Ընկերային փակ ցանցի մը վրայ մեր վաղեմի ընկերներէն մէկը կը նկարագրէր Հայաստանի 7 Յունիսի ընտրութիւններու արդիւնքները։ «Թուրքերը շահեցան, Ատրպէյճանցիները շահեցան, Հայաստանը կորսնցուց»։ Այս ըսելէ ետք կը շարունակէր իր ենթադրութիւնը, հաւատալով թէ մօտ ապագային միլիոնաւոր ազերիներ ու թուրքեր կը լեցնեն մայրաքաղաք Երեւանի հրապարակները, ծածանելով իրենց երկրի դրօշակները։
Նախքան այս գրառումին ան զգուշացուցած էր հակաճառութիւնները կանխելու համար, ըսելով որ չուզէր բանավէճներու մտնել։
Խուսափեցայ նոյն միջավայրին մէջ իրեն պատասխանելէ։ Ես ալ իմ կարգին բնաւ նպատակ չունէի խնդիրը այսքան կոպիտ մեկնաբանող մտքի մը հետ բանավէճի մտնելու։ Իսկ ուրիշ ընկերներ անտեսեցին իր այդ կանխազգուշացումը եւ պարզեցին իրենց կարծիքները, որ ընդհանրապէս պիտի հակասէր իր խօսքերուն։
Ճիշդ է որ Հայաստանի վերջին ընտրութիւնները յստակ ապացոյցը եղան հայրենի երկրի ժողովուրդի ընդհանուր համոզումներուն։
Ուրեմն եթէ նկատի ունենանք ընդդիմադիր շարքերու քարոզարշաւներու պոռոտախօսութիւնը, պիտի ընդունինք, որ Հայաստանի ժողովուրդը ընտրեց թուրքը, եկեղեցին կործանել ուզողը, դաւաճանը։
Ափսոս որ անկախութենէն այս կողմ Հայաստան երկրի մէջ բացակայողը քաղաքական միտքն է, այդ միտքի որոշ մակարդակով արտայայտութեան չգոյութիւնը։ Աշխարհ դէպի ո՞ւր կ՚երթայ, ինչպիսի՞ մարտահրաւէրներ կը յայտնուին համաշխարհային մարդկութեան դիմաց եւ մասնաւորապէս տարածքաշրջանի հաշւոյն։
Ինչպիսի խաբկանք մըն է երկրի սահմանները անթափանց պահելով հայրենիքի անաղարտութիւնը ապահովել ուզող սփիւռքահայու հոգեբանութիւնը։
Թրամփի նման հրէշի մը նպաստ քուէարկելով ոչ միայն հայութեան, այլ համաշխարհային մարդկութեան հանդէպ սխալ դիրք բռնած ամերիկահայը հիմա պիտի աղաղակէ ըսելով թէ Հայաստանի սահմանները բանալով թուրքերը պիտի խուժեն մեր սրբազան երկիրը։
Եկէք այս պահուն մեր ձեռքի քարտերը բաց պահելով շարունակենք խօսքը։ «Ակօս» իր հիմնադիրէն սկսեալ միշտ կողմ եղաւ հարեւան երկիրներու փոխադարձ յարաբերութեան։ Պաշտպանեց երկխօսութիւնը, թշնամութիւնը վերացնելը եւ ժողովուրդներու բարեկամութիւնը։ Այդ բոլորը որդեգրուած սկզբունքներ են այս խմբագրատան մէջ աշխատող իւրաքանչիւրիս համար։ Մենք զերծ պիտի մնանք ատելութեան խօսոյթէն, թշնամութիւն հրահրելէն եւ պիտի պայքարինք հայ ժողովուրդի արժանապատւութեան, բարգաւաճման եւ խաղաղութեան համար։
Եթէ այս բոլորի բերմամբ մեզ թուրք պիտի կոչեն, սիրով կը տանինք այդ կոչումը առանց տարբերելու աշխարհի վրայ որեւէ ժողովուրդէ։ Բնաւ կարիքը չունիք մեր հայութիւնը փաստելու հայհոյանքի եղանակով խօսող ցանկացած սրիկայի դէմ։




