպիոյ եւ Պրազիլի ընտրութիւններուն եւ Ֆրանսական ապստամբութեան միջեւ։
Ի զուր չէ որ ԱՄՆ նախագահը ֆրասական ապստամբութեան դէմ աւելի մտահոգ է, քան ինքնին Էմանուէլ Մաքրոն։


